Մեր հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչը, յիշատակը օրհնեալ ըլլայ, Պրն. Յակոբ Թութիկեանն էր, Պէյրութի հայ աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ Մեր պատանի սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ եթէ մէկ կողմէ կը սերմանէր սէր հայ լեզուի եւ գրականութեան ու հայուն պատմութեան հանդէպ, բայց նոյնքան կը պատրաստէր մեզ կեանքի մէջ արժէքներու կառչելու իրականութեան։ Մեր պատանի տարիներուն Պրն. Թութիկեանին ըսածները խօսք էին սոսկ։ Այսօր կրնանք տեսնել եւ հասկնալ, թէ անոնք կեանք են եղեր։
Կեանքը շնչելու թէ ապրելու իրականութիւններուն մէջէն է, որ կը գտնես եւ կը ստեղծես արժէքը։ Եթէ ապրինք միայն շնչելով, երբեւիցէ կարելի չէ որ ստեղծենք եւ ապրինք արժէքի կեանքը։ Կեանքը միայն ապրելով է, որ կը ստեղծուի արժէքը։ Իսկ ապրիլը կը պահանջէ աշխատանք, զոհողութիւն, տեսլական, նուիրում եւ ջանք։ Եւ պէտք է կառչիլ Աստուածաշունչի իրականութեան, երբ կը յորդորէ մեզ. «Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի ըլլաք» (Հռովմայեցիս 12:11)։
Ամեակները կը կերտուին ապրելով։ Ապրելով կեանքի տեսլականը՝ իր ազգային եւ քրիստոնէական ինքնութիւններով եւ մշակոյթով, եւ զանոնք կերտելու համար պարտինք տածել նուիրում, զոհողութիւն եւ ջանք։ Ամեակը եւ անոր արժէքին բովանդակութիւնը այս բոլորին միացուլումովն է որ կը ստեղծուին։
«Արարատ» օրաթերթը կը յիշատակէ իր հիմնադրութեան 85 ամեակը։ 85 երկար տարիներ, ուր «Արարատ» օրաթերթը չի շնչեց միայն։ Ան ապրեցաւ հայուն կեանքը։ Ապրեցաւ կերտելով հայուն այս կեանքի արժէքը։ Ան հայուն հայապահպանումի եւ հայակերտումի կեանքը կերտելու մէջ իր կարեւոր մասնակցութիւնը ունեցաւ։ Հայը ցեղասպանութենէն ետք չի շնչեց միայն։ Հայը կառչեցաւ իր արժէքի կեանքը ապրելու տեսլականին սփիւռքի ամբողջ տարածքին երբ եկեղեցի եւ դպրոցի կողքին հիմնեց մամուլ։
«Արարատ» օրաթերթը կը պատկանի այս հայուն կեանքը ապրողներուն եւ կերտողներուն փաղանգին մէկ կարեւոր միաւորներէն մին, որոնք ապրեցան զոհողութեամբ, տեսլականով, նուիրումով, եւ ջանքի մէջ դասալիք չեղան, որպէսզի հայուն կեանքը կերտեն։ «Արարատ» օրաթերթը մնաց եւ կը շարունակէ մնալ առաջնորդի դիրքի վրայ իր առաքելութեան մէջ։
Սփիւռքահայ կեանքի ներկայ պայմանները ունին շատ մարտահրաւէրներ։ Իսկ լիբանանահայ կեանքը դարձած է շատ դժուար։ Այս մարտահրաւէրներով եւ դժուարութիւններով լեցուն կեանքին մէջ. «Արարատ» օրաթերթը կը նաւարկէ ամէնայն նուիրուածութեամբ, եւ հասած է այսօր մինչեւ 85 տարիքը։ Այս յաջողութեան համար ան արժանի է մեծ գնահատանքի եւ երախտագիտական խօսքի։
Գնահատանքի եւ երախտագիտական խօսք «Արարատ»-ի բոլոր նուիրեալներուն, նախկին խմբագիրներուն, խմբագրական կազմի անդամներուն եւ ներկայի անձնակազմին։ Կուսակցական, միութենական եւ շրջանակին մէջ գործող իւրաքանչիւր միաւորը, որ ամուր պահեցին եւ կը շարունակեն պահել հայ թերթի կարեւորութեան գիտակցութիւնը։
Մեր մաղթանքն է, որ «Արարատ» օրաթերթ շարունակէ ապրիլ կերտելով նոր ամեակներ։ Ամեակներ, հայուն արժէքի կեանքը ապրելով եւ ապրեցնելով։ Որովհետեւ ամեակին արժեւորումը նոյնինքն այս հայուն արժէքի կեանքը ապրելու եւ մանաւանդ զայն պահելու գրաւականին մէջ է։ «Արարատ» օրաթերթը այս մարտահրաւէրին մէջ է եւ պէտք է շարունակէ մնալ։
Շնորհաւոր 85 ամեակ «Արարատ» օրաթերթին եւ նոր ամեակներ կերտելու լաւագոյն մաղթանքներով։
Երախտագիտական զգացումներով՝
Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ընդհանուր քարտուղար
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն