24 ապրիլի 2011-ին Սեւակ Պալըքճը սպաննուեցաւ Քըվանչ Աղաօղլուի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցին, երբ իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէր Պաթմանի Քոզլուք շրջանին մէջ: Հրանդ Տինքի սպանութենէն չորս տարի ետք մէկը մեզ` հայերուս կը յիշեցնէր իրենց հարիւրամեայ ցեղասպանութեան յիշողութիւնը: 10-ամեայ դատավարութեան աւարտին ոճրագործ Քըվանչ Աղաօղլու Վճռաբեկ ատեանին որոշումով 16 տարի 8 ամիս բանտարկութեամբ պատժուեցաւ, որ ձայներու մեծամասնութեամբ վերջնականօրէն յայտարարուեցաւ 13 յուլիս 2021-ին: Հակառակ անոր որ Սեւակ Պալըքճը սպաննուած էր դիտաւորեալ կերպով, Վճռաբեկ ատեանը հաստատեց ոճրագործի պատիժի մեղմացումը` պատճառաբանելով, որ ոճրագործը գործած է հաւանական դիտաւորութեամբ:
Սեւակ Պալըքճըի սպանութենէն ետք պարզուեցաւ, որ հրամանատարները երկու հակասական տեղեկագիր պատրաստած են` մէկուկէս ժամ տարբերութեամբ: Առաջին տեղեկագիրին մէջ գրուած էր, որ ոճրագործ Աղաօղլու զէնքը ուղղած է դէպի Սեւակ, իսկ երկրորդին մէջ, որ պատրաստուած էր ոճրագործի պաշտպանութեան համապատասխան, Սեւակ մահացած է «անզգուշօրէն»: Սպանութենէն ետք հրամանատարները փորձեցին փակել դէպքը` առանց յանցագործութեան դէպքի վայրի հետաքննութեան: Վկաներէն Հալիլ Էքշի իր առաջին յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ ոճրագործ Քըվանչ Աղաօղլու դիտաւորեալ սպաննած է Սեւակ Պալըքճըն, բայց յետոյ փոխեց իր յայտարարութիւնը եւ ըսաւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է անզգուշութեամբ, եւ ոճրագործն ու Սեւակը կը կատակէին: Վկայ Հալիլ Էքշի դատուեցաւ եւ պատժուեցաւ կեղծ ցուցմունքներու համար: Վկայ Հալիլ Էքշի եւ ընտանիքը պնդեցին, որ ճնշում գործադրուած է իր ընտանիքի եւ իր վրայ, որպէսզի ցուցմունք տան ոճրագործի օգտին:
Տիարպեքիրի օդուժի հրամանատարութեան 2-րդ զինուորական դատարանը որոշում կայացուց, որ Սեւակ Պալըքճը անզգուշօրէն սպաննուած է, եւ ոճրագործը դատապարտեց 4 տարի 5 ամիս ազատազրկման: Նոյն օրը Սեւակ Պալըքճըի մայրը` Անի Պալըքճը, իր նամակին մէջ գրած էր հետեւեալը. «Երանի վերջ գտնէր այն մտայնութիւնը, որ կը մտածէ, թէ հայ մը սպաննելով կարելի է հերոս դառնալ»:
Պալըքճը ընտանիքը վճռական պայքար կը մղէր եւ երբեք չէր դադրեցներ արդարութեան պահանջը: Սեւակի հայրը` Կարապետ Պալըքճը, ըսած էր հետեւեալը. «Երբ մենք կ՛երթայինք որոշ տեղեր, ոմանք կ՛ըսէին. «Մենք քեզի կը զօրակցինք», բայց երբ օգնութիւն կը պահանջէի, կը տեսնէի, որ այնտեղ ոչ ոք կայ: Ես մինակ եմ: Ես կ՛ուզեմ, որ մեր թիկունքին գտնուող մարդիկ քիչ մը մեզի հետ ըլլան, սեղմեն մեր տան դրան զանգակը: Մնացինք մինակ: Միւս կողմէ, այո՛, մենք որոշ տեղեր մինակ չէինք, մեր ընկերներէն մի քանին եկած էին Տիարպեքիր եւ կ՛աջակցէին մեզ: Ես ամէնէն շատ շնորհակալ եմ Նոր զարթօնքին: Շնորհակալ եմ Կարօ Փայլանին, Ժաքլին Չելիքին, ես կը ցանկանայի շնորհակալութիւն յայտնել բոլորին, որոնց անունները հիմա չեմ յիշեր»:
24 ապրիլի 2019-ին Սեւակ Պալըքճըի գերեզմանին մօտ տեղի ունեցած ոգեկոչման ընթացքին Նոր զարթօնքի անունով ելոյթ ունեցաւ Ալեքսիս Քալք. «Սեւակի ոճրագործները դեռ չեն ստացած անհրաժեշտ պատիժները: Ցաւօք, արդարութեան համար պայքարը դեռ կը շարունակուի Սեւակի եւ բոլոր ճնշուածներուն համար: Դեռ խաղաղութեան, եղբայրութեան լեզու չէ հաստատուած մեր երկրին մէջ: Ցաւօք, ոճրագործներու լեզուն գերակշռող է մեր երկրին մէջ: Այս իրավիճակը խորապէս կը տխրեցնէ մեզ: Այս լեզուն կ՛արգիլէ, որ արդարութիւն հաստատուի: Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը յանուն արդարութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան բոլոր ճնշուած մարդոց, Սեւակ Պալըքճըի, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին նորածինէն ոճրագործ ստեղծող խաւարին դէմ»: Ալեքսիս Քալք այս ելոյթին պատճառով բերման ենթարկուեցաւ: Հարցաքննութենէն ետք ազատ արձակուեցաւ:
Ինչպէս այսօր, տասը տարի առաջ ալ, պետութիւնը վառ կը պահէր ատելութիւնն ու թշնամութիւնը տարբեր ազգային ինքնութիւններու նկատմամբ: Զինուորներու կասկածելի մահուան դէպքեր իրարու կը յաջորդէին: 2012-ին սպայակոյտի հրամանատարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան համաձայն, վերջին տասը տարուան ընթացքին 934 մարդ անձնասպան եղած էր: Իրենց ազգային ինքնութեան, հաւատքի, քաղաքական հայեացքներու պատճառով խոշտանգուած եւ սպաննուած զինուորներու սպանութիւնները կը ծածկուէին թատրոնով, որուն կը մասնակցէին զինուորական դատարանները, իսկ սպանութիւնները կը մնային անպատիժ:
Այս երկրին մէջ, ուր դատարանի դահլիճները վերածուած էին թատրոններու, մենք կազմակերպուած պայքար մղեցինք, որպէսզի բացայայտուի ճշմարտութիւնը եւ այս ատելութեան յանցագործութիւնը չմնայ անպատիժ: Դատավարութիւններու ընթացքին Պոլսոյ եւ Տիարպեքիրի մէջ միաժամանակ բողոքի ցոյցեր եւ մամլոյ յայտարարութիւններ կազմակերպեցինք` պահանջելով արդարութիւն: Հրապարակ իջանք զօրակցելու համար Պալըքճը ընտանիքին հետ, որպէսզի Սեւակ Պալըքճը չմոռցուի, ուրիշ սեւակներ չսպաննուին: Մենք միշտ ջանք թափեցինք, որպէսզի նիւթը մնայ հասարակութեան օրակարգին վրայ, եւ փորձեցինք Թուրքիոյ Ազգային խորհրդարանը տեղեակ պահել այս գործէն:
Ոճրագործը պատժուեցաւ: Գոնէ մէկ ատելութեան յանցագործութիւն այս անգամ անպատիժ չմնաց: Պալըքճը ընտանիքի վճռական կեցուածքը, արդարութեան պահանջը եւ կազմակերպուած պայքարը դրական դեր խաղացին: Եւս մէկ անգամ մենք տեսանք, որ մեզ այլ բան չի մնար, քան կազմակերպուած պայքար մղել ատելութեան դէմ եւ իրարու զօրակցիլ:
Մենք յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք, Պալըքճը ընտանիքը մինակ չթողուցին. յատկապէս Տիարպեքիրի փաստաբաններու միութեան նախագահ Թահիր Էլչին, որ սպաննուեցաւ 28 նոյեմբեր 2015-ին, երբ խաղաղութիւն կը պահանջէր մամուլի յայտարարութեան մը ընթացքին:
Սեւակ Պալըքճըն պիտի չմոռցնենք: