Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ ապագային կրնայ ստեղծուիլ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ միութենական խորհրդարան: Բայց եւ այնպէս, այս նիւթը տակաւին չէ քննարկուած:
«Մենք կը մեկնինք այն իրողութենէն, որ հակառակ այս քաղաքական նպատակի ամբողջ ազնուութեան, նախ պէտք է ստեղծել տնտեսական հիմք, հիմք` յառաջ շարժելու համար, ներառեալ` քաղաքական ուղիի վրայ: Մենք տակաւին չենք քննարկած այս հարցերը», ըսած է Փութին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ բանակցութիւններէն ետք: