Սերոբ Աղբիւրը կրտսերն է Ախլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղի Վարդանեան հարուստ եւ անուանի ընտանիքի չորս եղբայրներուն: Ծնած է 1864 թուականին, աւագ եղբայրը` Մախոն, գիւղի ռեսը «գիւղապետն» էր, յարգուած եւ ազդեցիկ մարդ: Այն ժամանակ Սոխորդի մէջ դպրոց չկար, Սերոբը իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը կ՛անցընէ ազատ բնութեան մէջ: Ամրակազմ էր, անվախ ու քաջ, սիրահար էր ձիու, զէնքի ու որսորդութեան, իսկ 20-21 տարեկանին կը սկսի հետաքրքրուիլ նաեւ ազգային շարժումներով` Պոլսէն վերադարձած եւ այնտեղի հայրենասիրական շարժումներով տպաւորուած հօրեղբօր` Առաքելի ազդեցութեամբ:
Օր մը Նեմրութի անտառներուն մէջ որսի ժամանակ Սերոբը կը հանդիպի երկու քիւրտերու, որոնք կ՛ուզեն խլել անոր ձին: Սերոբը կը սպաննէ անոնցմէ մէկը եւ ոստիկանական հետապնդումներէն խուսափելու համար, եղբօր օգնութեամբ, կ՛անցնի Պոլիս: Այնտեղէն ալ կը տեղափոխուի Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքը, ուր մեծ թիւով հայ պանդուխտներ կային:
Սուլինիոյ մէջ Սերոբը կը բանայ սրճարան մը, որ ժամադրավայրը կը դառնայ հայրենակարօտ պանդուխտներու համար: Հնչակեան-դաշնակցական սուր պայքարի տարիներն էին, Սերոբի սրճարանին մէջ ալ կուսակցական վէճերը անպակաս էին: Սերոբը ուշադրութեամբ կը հետեւէր բանավէճերուն, երբեմն ալ իր կարծիքը կ՛արտայայտէր` բնածին ուշադրութեամբ եւ սրամտութեամբ: Անոր համակրանքը հետզհետէ կը թեքէր դէպի Դաշնակցութիւն:
1894-ին Հրայր Դժոխքը Տարօնէն Կովկասի վրայով կու գայ Սուլինա, ուր կը շրջապատուի պանդուխտ հայրենակիցներով: Ան կը պատմէ Սասունի դէպքերու մասին եւ կը յորդորէ զէնք ձեռք բերել եւ զինուած վերադառնալ հայրենիք: Հրայրի խօսքերուն ազդեցութեամբ կը սկսի պանդուխտներու երկիր վերադարձի շարժումը:
1895-ի աշնանը 27 զինեալներով Կովկաս կը հասնի նաեւ Սերոբը եւ այնտեղէն, դաշնակցական մարտիկներու աջակցութեամբ, անվտանգ կը մտնեն Ախլաթ:
Ախլաթը Վանայ լիճի եւ Նեմրութի, Գրգուրի ու Ռահաւ անապատի միջեւ ինկած գրեթէ զուտ հայաբնակ 35 գիւղերէ բաղկացած, համեմատաբար բարեկեցիկ եւ քաջ բնակչութեամբ գաւառ մըն էր` շրջապատուած մոտկանցի, խութեցի, չուխուրդեցի ու խիզանցի քիւրտերով եւ մանազկերտցի ու բուլանըխցի չերքեզներով: 1895-ի կոտորածներու օրերուն անոնք կը փորձեն ասպատակել ու թալանել Ախլաթի հայ գիւղերը: Սերոբի խումբը ճիշդ ժամանակին կը հասնի, անոր ղեկավարութեամբ արագօրէն կը կազմակերպուի շրջանի ինքնապաշտպանութիւնը: Բոլոր գիւղերուն մէջ Սերոբի հայդուկներուն շուրջ կը համախմբուին տեղի երիտասարդութիւնը, իսկ ինքը` Սերոբը, քանի մը ընկերներով կը շրջի գիւղէ գիւղ` հսկելով հայ բնակչութեան ապահովութեան: Քիւրտերու ու չերքեզներու բոլոր ճիգերը` աւարի ու աւերի մատնելու Ախլաթի հայ գիւղերը, կ՛ըլլան ապարդիւն: Սերոբին շնորհիւ Ախլաթը չ՛ենթարկուիր աղէտի:
Այդ օրերուն ծայր կ՛առնէ Սերոբի հերոսական համբաւը: Ուսեալ մարդ չէր ան, հազիւ կարդալ-գրել գիտէր, բայց օժտուած էր պայծառ մտքով եւ հզօր կամքով, առնական եւ քաջ էր, տաղանդաւոր կազմակերպիչ ու ղեկավար: Ի բնէ կարծես աշխարհ եկած էր մարդիկ առաջնորդելու համար: Դաժանութեան աստիճան խիստ էր կարգապահական հարցերու մէջ: Ահարկու եւ անողոք էր մատնիչներու, վաշխառուներու, կեղեքիչ պաշտօնեաներու հանդէպ: Մարդաճանաչ էր եւ գիտէր լաւ ու հաւատարիմ գործակիցներ ընտրել: Անոր խումբին մէջ էին հռչակաւոր ֆետայիներ, ինչպէս` Ճարտարը, Պիթլիսցի Մուշեղը, Փալապեխ Կարապետը, Զուլումաթը, Առիւծ Աւագը, Առաքելը, Նադոն եւ ուրիշներ: Կարճ ժամանակով Սերոբին զինուոր եղած է նաեւ առասպելական Անդրանիկը:
Ախլաթը կոտորածի վտանգէն փրկելէ ետք Սերոբը կ՛անցնի կազմակերպչական աշխատանքի: Անոր ջանքերով կը ստեղուի Սալնոձորի կեդրոնական կոմիտէութիւնը, որուն կազմին մէջ կը մտնէին Ախլաթի, Կիվզելդերի եւ Բաղէշի շրջանները: Բոլոր գիւղերու մէջ կը կազմուին ինքնապաշտպանութեան մարտական խումբեր: Սերոբը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ շրջանի զինման հարցերուն, յաճախ բռնութեամբ կը ստիպէ ունեւոր գիւղացիներուն զէնք գնել: Բացի այդ, Կովկասէն ալ զէնք կը տանի մարտական խումբերը եւ ժողովուրդը զինելու համար, եւ Սերոբին հմուտ ղեկավարութեան տակ Ախլաթ-Բաղէշի մէջ կը ստեղծուի ուժեղ կազմակերպութիւն:
Թրքական կառավարութիւնը բնականաբար չէր կրնար հանդուրժել Սերոբի ներկայութեան Ախլաթի մէջ եւ նոյնիսկ կը փորձէ բռնել զայն: Սոխորդ գիւղը կ՛ենթարկէ խուզարկութիւններու եւ թալանի: Սերոբի գիւղապետ եղբայրը եւ կինը կը ձերբակալուին ու կը նետուին Մուշի բանտը, քարուքանդ կ՛ընեն Վարդանեաններուն տունը, բայց կառավարութիւնը իր նպատակին չի հասնիր:
Սերոբ կը պատսպարուէր լեռներու վրայ` ահ ու սարսափ տարածելով բռնակալ կառավարութեան, քիւրտ հարստահարողներուն եւ ամէն տեսակ մատնիչներուն ու դաւաճաններուն վրայ: Անոր ղեկավարութեամբ իրարու ետեւէ կը պատժուէին շարք մը մատնիչներ, ժողովուրդը կեղեքող ոստիկաններ ու պաշտօնեաներ:
Սերոբին հովանաւորութիւնը կը վայելէին ոչ միայն հայ, այլ նաեւ ոչ հայ աշխատաւոր գիւղացիները, որոնց մէջ եւս մեծ էր Սերոբի հռչակը: Անպատժելի չէին մնար նաեւ հայ գիւղերու վրայ յարձակում գործող քիւրտ աշիրեթները: Այսպէս, 1907-ին Թեղուտ գիւղը թալանելու եկած հասնանցի քիւրտերը կը հանդիպին Սերոբի բուռն դիմադրութեան եւ չարաչար պատժուելով` կը դիմեն փախուստի: Նման վախճան կ՛ունենան նաեւ այլ գիւղացիներու վրայ յարձակում գործած քիւրտ թալանողները:
1897-ի սկիզբները դժգոհութիւն կը յառաջանայ հայդուկներուն մէջ` այն պատճառով, որ հակառակ հայդուկային կանոններուն, Սերոբը իր կինը` Սօսին ալ իրեն հետ կը պահէր լեռներու վրայ, մինչ բոլոր հայդուկներուն ընտանիքները մնացած էին իրենց գիւղերը` վտանգի ենթակայ: Ընտանիքի ներկայութիւնը յաճախ կը դժուարացնէր Սերոբի խումբին շարժումները, եւ հայդուկները կը պահանջեն, որ Սերոբը իր ընտանիքը հեռացնէ ապահով վայր մը, բայց Սերոբ չի համաձայնիր այդ մտքին, այդ մասին սուր անհասկացողութիւններ կ՛ըլլան: Ախլաթ-Բաղէշ-Տարօնի շրջանին մէջ գործելու համար 1897-ի ամրան` իբրեւ կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Ախլաթ կու գայ Գուրգէնը: Թէեւ դժգոհութիւնները ամբողջովին չեն դադրիր, բայց Գուրգէնի ներկայութիւնը որոշ չափով կը մեղմացնէ կիրքերը եւ նոր թափ կու տայ շրջանի պաշտպանութեան կազմակերպչական աշխատանքին:
Սերոբն ու Գուրգէնը սիրով ու համերաշխ կը վերակազմեն ու ամուր հիմերու վրայ կը դնեն Բաղէշի ինքնապաշտպանութեան գործը: Սերտ գործակցութիւն կը հաստատեն Տարօնի հետ, ուր ղեկավար դէմքը դարձեալ Հրայրն էր, եւ Սերոբ Աղբիւր ու Գուրգէնը կը գործեն ձեռք ձեռքի` փոխայցելութիւններով նաեւ երկու շրջանները:
Ախլաթի ու Բաղէշի շրջանի իր գործը աւարտելէն ետք Գուրգէն կ՛անցնի Սասուն: Սերոբը կը շարունակէ իր յեղափոխական աշխատանքը Ախլաթի շրջանին մէջ: Գուրգէնի հեռանալէն ետք նորէն կը ծագին դժգոհութիւններ հայդուկներու մէջ, որոնց մէկ մասը կը բաժնուին իրմէ: Սերոբ կը մնայ դժուար կացութեան մէջ: Միւս կողմէ` կառավարական հետապնդումներն ալ հետզհետէ կը սաստկանան, Բաղէշ գիւղի մեծ կռիւէն ետք, 1898-ի հոկտեմբերին, հակառակ թշնամիին ծանր կորուստներուն, Սերոբ այլեւս չի կրնար մնալ Ախլաթի շրջանը եւ ընտանիքով ու քանի մը մարտիկներով կ՛անցնի Սասունի լեռները, ուր 1899-ին Կելիեկուզան գիւղին մէջ կառավարութեան ձեռքին գործիք դարձած քանի մը դաւաճան հայերու կողմէ կը թունաւորուի ու կը սպաննուի գիւղը պաշարած թուրք զինուորներու ձեռքով: Կը սպաննուին նաեւ Սերոբի եղբայրը եւ անոր հետ եղած քանի մը ընկերները: Կինը` Սօսէն, որ վիրաւոր էր, գերի կը տարուի: Սերոբին գլուխը կը կտրեն ու կը տանին Մուշ` ամբոխին ցոյց տալու: Կառավարութիւնն ու մահմետական խուժանը հանդէս ու խրախճանք կը սարքեն Սերոբի մահուան առիթով, մինչ հայերը սուգի կը մատնուին: Սերոբին սպանութենէն ետք իր զինակից հայդուկներու մէկ մասը կը ցրուին, ոմանք ալ կը մնան Ախլաթի մէջ` շարունակելով գործել ու կը զոհուին տարբեր կռիւներու մէջ:
Սերոբ Փաշայի Երգը
Ան որ քաջ է` ի՛նչ կը սպասէ,
Արդէն ժամանակն է` թող գայ,
Մահ պատերազմի օրհաս է,
Ո՛վ որ անվախ, քաջ է թո՛ղ գայ:
Կամ կռուելով մեռնինք անցնինք,
Կամ զէնքով փրկութիւն ստանանք,
Կռուելով փրկենք հայրենիք,
Ազնիւ մտածողը թո՛ղ գայ:
Մերթ Սասնոյ մէջ, մերթ ի Սիփան
Կռիւ անենք միշտ անխափան,
Կռուելով փրկենք հայրենիք.
Այս յոյս ունեցողը թո՛ղ գայ:
Այս հինգ դար է մեզ կը սպաննեն,
Բռնի` կրօնքէն մեզ կը հանեն,
Մեր կին, աղջիկներ կը տանեն,
Պատիւ ունեցողը թող գայ:
Քարէ հոգի, երկաթէ մարդ
Հալածէ թո՛ղ վատը նամարտ.
Քարի կուշտը անվախ չոքող`
Անսխալ խփողը թո՛ղ գայ:
Վերջապէս մենք ունինք կռիւ,
Զէնքով պիտի մաքրենք հաշիւ,
Մեր հայրենեաց փառք ու պատիւ,
Սերոբ փաշան սիրողն թող գայ: