Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլու հեռուստազրոյցի մը ընթացքին կապեր գոյացուցած էր Սետաթ Փեքեր, Էրհան Թունճել, Վելի Քիւչիւք անուններու եւ Պատերազի Յատուկ Ծառայութեան միջեւ։ Հրանդ Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպանները դատարանէն պահանջեցին որ գրութիւնով մը դիմէ Ներքին Գործոց Նախարարին եւ լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցէ իր պնդումներու մասին։
Յանցագործ աշխարհի կարեւոր դերակատարներէն Սետաթ Փեքեր հրապարակած էր նկարահանում մը, ուր զանազան մեղադրանքներ կը հնչեցնէր Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հասցէին։ Այդ պնդումներուն իբր պատասխան նախարարը 24 Մայիսին «Հապեր Թիւրք» հեռուստաընկերութեան էկրանէն յայտարարած էր թէ Հրանդ Տինքի ոճիրի դատապ արտեալներէն Էրհան Թունճելի եւ Սետաթ Փեքերի միջեւ յարաբերութիւն մը կայ։ Ան նաեւ յաւելած էր թէ Փեքեր կապի մէջ է նաեւ Վելի Քիւչիւքի հետ։
Պետական պաշտօնեաներու իբրեւ մեղադրեալ դատուած Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանը թէեւ արձակած էր իր վճիռը, բայց տակաւին կը շարունակուի թղթածրարները անջատուած Ֆեթուլահ Կիւլեն եւ Էքրեմ Տումանլըի նման անուններու դատավարութիւնը։ Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպան Հաքան Պաքըրճըօղլու Ներքին Գործոց Նախարարէն բացատրութիւն պահանջելու համար դիմումը 24 Յունիսին ներկայացուցած է դատարանին։ Աղերսագրի վերջին հատուածը հետեւեալն է. « Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլու Հրանդ Տինքի ոճիրի հետ կապուած Սետաթ Փեքերի, Վելի Քիւչիւքի եւ Պատերազմի Յատուկ Ծառայութեան յարաբերութիւններու մասին ելոյթ մը ունեցած է, ուր յայտնած է թէ կը խօսի ոչ թէ համակարգի, այլ մտայնութեան մասին։ Կը պահանջեմ որ իրեն գրութիւնով մը հարցնէք թէ՝
ա) Ի՞նչ է եւ որոնց կողմէ կառուցուած է Վելի Քիւչիւք, Սետաթ Փեքեր եւ Էրհան Թունճել անունները իրարու շաղկապող դրութիւնը։
բ) Էրհան Թունճել որո՞ւ կողմէ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս յանձնուած է Սետաթ Փեքերին։
գ) Ի՞նչ է Հրանդ Տինքի եւ Պատերազմի Յատուկ Ծառայութեան կապակցութիւնը։ Տինքի ոճիրը, այդ ծառայութեան մէկ գործողութի՞ւնն էր։
դ) Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Նախարար Սիւլէյման Սոյլուի 24 Մայիսի յայտարարութիւններուն հիմք ծառայող տեղեկութիւնները եւ փաստաթուղթերը տրամադրէ դատարանին»։