Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքեշեւիչ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստի ընթացքին իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:
Դիմելով Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիւ Ռաուին (Լեհաստանը 2022-ին պիտի նախագահէ ԵԱՀԿ-ի մէջ)` Ռուսիոյ ներկայացուցիչը ըսած է. «Հաշուի առնելով Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակը` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի հետագայ լուծման հարցին մէջ աջակցութիւնը պահանջարկ ունի: Հիմնականը շրջանին մէջ կացութեան կարգաւորումն է, սուր մարդասիրական խնդիրներու լուծումը եւ շրջանի կայուն քաղաքական եւ տնտեսական ապագայ կերտելու նախադրեալներու ստեղծումը: Եւ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 եւ 2021 թուականներու եռակողմ յայտարարութիւնները ցոյց տուած են այս ուղին»: