Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն երկօրեայ իր այցելութեան առաջին օրը բռնագրաւեալ շրջանի խորհրդարանի յատուկ նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ խոստացաւ կիպրական հարցին մէջ որեւէ «լուծում» չկատարել եւ «երկու պետութիւն» լուծումը ջատագովեց:
«Այս կղզիին վրայ երկու պետութիւններ կան եւ երկու ժողովուրդներ», ըսաւ ան:
«Այդ առնչութեամբ որեւէ զիջում չենք ըներ եւ չենք կրնար ընել», շեշտեց Էրտողան:
Էրտողան հիւսիսային Կիպրոս կ՛այցելէ թրքական բանակի հիւսիսային Կիպրոս ներխուժումի 47-ամեակին առիթով:
Թուրքիոյ նախագահը երէկ Կիպրոսի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հատուածի նախագահ Մուսթաֆա Աքընճըի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք երբեք պիտի չարտօնենք, որ թուրք կիպրացիները յունական-կիպրական պետութեան մը մէջ փոքրամասնութիւն մը դառնան»:
«Կիպրոսը մեր ազգային դատն է: Մեր նպատակն է Կիպրոսի հարցին արդար եւ մնայուն լուծում մը գտնել», աւելցուց ան: