Կիրակի 5 փետրուարի, 2023-ին, Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւններու ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Ն. Վ. Իւժէն արք. Նիւճենթի հետ-Վատիկանի դեսպան Քուէյթի եւ տարածաշրջանի երկիրներու, Քուէյթի իր նստավայրին մէջ։
Հանդիպումի ընթացքին դոկտ. Ճէպէճեան ներկայացուց Աստուածաշունչի ընկերութեան լայնածաւալ առաքելութիւնը Արաբական ծոցի երկիրներու մէջ, օտարազգի բանուորներու դժուար պայմանները եւ անհրաժեշտութիւնը Աստուածաշունչը հասանելի դարձնել բոլոր ազգութիւններուն որոնք կապրին այս շրջանին մէջ։ Հանդիպումը պատեհ առիթ էր խօսելու Աստուածաշունչի ընկերութեան տարբեր ծրագիրներու մասին եւ թէ ինչ միջոցառումներու կը ձգտի ընկերութիւնը որպէսզի տարբեր հաւաքականութիւններ կարդան եւ հասկնան Սուրբ Գիրքը։ Դոկտ. Ճէպէճեան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին վսեմութեանը այն յայտարարութիւններուն համար, որ Սուրբ քահանայապետը՝ Ֆրանսիս պապը, կատարեց Արցախի եւ անոր Լաչինի միջանցքի փակման համար, ուր աւելի քան 120.000 հայեր կապրին դժուար պայմաններ, եւ որ ան նոյնպէս պահանջեց միջազգային ընտանիքէն, որ ամէն ձեւով վերաբացուի այդ միջանցքը մարդկային կեանքեր խնայելու համար։
Ն. Վ. Իւժէն արք. Նիւճենթի, քաջատեղեակ է Արցախի մէջ պատահած մարդկային դժբախտութիւններու վրայով։ Դոկտ. Ճէպէճեան Նորին վսեմութենէն նաեւ խնդրեց որ իր կարելին ընէ եւ իր ունեցած բոլոր միջոցառումներու եւ միջազգային շրջանակներու մէջէն, որպէսզի կարելի ըլլայ վերաբանալ միջանցքը։ Այս հանդիպումին ընթացքին դոկտ. Ճէպէճեան, Ն. Վ. Իւժէն արք. Նիւճենթիին նուիրեց անգլերէն աստուածաբանական իր գիրքէն մէկ օրինակ մը, «Աստուածաշունչի Յանձնարութիւնը-Վերագտնել Հաւատք, Յոյս եւ Անձ»։
Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւն