6-7 Սեպտեմբեր 1955 թուին Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ այլ քաղաքներուն մէջ գլխաւորաբար յոյն, հայ եւ հրեայ փոքրամասնութիւններու ուղղեալ յարձակումները անգամ մը եւս նշուեցան դէպքե-րու 66-րդ տարեդարձի առթիւ։ Բազմաթիւ հեռուստակայաններ իրենց հաղորդումներով խնդիրը օրակարգի բերին։ Տեղի ունեցան բազմաթիւ քննարկումներ, որոնց ընթացքին զա-նազան ատենախօսներ երկրի խաղաղ բնակիչներուն ուղղեալ այդ դաւադրութիւնները հա-մարեցին մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն։ Տրուած ըլլալով որ պատժական օրէնքը կը մերժէ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու պարագային դատական հարցաքննութեան համար ժամկէտի հետապնդումը, պահանջեցին որ դատական գործողութիւնով հարցաքննո-ւին կատարուած վայրագութիւնները։ Նոյն բովանդկութեամբ ՀՏՓ կուսակցութեան Տիյարպե-քիրի պատգամաւոր Կարօ Փայլան ալ խորհրդարանի ամպիոնէն առաջարկեց 6-7 Սեպտեմբե-րի պատահարներու հարցաքննումը խորհրդարանի երդիկին տակ։ «Ես նախորդ տարիներուն ալ 6-7 Սեպտեմբերին բերած եմ նոյն առաջարկը որ ընդմիշտ մերժուած է Արդարութիւն եւ Զարգացում ու Ազգային Շարժում Կուսակցութիւններու պատգամաւորներու ձայներով»։
Փայլա ն նոյն ամպիոնէն օրակարգի բերաւ նաեւ Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ խնդիրը, հարցնելով թէ տեղւոյն իշխանութիւնները ինչո՞ւ համար եկեղեցին չեն փոխանցած իր բուն տիրոջ եւ գոհացած են տարին մէկ անգամ միայն պաշտամունք կատարելու արտօ-նութիւնով։ Փայլան այս մասին կատարած դիմումին մէջ յստակօրէն պահանջած է այս պատ-մական տաճարի սեփականութիւնը եւ առարկած է կատարուածներուն դէմ։
Այստեղ հարկ է նշել թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը Արամ Արք. Աթէշեանի փոխանոր-դութեան շրջանին բազմիցս արտայայտած է այն կարծիքը ըստ որու ներկայ պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը ի վիճակի չէ գաւառի մէջ իրեն պատկանող որեւէ կա-լուածի պատասխանատուութիւնը ստանձնելու։ Արամ Արք. Այս ըսելու պահուն կը շեշտէր այդ տարածքներու մէջ եկեղեցիէն օգտուելիք հայ համայնքի մը բացակայութիւնը։