Դէպի Լիբանան եւ Լիբանանէն դուրս պետական այցելութիւնները այս օրերուն կ՛ապրին աշխուժացում մը, որ անպայման օգտակար կամ արդիւնաւէտ կրնայ չըլլալ:
Այս շրջագիծին մէջ երէկ յետմիջօրէին Պէյրութ հասաւ Լիբանանի համար միջազգային օժանդակութիւններու համակարգող դեսպան Փիեռ Տիւքանը, որ մինչեւ երեքշաբթի, 13 յուլիս 2021, հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրին քաղաքական եւ տնտեսական հեղինակութիւններուն հետ:
Մինչ Տիւքան հասաւ Լիբանան, ամերիկեան դեսպանատունը յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի
Շիա եւ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ այսօր պիտի մեկնին Սէուտական Արաբիա` քննարկելու համար Լիբանանի կացութիւնը եւ ընդգծելու համար լիբանանցիներուն եւ բանակին օժանդակելու կարեւորութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այս հանդիպումը որոշուած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էնթընի Պլինքընի, Ժան Իվ լը Տըրիանի եւ Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտի միջեւ 29 յունիս 2021-ին, Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին լոյսին տակ:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Ռիատի մէջ պիտի քննարկուի Լիբանանի դիմագրաւած վտանգաւոր կացութիւնը եւ պիտի վերահաստատուի լիբանանցիներուն զօրակցելու եւ օժանդակելու յանձնառութիւնը:
Այս բոլորին կողքին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար եւ արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըրի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական սուր տագնապն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցը:
Աքըր Կութիերեսին ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին մանրամասնութիւններն ու ժողովուրդին տառապանքը` մաղթելով, որ ՄԱԿ օժանդակէ Լիբանանին` զայն դուրս բերելու համար իր դիմագրաւած դժուար կացութենէն:
Աքըր շնորհաւորեց Կութիերեսը` անոր վերընտրութեան առիթով, իր կարգին Կութիերես մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի կացութեան առումով եւ ընդգծեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ան պաշտպանէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: