Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է Քապուլի օդակայանին հարցով բանակցիլ Թալեպան շարժումին հետ, որ կը մերժէ Անգարային արտօնել ամերիկեան ուժերու Աֆղանիստանէն հեռանալէն ետք օդակայանը կառավարել:
«Աստուծոյ կամքով պիտի նայինք, թէ ինչպիսի՛ բանակցութիւններ կարելի է կատարել թալեպաններուն հետ, եւ տեսնենք անոնք մեզ ո՛ւր կ՛առաջնորդեն», ըսաւ Էրտողան: