Քրիստոսի աշխարհ գալը աննպատակ չէր։ Այդ ունէր յատուկ եւ յստակ առաքելութիւն մը։ Եւ Առաքելութի՞ւնը՝ մարդկութեան եւ աշխարհին ցոյց տալ «ճամբան»։ Ճամբան, որուն միջոցաւ մարդը պիտի հասնի «ճշմարտութեան» եւ անպայմանօրէն «կեանքին»։
Քրիստոսի աշխարհ գալը եւ անոր նպատակը յստակ կերպով ընդգծուած է Յովհաննու 3:16-ին մէջ. «Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը»։ Աստուծոյ սէրը անսահման է։ Անսահման սէրը մարդուն եւ աշխարհին։ Այս անսահման սէրը պատճառ էր որ Աստուած մարդանայ եւ աշխարհ գայ՝ «Իր միածին որդին ղրկեց»։ Աստուծոյ մարդանալը եւ աշխարհ գալը ունէր մէկ մեծ առաքելութիւն՝ մարդը գտնել, փրկել եւ առաջնորդել։ Այս այն առաջնորդութիւնն է որ մարդը կը տանի դէպի յաւիտենականութիւն՝ «Որպէսզի ամէն ով որ անոր հաւատայ չի կորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննու 3:16)։
Այս ճամբան մարդուն համար է, որպէսզի մարդը «չի կորսուի»։ Չի կորսուելու համար մարդը պէտք ունի այս «ճամբուն», որ զինք պիտի տանի ճշմարտութեամբ լեցուն կեանք մը ապրելու։ Քրիստոս, այս ճամբան մարդուն եւ աշխարհին շնորհելու համար է որ աշխարհ եկաւ։ Աշխարհ գալով իրականացուց այս ճամբան երբ ան խաչուեցաւ, մահացաւ եւ յարութիւն առաւ։ Յարութեամբ սկսած եւ կերտուած այս ճամբով է որ մարդը կրնայ հասնիլ ճշմարտութեան եւ կեանքին։
Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ ճամբան»։ Այս ճամբան Ինքն է՝ իր անձը։ Իր ճամբան է, որ իր անձով եւ իր արիւնով շինեց, երբ մահացաւ խաչին վրայ եւ զոհուեցաւ։ Քրիստոսի մահուամբ եւ իր կեանքին զոհողութեամբն է որ ստեղծուեցաւ ճշմարտութիւնը։ Այս ճշմարտութիւնը Ինքն է։ Իր ճշմարտութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ որ Ան Աստուած է, որ հաւատարիմ եւ ողորմող է։ Ինք զոհ դարձաւ, որպէսզի աշխարհ գիտնայ եւ ունենայ ճշմարութիւնը որ իր կեանքով կերտուեցաւ։ Քրիստոս մարդուն տուաւ այս ճշմարտութեան ճամբան որ Ինքն է եւ որպէսզի մարդը ապրի այս ճշմարտութեան մէջ, հաւատայ անոր եւ խօսի անոր մասին։ Այս ճշմարտութիւնն է որ արդարութիւն կը շնորհէ։
Քրիստոսի մահը եւ յարութիւնը մարդուն տուին կեանք։ Կեանքը որ Իրմով է։ Այս կեանքը ապրող կեանք է՝ հոս այս աշխարհի վրայ եւ որ կը շարունակուի ֆիզիքական կեանքէն անդին մինչեւ յաւիտենականութիւն։ Այն յաւիտենականութիւնը որ չի վերջանար։ Այս չի վերջացող կեանքն է որ Աստուած շնորհեց մարդուն իր զոհողութեամբ։ Զոհողութիւնը Իր կեանքի արիւնն է, որ թափեց մարդկութեան համար։
Եթէ մենք Յարութեան տօնը կը յիշենք եւ կը յիշատակենք, որովհետեւ այս Յարութիւնը մեզի՝ աշխարհին եւ համայն մարդկութեան, շնորհեց «ճամբայ» մը որ մեզ կը տանի ճշմարտութեան եւ կեանքին։ Եթէ այս ճամբան շնորհք է մեզի՝ ձրի տրուած, բայց անոր համար շատ սուղ գին մը վճարուած է։ Այդ գինը Քրիստոսի աշխարհ գալով եղաւ՝ անոր խաչին վրայ մահով եւ յարութեամբ։
Կայ ներկայ օրերու տիրական հարցումը. «Ո՞ւր կը կենայ աշխարհ այսօր։ Ո՞ւր կը կենայ հայը այսօր։ Այս ճամբուն մէ՞ջն են, թէ՞ կորսուած են ու կը փնտռեն այլ ճամբաներ»։
Իսկ անոնց փնտռա՞ծը։
Եթէ պահ մը նայինք աշխարհին եւ հայկական իրականութեան, դժուար պիտի չըլլայ տեսնել, թէ կորսուած վիճակ մը գոյութիւն կայ։ Աշխարհ ամէն կողմ կ՚ապրի տագնապ՝ պատերազմ, տնտեսական մտահոգութիւն, դժգոհութիւններ, անապահովութիւն, արհաւիրք ու տակաւին։ Հայկական իրավիճակն ալ այսօր տագնապի մէջ է։ Եթէ նայինք հայկական իրականութեան՝ Հայաստանէն մինչեւ սփիռք(ներ), հոն ալ կը տեսնենք թէ ինչպէս հայն ալ կորսնցուցած է իր ճամբան։ Հայկական կեանքերը այսօր կ՚ապրին մէկ կողմէ անորոշութիւն, պարակտում, բայց նոյնքան նաեւ մտահոգութիւն, յուսահատութիւն եւ յուսախաբութիւն։ Հայն ալ կորսնցուցած է իր հաւատքը եւ կը փորձէ ելքեր գտնել դուրս գալու համար իր այս վիճակէն։
Թովմաս առաքեալ՝ եթէ ունէր մէկ կողմէ շուարած վիճակ մը բայց նոյնքան նաեւ համեստ հոգի մը։ Ան չի վարանեցաւ Քրիստոսի ուղղելու իր մտահոգութիւնը երբ ըսաւ. «Ինչպէ՞ս կրնանք ճամբան գտնել» (Յովհաննու 14:5)։
Քրիստոս կրցաւ փարատել Թովմասի մտահոգութիւնը։ «Ես եմ ճամբան», Քրիստոս ըսաւ Թովմասին։ Աշխարհ կ՚ապրի թոհուբոհի մթնոլորտի մէջ եւ կորսուած վիճակ մը ունի, որովհետեւ կորսնցուցած է իր ուղղութիւնը։ Ու դարձեալ հրատապ հարցումը. «Կա՞յ արդիօք համեստութիւնը եւ կոտրուած հոգին, որ խոնարհաբար պիտի հարցնէր, թէ ինչպէ՞ս կրնար ճամբան գտնել»։
Քրիստոսի մահը եւ անոր Յարութիւնը պիտի տան մեզի պատասխանը։ Պատասխանին հետ ցոյց պիտի տան նաեւ ճամբան։ Այս ճամբան մեզի պիտի տանի դէպի ճշմարտութեան եւ կեանքի իրականութիւններուն մէջ ապրելու։ Այս այն ճշմարտութիւնն է, որ կը շինէ մեզ, մեր ընտանիքները, մեր հաւաքականութիւնները, մեր հայրենիքները՝ Հայաստան եւ Արցախ։
Այս ճշմարտութիւնն է, որ կ՚ապրեցնէ մեզ։ Կուտայ կեանքը, ուր կրնաս ապրիլ համերաշխութիւնը, մարդկային հաղորդակցութիւնը եւ նաեւ կիսել սէրը։ Սէրը Աստուծոյ, հայրենիքին, հայուն եւ մարդկութեան։ Այս կեանքն է, որ կը կերտէ նոր կեանքեր։
Աշխարհ այսօր պէտք ունի այս ճամբուն։ Հայը այսօր պէտք է (վերա)գտնէ իր կեանքի ուղղութիւնը։ Հայը պէտք է վերադառնայ այս ճամբուն, որուն հաւատաց եւ կառչեցաւ անոր իր պատմութեան վաղ ժամանակներէն սկսեալ եւ իր համակ կեանքը նուիրեց այս ճամբուն։ Հայը պէտք է վերագտնէ ու դարձեալ ապրի այս ճամբուն շնորհած կեանքին մէջ։
Յարութեան տօնը մեզ կը յիշեցնէ եւ կը խթանէ, թէ Քրիստոս Ինք է «ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։ Այս այն ճամբան է, որ Քրիստոս կերտեց իր մահուամբ եւ իր Յարութեամբ։
«Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի»։ Այս Յարութեան հոգիով։
(Վերա)գտնենք մեր ճամբան։
Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Նիկոսիա, ապրիլ 2023