Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը շաբաթավերջին Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ ձախողեցուցած են զէնքի մաքսանենգման փորձ մը, որ մեծագոյնն է` վերջին տարիներուն ընթացքին բացայայտուած մաքսանենգումի փորձերուն բաղդատած:
Ատրահի յայտնեց, որ անծանօթներ լիբանանեան Ղաժար սահմանամերձ շրջանէն Իսրայէլ պայուսակներ փոխադրած են` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը հետապնդած են գործողութիւնը եւ գրաւած 43 ատրճանակներ, որոնք 2,7 միլիոն շեքըլ կ՛արժեն:
Ան աւելցուց, որ իսրայէլեան ուժերը ներկայիս բացած են հետաքննութիւն` բացայայտելու համար Հըզպալլայի ներգրաւուածութիւնն ու ներդրումը մաքսանենգումի այդ գործողութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Նեֆթալի Պենեթ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի փլուզումի սեմին, այնպէս ինչպէս բոլոր երկիրները, որոնք կը գտնուին Իրանի իշխանութեան տակ, «սակայն այս անգամ լիբանանցիները կը վճարեն այդ իրականութեան գինը, եւ անոնք պէտք է ըմբռնեն, որ շատ սուղ կը վճարեն Իրանի կողմէ իրենց պետութեան վրայ բանեցուած իշխանութեան գինը», ըսաւ ան:
Պենեթ յայտնեց, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները մօտէն կը հետեւին Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` աւելցնելով, որ Իսրայէլ կազմ ու պատրաստ պիտի մնայ:
Պենեթ անդրադարձաւ սահմանային շրջանին մէջ բացայայտուած զէնքի մաքսանենգումին` նկատել տալով, որ անիկա օրինակ մըն է պատահած շարք մը այլ միջադէպերէ:
Նշենք նաեւ, որ իսրայէլացի ապահովական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը սպառնաց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամային իրավիճակը կրնայ պատճառ դառնալ Լիբանանի դէմ Գ. պատերազմի մը բռնկումին:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող անիշխանութեան մթնոլորտին մէջ Հըզպալլա եւ Իրան իրենց դիրքերը կը հզօրացնեն եւ կը փորձեն լիբանանեան հողերը հակակշռել:
Իսրայէլացի պատասխանատուն յայտնեց, որ Հըզպալլա կ՛օժանդակէ սննդեղէնի եւ վառելանիւթի ապահովումին, հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած վառելանիւթի տագնապին եւ տնտեսական դրութեան փլուզումին: «Այս բոլորը վտանգաւոր յառաջդիմութիւններ են Հըզպալլայի շահերուն ծառայող», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կը բարելաւէ նաեւ հրթիռային իր համակարգն ու կարողութիւնները, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործելիք իսրայէլեան կործանիչներուն, ինչպէս նաեւ կրնան սպառնալ իսրայէլեան ներքին ճակատին:
Իսրայէլացի ապահովական պատասխանատուն կոչ ուղղեց Իսրայէլի կառավարութեան ամրապնդելու զինուորական իր կարողութիւնները` նկատի ունենալով վերջին փուլին Հըզպալլայի արձանագրած տեսակարար յառաջդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Իսրայէլ բնաւ պիտի չկարենայ դէպի Լիբանան ցամաքային ներխուժում կատարել:
Ան նշեց նաեւ, որ իսրայէլեան ներքին մտավախութիւն մը կայ, թէ լիբանանեան բանակը կը կազմաքանդուի` Հըզպալլայի կարողութիւններուն դիմաց: