Սիրելի՛ ընթերցող,
Նպատակս ժամանակ սպաննել չէ, այլ` յուշագրութիւն գրել, սակայն սկսելէ առաջ հարկաւոր է որոշ բացատրութիւն տալ քեզի, թէ ինչո՛ւ իմ արուեստաբանական գործերս մէկ կողմ դրած` որոշած եմ յուշեր գրել: Մինչեւ վերջերս տակաւին չէի ըմբռնած, թէ «տնային կալանք» կամ «ձանձրոյթ» ի՛նչ կը նշանակէ: Համաճարակը մեզ բոլորս տնային կալանքի ենթարկեց, իսկ հայրենական «անհեթեթ» պարտութիւնը` հոգեկան ամլութեան: Ժամանակին, երբ հարց կու տային ինծի, թէ` «պարապ ժամանակդ ինչպէ՞ս կ՛անցընես», կը զարմանայի անոր համար, որ «մարդ պարապ ժամանա՞կ ալ կ՛ունենայ»: Այո՛, ես այդպէս կը հաւատայի, որովհետեւ կեանքը այնքան կարճ է, ու ընելիքները այնքան շատ, որ հայրս կ՛ըսէր. «Մարդ առնուազն հազար տարի պէտք է ապրի, որպէսզի կեանքէն բան մը հասկնայ»: Անձնապէս, փոքր տարիքէս մինչեւ հիմա, ծրագիրներուս իրագործման համար ժամանակը չէր բաւած ինծի: Նոյնի՛սկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ օրերուն միշտ զբաղած եղած եմ ու ձանձրանալու առիթ չեմ ունեցած: Փիքասոն կը վախնար ժամանակէն, իսկ ես, թէեւ վախնալու պատճառ մը չունիմ, այնուամենայնիւ կ՛ատեմ ժամանակն ու բոլոր ժամացոյցները, որովհետեւ ո՛չ խօսք կը հասկնան եւ ո՛չ ալ սպասել գիտեն…
Սակայն, համաճարակի տաղտկալի առկայութեան տակաւին չընտելացած, երբ չարաբաստիկ պարտութեան գոյժը ստացայ… ժամանակը պահ մը սառեցաւ միջոցին մէջ, ու յանկարծ կեանքը անիմաստութեան թակարդի մէջ բռնուեցաւ… կարծէք: «Ունայնութիւն ունայնութեանց» պիտի ըսէր մեր դրացի Սողոմոնը: Երբ անդրադարձայ, որ միլիոնաւոր հայեր բռնուած են նոյն տագնապէն, ցաւս, փոխանակ մասնատուելու ու տարածուելու ընդհանուրին վրայ, բազմապատկուեցաւ, ահագնացաւ, կուտակուեցաւ ուղեղիս մէջ ու առօրեան անդոհանքի վերածուեցաւ: Հարուածը ոչ միայն անսպասելիօրէն չափազանց մեծ էր ու խորապէս անմարդկային, այլ նաեւ ազգային վիրաւորանքը անհամեմատ աւելի խորն է ու հոգելլկիչ: Գլխաւոր հարցը այն է, թէ այս ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ պիտի կարողանայ դիմանալ նմանօրինակ անարդար ու հոգեցունց հարուածներու…
Սիրելի՛ ընթերցող, ես անոնցմէ չեմ, որոնք վարժուած կ՛ըլլան դիւրին ու հեզասահ կեանքի եւ անակնկալ աղէտներու դիմաց կ՛անճրկին… Պատերազմի դաժան պայմաններու տակ իսկ, կեանքէն բազմիցս հալածուած, երբեք չէի ընկճուած ու անգործութեան մատնուած, բազում ընկերներ ունէի ինծի պէս: Ո՛չ Պէյրութի չարաբաստիկ պայթումը եւ ո՛չ ալ համաճարակը կրցան աշխատելու կորովս պակսեցնել: Այս մէկը … այո՛, այս մէկը բոլորիս համար ալ ուրի՜շ էր… Մինչեւ հիմա չեմ կրցած հասկնալ, թէ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս տեղի ունեցան այս բոլորը, եւ յանուն ո՞ր մէկ… բարոյականութեան: Ըլլայ Հայաստանի թէ Լիբանանի տարածքին, տիրող իշխանութիւնները լկտիաբար կը շարունակեն քամել անտերունչ քաղաքացիին տարրական իրաւունքներն իսկ, մարդկային ու ազգային արժէքները կը վերածուին փխրուն պղպջակներու, արժանապատուութիւնը կը բացակայի, ապագայի անորոշութիւնը կ՛ահագնանայ, կեանքը իմաստազրկուած ու գործելու ներքին մղումը սանձուած կը թուի ըլլալ… մեր մէջ:
Որպէսզի կարողանամ դուրս գալ այս անհամ ու տաղտկալի վիճակէն, կը փորձեմ ապաստանիլ անցեալիս մէջ: Չէի կրնար լուրջ բան մը գրել: Նախ գրեցի շարք մը յուշեր` իմ ուսանողական առօրեայ կեանքէս ու ճամբորդութիւններէս: Իսկ հիմա տրուած ըլլալով, որ որոշ չափով «ընտելացած» եմ շարունակուող այս ծանծաղամիտ կացութեան, կը մտածեմ գրել նաեւ յայտնի գրողներու եւ արուեստագէտներու մասին, առանց սակայն վերլուծելու եւ կամ խորանալու անոնց արուեստի կամ ստեղծագործական կեանքին մէջ: Թէ ինչո՛ւ առաջինը Համօ Սահեանը միտքս կու գայ… բացատրութիւն չունիմ:
Թէեւ ճիշդ տարեթիւը չեմ յիշեր, սակայն ենթադրաբար 1975-ը կրնանք նկատի առնել, որովհետեւ Սահեանը դեռեւս Թումանեան փողոցին վրայ կ՛ապրէր իր առաջին կնոջ հետ: Նոր տարուան արձակուրդէս նոր վերադարձած էի եւ «Բագին»-ի հերթական մէկ թիւը պէտք է որ յանձնէի անոր: Պայմանաւորուած օրուան երեկոյեան ճշդուած ժամուն դրան զանգը զարկի: Կինը` տիկին Մարիան, դուռը կէս բացաւ ու առանց ներս հրաւիրելու` ըսաւ.
– Եթէ ինչ որ բան բերել ես… կը փոխանցեմ:
– Փոխանցելու հարց չէ, այլ խօսելու, պէտք է որ զինք տեսնեմ: Ինք ասեց, որ տանը ինձ է սպասում…
– Այո՛, սպասում է, ես էլ եմ սպասում… Եթէ շատ ես ցանկանում, կարող ես տեսնել նրան, բայց խօսել` կասկածում եմ:
– Ի հարկէ, դրա համար եմ եկել…
– Որ այդպէս է… արի…
Քիչ մը տարակուսանքով դուռը լրիւ բացաւ, ներս հրաւիրեց ու ցոյց տալով գետինը փռուած ամուսինը` աւելցուց.
– Սա է ձեր բանաստեղծը, լակած եկաւ, գորգին պառկեց ու մնաց. չեմ կարողանում բարձրացնել, որ անկողին տանեմ: Եթէ իմանաք, ինչե՜ր եմ քաշում նրա ձեռից… արի՛, արի՛… օգնի՛ր…
Օգնեցի, բարձրացուցինք, արթնցաւ, սակայն քանի մը պատկերաւոր հայհոյանքներով «վարձատրելէ» ետք մեզ, տարինք ննջարան, տեղաւորեցինք անկողինին մէջ ու վերադարձանք հիւրասենեակ: Դուրսը ցուրտ էր, տիկին Մարիան հատապտուղներով թէյ հիւրասիրեց ու սկսաւ… Թէեւ հիմնական բողոքը ծխելու ու խմելու մասին էր, սակայն հաւատացած էր, որ եթէ Սահեանի հետ չամուսնանար, ինք յայտնի ու գնահատուած բանաստեղծ կ՛ըլլար… հիմա… Բերաւ քանի մը բանաստեղծութիւն ալ եւ կարդաց ինծի: Առաջին անգամն էր առիթ կ՛ունենայինք առանձին զրուցելու, եւ առաջին անգամն էր, որ կը տեղեկանայի, թէ ինք եւս բանաստեղծութիւններ կը գրէ… Շատ խօսելիք չունէինք, քաղաքավարութեան սահմաններու մէջ գնահատանքի որոշ կարծիքներ տալէ ետք իր բանաստեղծութիւններու մասին, մեկնեցայ:
Քանի մը օր ետք, երբ հեռաձայնեցի, Սահեան մեղադրեց զիս անոր համար, որ զինք չեմ արթնցուցած… Յաջորդող օրերուն տարի «Բագին»-ը, որմէ շատ գոհ մնաց ու աւելցուց.
– Լաւ է, որ դու կաս: «Բագին»-ը մեզ կապում է թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ արտաքին աշխարհի հետ:
……………………………………………………………………………………………………………………
Բաւական ժամանակ անց, օր մը, Ռազմիկ Դաւոյեանը քովս եկաւ (այն ատեն «Լենինի Բ.» հանրակացարանը կ՛ապրէի) ու առաջարկեց, որ միասին Համօ Սահեանին հանդիպինք` շնորհաւորելու անոր նոր կինն ու նոր ստացած բնակարանը, որ օփերայի մօտերը, Աղայեան փողոցի վրայ կը գտնուէր: Ես խանդավառուեցայ ու հարց տուի.
– Գնանք, բայց ինք լուր ունի՞, որ ես էլ եմ գալու:
– Այո՛, բայց գնում ենք յատուկ առաքելութեամբ: Վերջերս ինչ-որ անիմաստ պատճառով ինքն ու Հրանդը (Մաթեւոսեան) վիճել են, հարկաւոր է մի օր հանդիպեն ու վերականգնենք նրանց բարեկամութիւնը: Եթէ ինք համաձայնի, դու էլ Հրանդի հետ առանձին կը խօսես:
– Խնդրեմ, հարց չկայ, բայց կարո՞ղ եմ իմանալ բանը ինչումն է…
– Ինձ թւում է, որ «բանը» իրենց մէջ չէ, այլ կիներու… եւ քանի որ ինք բաժանուել է կնոջից, գործը աւելի հեշտ կը լինի:
Համաձայնեցայ, նախ ըսեմ, որ Հրանդ Մաթեւոսեանի եւ Ռազմիկ Դաւոյեանի հետ պէտք եղած մտերմութիւնը ունէի, իսկ Համօ Սահեանի հետ մեր յարաբերութիւնները թէեւ ջերմ էին, սակայն պաշտօնական բնոյթի սահման մը կար մեր մէջ: Միշտ պէտք էր, որ «ընկեր Սահեան»-ով կամ «դուք»-ով դիմէի իրեն:
Իմ հաւատարի՛մ ընթերցող, հոս հարկաւոր է փակագիծ մը բանալ եւ ըսել, որ Հայաստանի մէջ մրցակից գրողներու, արուեստագէտներու եւ առհասարակ մտաւորականներու միջեւ եղած վէճերը յաճախ կը հասնէին գժտութեան աստիճանի, որուն մէջ խմիչքը իր յանցանքի բաժինը ունէր: Ու իբրեւ կողմերուն մօտիկ ու անկողմնակալ անձի` երբեմն ինծի վիճակուած կ՛ըլլար զանոնք քով քովի բերել ու հաշտեցնել: Ինչպէս` նոյնինքն Ռազմիկ Դաւոյեանն ու Հրանդ Մաթեւոսեանը, Դաւիթ Յովհաննէսն ու Արմէն Մարտիրոսեանը, Ճիմ Թորոսեանն ու Արթուր Թարխանեանը, Ռոպերթ Էլիբէկեանն ու Սամուէլ Պետրոսեանը, Շահէն Խաչատուրեանն ու Հենրիկ Իգիթեանը, եւ` շա՜տ շատեր: Նոյնի՛սկ փորձած եմ Վազգէն Մանուկեանն ու Լեւոն Տէր Պետրոսեանը քով քովի բերել… Այնպէս որ, Ռազմիկին առաջարկը բնական բան մըն էր, եւ մենք գացինք… Պատահաբար հոն էր նաեւ Տիգրան Մանսուրեանը, որ իր հարեւանութեամբ կ՛ապրէր: Համօ Սահեանի նոր կինը, Սվետան մեզ սիրալիր դիմաւորելէ ետք, անմիջապէս սեղան պատրաստեց, ինչպէս առհասարակ ընդունուած է Հայաստանի մէջ: Հանդիպման յաւուր պատշաճի զրոյցէն ու կենացներէն ետք Ռազմիկը իրեն յատուկ քիչ մը «լկտի» առոգանութեամբ ըսաւ.
…………………………………………………………………………………………………………………..
Սիրելի՛ ընթերցող, որպէսզի հասկնաս, թէ ի՛նչ բանի կ՛ակնարկէր Ռազմիկը եւ կարողանաս ընկալել Սահեանի պատասխանին երգիծական բնոյթը, հարկաւոր է, որ իրազեկ ըլլաս հետեւեալ պատմութեան: Այդ օրերուն կը պատմուէր, որ իր նախկին կնոջմէն նոր բաժնուած Սահեանը օր մը «թերթի մը» խմբագրատուն կ՛այցելէ ու կը հանդիպի այդ օրուան խմբագրապետին, որուն անուանը կը խնայեմ, որովհետեւ նշանաւոր ու տաղանդաւոր գրողի մը մասին է խօսքը: Զրոյցի ընթացքին այս վերջինը քանի մը բանաստեղծութիւններ կը դնէ Սահեանի դիմաց ու կարծիքը կը հայցէ: Սահեանը աչք մը նետելէ ետք անոնց վրայ կ՛ըսէ.
– Լաւն են, սա կարգին բանաստեղծ է…
– Բայց գիտե՞ս, թէ հեղինակը ո՛վ է:
– Ո՞վ…
– Այս «կարգին բանաստեղծ»-ը քո նախկին կինն է:
Սահեանի պատասխանը կ՛ըլլայ անմիջական ու անխնայ.
– Եթէ քեզ էլ այդքան «շինէի», դու էլ մինչեւ հիմա կարգին գրող կը դառնայիր:
Ուրեմն, երբ տիկ. Սվետայի կենացը կ՛առաջարկուէր, ի մտի ունենալով այս դէպքը, Ռազմիկը դարձեալ իրեն յատուկ քիչ մը «լկտի» առոգանութեամբ ըսաւ.
– Համօ՛ ջան, ի՞նչ ես ասում, Սվետան արդէն սկսել է կարգին բանաստեղծութիւննե՞ր գրել:
Սահեանը համակրանքի ջերմ հայեացք մը ուղղելէ ետք կնոջ, ապա շեշտակիօրէն նայելով Ռազմիկին` ըսաւ.
– Դեռեւս այդքանը չեմ հասցրել… ժամանակ է պէտք…
Սահեանի կիներու նկատմամբ ունեցած իր այս կեցուածքն ու մարդկային նկարագիրը չէ դրսեւորուած իր գրականութեան մէջ: Յամենայն դէպս ուրիշներ ալ յուշեր գրած են իր մասին, որոնցմէ հայրենի յայտնի գրողներէն Աղուան Պետրոսեանի պատմածները կարդալէ ետք միայն քաջալերուեցայ այս մէկը թուղթին յանձնել: Կ՛ենթադրեմ` հետաքրքրական պիտի ըլլար անոնցմէ օրինակ մը հոս մէջբերելը:
«Ամօթ է չգնաս»
50-ական թուականներ: Համօ Սահեանը, Վահագն Դաւթեանը, Հրանտ Թամրազեանը, Սուրէն Աղաբաբեանը (ի՜նչ խումբ) աշխատում են «Աւանգարդ» թերթում: Վահագն Դաւթեանն է պատմում. մեր տարիքի մի արձակագիր կար Պաքւում, ռուսերէն էր գրում: Մի տարի եկել էր Երեւան, ծանօթացել էինք, հաց կերել, ընկերացել: Պայմանական Հուրունց դնենք անունը: Յետոյ ալ երեք տարով կնոջը հետ տեղափոխուեց Երեւան: Մի օր խմբագրութիւնում նստած եմ, դուռը բացուեց, ներս մտաւ սրա կինը:
– Վահա՛գ, Հուրունցը երեք օրով Պաքու է գնացել: Իրիկունը արի մեր տուն:
Ասաց ու գնաց: Մոլորուել-մնացել եմ: Ի՞նչ անեմ, ախր ո՞նց գնամ. մարդու հետ հաց եմ կիսել, ընկերութիւն եմ արել: Համոն էն գլխից իմաստունի համբաւ ունէր: Ասի` մտնեմ մօտը, խորհուրդ հարցնեմ: Գնացի իր սենեակ:
– Համօ՛, լսի՛, էսպէս ու էսպէս, մի խորհուրդ տուր:
Համոն` գլուխը կախ.
– Հա՛, ամօթ է, յանկարծ չգնաս, մարդու հետ հաց ես կերել, ընկերութիւն ես արել:
Չգնացի: Յաջորդ օրը կինը նորից եկաւ.
– Վահա՛գ, «մալչիշկա», երէկ գիշեր Համոն մի շիշ գինի էր առել, եկել մեր տուն:
Ասկէ շատ աւելի բաց ու «անկիրթ» դէպքեր կը պատմուէին ուրիշներու, ինչպէս նաեւ` Չարենցի մասին (որ յայտնի կնամոլ մըն էր), անոնց մէկ մասը մեզի պատմած է իմ յարգարժան դասախօսներէն` չարենցագէտ Հրանդ Թամրազեանը: Ան համոզուած էր, որ գրողի կամ արուեստագէտի կերպարը ամբողջականօրէն ընկալելու եւ անոր արուեստը լաւապէս ըմբռնելու համար այս տեսակ պատմութիւնները եւս իրենց դերն ու տեղը կրնան ունենալ գրականագիտութեան ու արուեստաբանութեան մէջ, որովհետեւ ի վերջոյ կեանքին մաս կը կազմեն: Ուրեմն…
Այդ օր մեր հանդիպումը քիչ մը գրական երեկոյի բնոյթ ստացաւ, ու բնականաբար սկսանք ժամանակակիցներէն եւ հասանք մինչեւ Թումանեան ու արեւմտահայ որոշ գրողներ: Ինչպէս` Ինտրա, Շանթ, Օշական եւ այլն: Եւ բոլորովին մոռցանք, թէ ինչո՛ւ համար եկած էինք:
Տրուած ըլլալով, որ լուրջ ու խորք ունեցող յօդուածներ գրելու տրամադրութիւն չունիմ, պիտի շարունակեմ նմանօրինակ յուշերս արձանագրել` հաւատալով, որ «ասոնք» հեղինակներու խառնուածքային որոշ գիծեր կը բացայայտեն ու հետաքրքրականութենէ անկախ` կրնան իրենց արժէքն ու դերը ունենալ նաեւ գրականագիտութեան ու արուեստաբանութեան մէջ…
Ան յաճախ կը կրկնէր, որ ես իր նման «մնացել եմ գիւղացի ու չեմ այլասերուեր»: Եւ օրինակ կու տար Հրանդ Մաթեւոսեանին, որ չի թաքցներ իր գիւղացիութիւնը, իսկ Սերօ Խանզադեանին, որ հակառակ անոր որ ողն ու ծուծով գիւղացի է, սակայն կը փորձէ քաղաքացի խաղալ… Երեւանի նման մեծ գիւղի մը մէջ: Գրեթէ ամէն հանդիպումի կը խոստանար որ օր մը իր գիւղը` Լոր (Զանգեզուր) պիտի տանի զիս: Թէեւ տարբեր առիթներով որոշ տեսարժան վայրեր գացած եմ հետը, սակայն երբեք առիթ չէ եղած, որ անոր պապենական տունը այցելեմ, որ իսկապէս շատ կը ցանկայի: Սահեանի մէջ մարդկայինն ու ազգայինը զիրար ամբողջացնող ազդակներ են, որոնք պայմանաւորուած են «հողի» կարօտով եւ դրսեւորուած են նաեւ իր գրականութեան պատկառելի վաստակին մէջ: Ան իր գիւղացի մնալով հանդերձ, հոգիով ու սրտով ազնուական էր, ու համարձակօրէն սրամտելով հանդերձ, կը մնար խորապէս ազնուաբարոյ ու ազնուասիրտ մարդ: