Ուրբաթ, 9 յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆրզլի, նախագահական պալատի տեղեկատուական հարցերու նախկին պատասխանատու Ժան Ազիզ, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան դոկտ. Ապտալլա Պու Հապիպ եւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ:
Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու վերջերս Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին եւ Լիբանանը յուզող հարցերուն առնչուած շարք մը խնդիրներ: