Թուրքիան մտադիր չէ Եւրոպայի համար գաղթականներու «պահեստային ապաստարան»-ի դեր կատարել, Անգարան նման պարտականութիւն, պատասխանատուութիւն կամ պարտաւորութիւններ չունի: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Թուրքիոյ նախագահը անդրադարձած է նաեւ Աֆղանիստանի մէջ տիրող կացութեան: «Թուրքիան, անհրաժեշտութեան պարագային, պիտի հաղորդակցի Թալեպան շարժումին կողմէ ձեւաւորուած կառավարութեան հետ, որովհետեւ Անգարայի հիմնական նպատակը Աֆղանիստանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնն է», ըսաւ ան:
Էրտողանի համաձայն, Աֆղանիստանի մէջ կը բնակին մինչեւ 5 հազար Թուրքիոյ քաղաքացիներ, եւ անոնցմէ շուրջ 500-ը, օտարերկրեայ 83 քաղաքացիներու հետ միասին, իրենց իսկ խնդրանքով յանձնուած են Թուրքիոյ:
«Մենք մեր քաղաքացիները` անոնք, որոնք տակաւին կը սպասեն վերադառնալուն, կարճ ժամկէտներու մէջ պիտի տեղափոխենք իրենց հայրենիք: Անոնց թիւը 300-էն նուազ է», աւելցուցած է Էրտողան: