Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովը կը ծրագրէ կառոյց ստեղծել ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի գործընկեր պետութիւններու, որոնք խորհրդակցական ձայնի իրաւունք պիտի ստանան: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին օրեր առաջ` 1 յուլիսին յայտարարած է Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Ոլոտին:
«Կ՛առաջարկուի քննարկել ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի համար գործընկերներու նոր կառոյց հիմնելու հարցը: Գործընկերները խորհրդակցական ձայնի իրաւունք պիտի ստանան, ինչպէս նաեւ իրաւունք պիտի ստանան մասնակցելու փաստաթուղթերու պատրաստութեան եւ հաւաքական որոշումներու մշակումին», ըսած է ան կազմակերպութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին:
Ըստ անոր, նոր կարգավիճակի ի յայտ գալը մեծ նշանակութիւն ունի Խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման հարցին մէջ:
«Առաւել եւս, որ շարք մը պետութիւններ ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի ծիրին մէջ համագործակցութեան հետաքրքրութիւն կը յայտնեն: Այս առումով դէտի եւ գործընկերոջ կարգավիճակներու շնորհումը ՀԱՊԿ-ի մէջ լրացուցիչ կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ` աշխուժացնելու միջխորհրդարանական փոխադարձ գործակցութիւնը երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, որոնք կը կիսեն աշխատանքի մեր սկզբունքները», ըսած է Տումայի նախագահը:
Այժմ ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ, անդամներէն բացի, կան միայն դէտ երկիրներ` ԱՖղանիստանն ու Սերպիան:
Նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Քալաշնիքով նշած է, որ նոր ձեւաչափին նկատմամբ հետաքրքրութիւն կը դրսեւորեն բազմաթիւ երկիրներ, սակայն նշած է անոնցմէ երկուքը` Ազրպէյճան եւ Փաքիստան:
«Իբրեւ կանոն, ընդունուած չէ խօսիլ այդ մասին: Օրինակ` նոյն Փաքիստանը շատոնց կ՛ուզէր ըլլալ թէ՛ դէտ, թէ՛ այժմ, թերեւս, իբրեւ գործընկեր», ըսած է ան: