Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ աֆղանական չորս պատուիրակութիւններ կը գտնուին Իրան` քննարկում, տեսակէտներու փոխանակում կատարելու եւ ներքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու համար:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Արեւմտեան Ասիոյ հարցերով բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ռասուլ Մուսաւի «Թուիթըր»-ի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Թեհրան միատեղ չորս աֆղանական պատուիրակութիւններ կը հիւրընկալէ, աֆղանական խորհրդարանին մէջ մշակոյթի հարցերով յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, Թալեպանէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, բարձրաստիճան քաղաքական պատուիրակութիւն մը եւ Իրանի մէջ աֆղան քաղաքացիներու հարցերու հետապնդման պատուիրակութիւն մը»:
Քաթարի մէջ Թալեպան շարժումի ներկայացուցիչը իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ շարժումէն Շիր Մոհամետ Ապպաս Ասթանիքզայի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը կ՛այցելէ Թեհրան` ընդառաջելով իրանեան իշխանութիւններուն պաշտօնական հրաւէրին:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ գումարուող ժողովին բացումը կատարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որ նշեց «Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու պարտութիւնը, եւ երկրին մէջ աւելի քան երկու տասնամեակ ներկայութիւնը, որ մեծ քանդումի պատճառ դարձաւ»` աւելցնելով. «Աֆղան ժողովուրդը եւ քաղաքական ղեկավարները իրենց երկրին համար դժուար որոշումներ որդեգրեցին»:
Ան յայտնեց, որ միջաֆղանական բանակցութիւններն ու քաղաքական լուծումներուն նկատմամբ յանձնառութիւնները Աֆղանիստանի մէջ ղեկավարներու եւ քաղաքական հոսանքներու կողմէ որդեգրուած լաւագոյն ընտրանքն են, եւ յայտարարեց, որ Իրան պատրաստ է օժանդակելու ներկայ եղող քաղաքական թեւերուն միջեւ երկխօսութեան օժանդակելու` լուծելու համար այդ երկրին մէջ շարունակուող տագնապները:
Զարիֆ նաեւ շեշտեց, որ Իրան յանձնառու է խաղաղութեան հաստատումէն ետք Աֆղանիստանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային համապարփակ զարգացման մասնակից դառնալու:
Նշենք, որ ապրիլին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութեան Պոլսոյ խորհրդաժողովը յետաձգուած է, որովհետեւ Թալեպան շարժումը կը մերժէ մասնակցիլ այդ խորհրդաժողովին: