Թուրքիան հակուած է շարունակելու ԱՖղանիստանին աջակցութեան տրամադրումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Անոնք, որոնք իրաւունքներն ու արդարութիւնը պահպանելու մեր կոչերը քաղաքական երկերեսութիւն կը նկատեն, չէին կրնար հասկնալ, թէ մենք դարձած ենք ճնշուածներու ձայնը, յոյսն ու շնչառութիւնը: Մենք մեր ընկերներուն եւ դրացիներուն ալ կը մաղթենք այն, ինչ որ մենք մեզի համար պիտի ցանկանք: Մենք ատիկա ըրած ենք Սուրիոյ մէջ, ըրած ենք Լիպիոյ եւ Ղարաբաղի մէջ: Յուսամ` յառաջիկային պիտի կարենանք աջակցիլ Աֆղանիստանի եւ այլ երկիրներու մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն նոյն արդարացի դիրքորոշումով: 15 յունիսը այդ ձգտումին խորհրդանիշն է», ըսած է Էրտողան:
14 յունիսին Էրտողան յայտարարած էր, որ Թուրքիան պատրաստ է ՕԹԱՆ-ի զօրքերու հեռացումէն ետք պահելու ԱՖղանիստանի մէջ իր զօրախումբին ներկայութիւնը, եթէ ամերիկեան կողմը իրենց ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրէ: