Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը իրենց համար յաղթանակ չէ, այլ` պարտութիւն: «Մեզի համար շատ տխուր պիտի ըլլայ Հարիրիի հրաժարականը, որովհետեւ մենք ամէն ճիգ ի գործ դրինք` կառավարութեան կազմութիւնը յաջողցնելու համար, ինչպէս նաեւ պատրաստ ենք կարելի եղած քայլին դիմելու, որպէսզի օժանդակենք Հարիրին տարհամոզելու հրաժարական տալէ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութեան կազմութեան պարագային կարելի պիտի ըլլա՞յ Հարիրիի հետ համաձայնիլ, Պասիլ շեշտեց, որ անցեալին Հարիրիի հետ շարք մը նիւթերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ իրենք ոչ մէկ հարց ունին Հարիրիի հետ համաձայնելու առումով:
«Ես պատրաստ եմ խորհրդակցելու եւ զրուցելու բոլոր հարցերուն շուրջ եւ վստահ եմ, որ երկուքով պիտի գտնենք միացեալ գիծեր, որոնք կը ծառայեն բոլորին շահերուն», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինք եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը պնդե՞ն նշանակելու երկու քրիստոնեայ նախարարները` Պասիլ յայտնեց, որ նախագահ Աուն ոչ մէկ անգամ պահանջած է նախարարները նշանակել, «սակայն տրամաբանական է, որ ան հաւանութիւն յայտնէ այդ իմաստով, հետեւաբար նախարարները կը նշանակուին նախագահին ու վարչապետին համաձայնութեամբ: Այս իրականութեան իբրեւ արդիւնք ոչ մէկ քաղաքական ուժ կառավարութեան որոշումները սառեցնող մէկ երրորդի դրութիւն կ՛ունենայ, իսկ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու հարցը լուծուած է արդէն, հետեւաբար ինչո՞ւ ան պէտք է հրաժարի», հարց տուաւ Պասիլ: