Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշ, որ այցելութեամբ կը գտնուի Ազրպէյճան, յայտարարած է, որ արցախեան պատերազմի ժամանակ իրենք ամբողջ ուժով աջակցած են Ազրպէյճանին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
«Ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ մենք ամբողջ ուժով աջակցած ենք Ազրպէյճանին», ըսած է Քուրթուլմուշ:
Թուրք պաշտօնատարը ընդգծած է նաեւ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ Ազրպէյճանի իշխող Նոր Ազրպէյճան կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները եւս զարգացած են:
«Յոյսով եմ, որ այցելութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ երկու պետութիւններու եւ երկու կողմերու յարաբերութիւններուն տեսանկիւնէն: Վստահ եմ, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միացեալ ջանքերուն շնորհիւ այս շրջանին մէջ կայունութիւն եւ զարգացում պիտի ապահովուի», ըսած է Քուրթուլմուշ: