Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել ըսած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պետական սահմանի սահմանազատման հարցին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ջանքեր գործադրելու տարբեր ուղղութիւններով յառաջընթացի հասնելու համար: Օրինակ` (Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ) սահմանի սահմանազատման հարցին մէջ: Մենք պատրաստ ենք այդ հարցով եւրոպացի փորձագէտներ ուղարկելու, եւ եթէ անհրաժեշտութիւն ու ցանկութիւն ըլլայ, ապա Եւրոպան պատրաստ է նաեւ հսկողութիւն կատարելու», ըսած է Միշել` Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ նաեւ սահմանային վէճի հարցը քննարկելու անհրաժեշտութիւն կայ:
Միշել աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը յոյսով է, որ շուտով Ղարաբաղի մէջ ականապատ տարածքներու քարտէսներու եւ պահուող անձերու խնդիրը պիտի լուծուի:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը մէկ օր առաջ յոյս յայտնած էր, որ Հայաստանի սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը կարելի կ՛ըլլայ լուծել բանակցութիւններու միջոցով: