Աստուածաշունչի հայերէն առաջին տպագրութեան 350-ամեակին առթիւ հրատարակուեցաւ «Աստուածաշունչէն» խորագրեալ եռալեզու հատոր մը «Քիտապը Մուքատտես» ընկերութեան մեկենասութեամբ։ Այս առթիւ 12 Յունիս շաբաթ յետմիջօրէին շնորհանդէս մը կազմակերպուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ Պատրիարք Սրբազանի արտասանած «Տէրունական Աղօթք»ով մեկնարկող շնորհանդէսի ընթացքին ելոյթ ունեցան Հայր Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հայր Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Հայր Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։ Տամատեան Աբղ. ընթերցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի յատուկ կոնդակը, որ նաեւ տեղադրուած էր այս հրատարակութեան մէջ։
Յովակիմ Աբեղայի ելոյթը բաւականն բովանդակալից էր, որմէ հատուածներ կը փոխանցենք ստորեւ։
Աստուածաշունչ Մատեանի հայերէն անդրանիկ տպագրութեան 350 ամեակի յոբելեանը տօնելը Պատրիարքական Աթոռս ժամանակին ծրագրեց։ Այն ատեն անգամ մը եւս տեսանք, թէ Աստուածաշունչ Մատեանի անդրանիկ տպագրութիւնը եւ Ոսկան Եպիսկոպոս Երեւանցին իրենց ուրոյն տեղերն ունին պոլսահայ պատմութեան մէջ։
Այս հասկացողութեամբ մասնակցեցանք Հայ Տպագրութեան Մարգարիտ գիտաժողովին եւ ուղերձ կարդացինք։
Աստուածաշունչ մատեանի Պոլսոյ մէջ տպագրութեան մասին առաջին մտահոգութիւնը կը տեսնենք Զաքարիա Պատրիարք Վանեցիի մօտ, որ 1632 թուակիր նամակով դիմում կը կատարէ Հաւատոյ Տարածման Ժողովին, հայերէն գիրք տպելու համար աջակցութիւն խնդրելու, քանի ինք նկատած է «այն մեծ օգուտը որ հայ գիրքերու տպագրութիւնը կրնայ բերել մեր սուրբ հաւատքին տարածումին»։
Նոյն շրջանին, Յովհաննէս Խուլ հրաժարեալ Պատրիարքը կը մեկնի արեւմուտք եւ իր հետ կը տանի ինքնագիր Աստուածաշունչ մը, տպագրել տալու համար։
Երկար է Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան պատմութիւնին ու այս գործի Կայսերանիստ Կ.Պոլիս մայրաքաղաքի հետ կապը, որոնց մասին երկար խօսած ենք նորատիպ այս հատորին մէջ։
Ինչպէս ծանօթ է, առաջին հայ տպագրութենէն 154 տարի ետք, 1666-ին ձեռնարկուեցաւ Աստուածաշունչ մատեանի տպագրութեան եւ երկու ու կէս տարի ետք լոյս աշխարհ եկաւ այժմ մեր «Ոսկանեան» կոչած առաջին տպագիր Աստուածաշունչը։
Եւ 1705-ին, Ոսկան Երեւանցիի ազգականներէն Պետրոս Լատինացին Պոլիս գալով, այս քաղաքին մէջ ձեռնարկեց տպագրութեան եւ հրատարակեց Պոլսոյ առաջին Աստուածաշունչը, «ի թաղն Պէկօղլի»։ Այս մէկը գրեթէ փոքրադիր նմանատիպն է Ոսկանի հրատարակածին։
Յակոբ Մեղապարտէ ետք, Աբգար Դպիր Թոխատեցի իր Սուլթանշահ որդւոյն հետ կու գան Կ.Պոլիս եւ այս քաղաքը կը վերածեն Հայաշխարհի տպագրութեան Բ. կեդրոնին։ Թոխատեցիին կը յաջորդեն Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանը, Գրիգոր Մարզուանեցին, Աստուածատուր Ագուլեաց Դաշտեցին եւ ուրիշներ։
Իսկ Աստուածաշունչ մատեանի տպագրութեան պարագային.
Ոսկան Արքեպիսկոպոսի վախճանումէն ետք, տպարանը (տառերու եւ կազմածներու գէթ մէկ մասը) փոխադրուած է Կ.Պոլիս։
1705-ին «Աստուածաշունչ գրոց երկրորդ տպագրութիւն մը եղաւ ի Պոլիս «ի թաղն Պէկօղլի կոչեցեալ, ի ձեռն ուրումն Պետրոսի Լատինացի կոչեցելոյ»։
Ոսկանեան տառերու Կ.Պոլիս հասած ըլլալու հարցը անկասկած է։ Իսկ այս քաղաքի մէջ քանի՞ տպարան ստեղծուեցաւ. մէ՞կ կամ երկու։ Պարզ չէ։
Կ.Պոլսոյ եւ Վենետիկի հետագայ շատ հրատարակութիւններու մէջ կը կարդանք, որ անոնք արտատպուած են ոսկանեան ընտիր օրինակներէ։ Երկար ժամանակ ոսկանեան հրատարակութիւններէ կատարուած արտատպութիւններն անգամ բարձր կը գնահատուէին։
Ոսկանի գործին ու աւանդին մասին որքան գեղեցիկ է Լէոյի խօսքը. «Ճիշդ է, անոր տպարանը մաս-մաս եղաւ, ցրուեցաւ, բայց այդ բեկորները նոր եւ նոր տպարաններու կորիզներ դարձան Մարսէյլի, Ամստերդամի, Վենետիկի, Կ.Պոլսոյ մէջ»։
Այս պատմական ամփոփումէն ետք Հայր Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան թուային տուեալներով ներկայացուց վերջին 350 տարիներու ընթացքին Պոլսոյ մէջ կատարուած աւելի քան 450 Սուրբ Գրային հրատարակութիւնները, որոնց մէջ կը հանդիպինք նաեւ հայատառ թրքերէն եւ հայատառ քրտերէն օրինակներուն։
Ապա Հայր Սուրբը բովանդակալից բացատրութիւններով յիշեց, այդ տպագրութիւնները ապահովող հոգեւորական գործիչները։
«…Եւ պէտք չէ անտեսել Աստուածաշունչի տպագրութեան գործին նախաձեռնող-հովանաւորող հայրապետը՝ Յակոբ Ջուղայեցին։ Ինք եւս իր կեանքը կնքեց Կ.Պոլսոյ երկնակամարին ներքեւ, ուր եկաւ առկայ վիճաբանութիւններուն վերջ տալու առաջադրութեամբ։
Հայերս, որ ընդհանրապէս զուսպ ենք մարդիկ սրբացնելու գործին մէջ, Յակոբ Կաթողիկոս Պոլսոյ Հայ ժողովուրդին կողմէ ճանչցուած է որպէս «Հոգեւոր Տէր»։ Իր շիրիմը անցեալին կը գտնուէր Փանկալթըի գերեզմանատան մէջ, ապա փոխադրուած է Բերայի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հիւսիսային փակը։ Իր շիրիմը, այսօր եւս ուխտաւորներու այցելութեան վայր է։ Իսկ տեղացի ոչ-քրիստոնեաներու եւ յատկապէս Օսմանեան պալատին կողմէ ճանաչուած է որպէս «էվլիյա» (սրբակենցաղ անձնաւորութիւն) եւ իր շիրմին վրայ կանթեղ վառուած է ու կը վառի մինչեւ այսօր։
Հայ տպագրութեան պատմութեան ընթացքին Սուրբ Գրական մասնակի առաջին տպագրութիւնը տեղի կ՚ունենայ 1565-ին։ Աստուածաշունչ Մատեանի Հին Կտակարանի Սաղմոսաց գիրքը, հայերէնով առաջին անգամ տպագրուած է, Վենետիկի մէջ, Աբգար Դպիր Թոխաթեցիի կողմէ։
Իսկ Ս. Գիրքի հայերէն լրիւ առաջին տպագրութիւնը կատարուած է չափազանց դժուարին պայմաններու ներքեւ 1666-1668ին, Ամստերդամի մէջ՝ Ոսկան Եպիսկոպոս Երեւանցիի եւ Մատթէոս Վրդ. Ծարեցիի ջանքերով, Յակոբ Դ. Ջուղայեցի Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ։
Հետագային Աստուածաշունչը բազմիցս հրատարակուած է»։