Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը ունի պատմութիւն։ Եթէ պատմութիւնը հայ կրթական կեանքի մէջ բերած մեծ նպաստն է, բայց նոյնքան նաեւ կրցած է դաստիարակել պոլսահայ սերունդներ, որոնք սատարած են հայուն մշակութային-գրական եւ ազգային կեանքին եւ բերած մեծ նպաստ։ Պատանեկան իմ տարիներուն երբ կը սորվեցնէին հայ գրականութեան մեր մեծ դէմքերու ստեղծագործութիւնները, հոն նաեւ կը տեսնէինք որ անոնց կարեւոր հատուածը անցած է Կեդրոնական վարժարանէն։ Եւ իւրաքանչիւր իմ Պոլիս այցելութեանը՝ կ՚ապրիմ այս պատմութիւնը երբ կ՚այցելեմ Կեդրոնական վարժարանը։ Կ՚ապրիմ իմ՝ հայուն գրական-ազգային կեանքը կերտած մեր հեղինակները եւ մտաւորականները որոնց նկարները հոն դպրոցի սրահին մէջ զետեղուած են բայց նաեւ անոնց հոգիները, որ տակաւին կը տրոփէն։ Եւ անպայմանօրէն կը զգաս այդ տրոփը…։
Վերջերս առիթը ունեցայ դարձեալ այցելել Կեդրոնական վարժարանը։ Հանդիպեցայ ժրաջան տնօրէնուհի տիկ. Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեանի եւ նաեւ նուիրեալ ուսուցչական կազմին հետ։ Տեսայ անոնց անսակարկ նուիրումը եւ ներկայ օրերու դժուար պայմաններուն մէջէն պահել հայ դպրոցը եւ նոր սերունդին ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն։ Առիթը ունեցայ նաեւ զրոյց ունենալ դպրոցի բարձր կարգի աշակերտներուն հետ։ Խօսեցանք հայուն պատմութեանը, գրականութեանը եւ մշակութային արժէքները, բայց նոյնքան նաեւ հայուն ազգային հպարտութեան կարեւորութեանը վրայով։
Կեդրոնական վարժարանի առաքելութիւնը, Պոլիս, մէկ լաւ ցուցանիշ է թէ հայուն կեանքը կը շարունակուի։ Եւ թէ անոր առաքելութիւնը անխախտ է։ Եւ այս անխախտ առաքելութիւնն է որ ապրեցայ Պոլիս եւ որուն համար կը շնորհաւորեմ Կեդրոնական վարժարանը իր անձնակազմով եւ աշակերտութեամբ։
Բարի երթ…։
Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ