Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններն ու դիւանագիտական անձնակազմերու պետերը, որոնց ներկայութեան ան արտասանեց խօսք մը` ընդգծելով Լիբանանին օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը:
Տիապ յայտնեց, որ մինչ իրենք այս հանդիպումը կ՛ունենան, քաղաքացիները շարք բռնած են եւ կը սպասեն պենզինի կայարաններուն դիմաց, իսկ ոմանք դեղարաններէն դեղորայք կամ երեխաներու յատուկ կաթ կը փնտռեն: Ինչ կը վերաբերի բնակարաններուն, ապա լիբանանցիները իրենց տուներուն մէջ կ՛ապրին առանց ելեկտրականութեան, իրականութիւն մը, որ կը սպառնայ նաեւ հիւանդանոցներուն մէջ գտնուող հիւանդներու կեանքերուն», ըսաւ ան:
Տիապ շեշտեց, որ Լիբանան շատ մութ փապուղիի մը մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ քաղաքացիներուն դիմագրաւած ահռելի իրավիճակը հասած է ողբերգական մակարդակի: «Ապրուստի, կենցաղի, ընկերային, առողջապահական եւ ծառայութիւններու մարզերուն վերաբերող տագնապները Լիբանանը կը մղեն դէպի հսկայական աղէտ մը, որ կարելի չէ հակակշռել:
«Այսօր կը գտնուինք լիբանանեան վախազդու իրականութեան մը դիմաց: Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն սպառնացող վտանգն ու աղէտը պիտի հասնին նաեւ Լիբանանի աշխարհագրական սահմաններէն դուրս, եւ ոչ ոք պիտի կարենայ ինքզինք այդ իրավիճակէն փրկել կամ Լիբանանի փլուզումը կասեցնել», ըսաւ ան:
Տիապ հաստատեց, որ Լիբանանի կայունութիւնը շրջանային կայունութեան երաշխիքն է, «իսկ նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ կան մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ, ինչպէս նաեւ հարիւր հազարաւոր պաղեստինցի գաղթականներ, դժուար թէ կարելի ըլլայ կռահել Լիբանանի կայունութեան փլուզման հետեւանքները: Այս իրականութեան վրայ հիմնուելով կը հաստատենք, որ աշխարհը չի կրնար շարունակել պատժել լիբանանցիները կամ կռնակ դարձնել Լիբանանին: Այս քաղաքականութիւնը շարունակելը հաստատ կերպով վտանգաւոր նոր հետեւանքներու դռները պիտի բանայ, եւ կացութիւնը հակակշիռէ դուրս պիտի գայ, առիթ տալով ծայրայեղութիւններու ամրապնդումին», շեշտեց ան:
Տիապ դիտել տուաւ, որ միշտ լսած են այն կոչերը, թէ Լիբանանի օժանդակութիւնը պիտի ըլլայ բարեկարգումներու գործադրութեան հիման վրայ: «Այո՛, Լիբանան ելեւմտական եւ վարչական բարեկարգումներու կարիք ունի: Կառավարութիւնը` նախքան հրաժարիլը, տուած էր շարք մը որոշումներ, որոնք կը ներառէին էական եւ հիմնական բարեկարգումներ, որոնց գործադրութեան պատրաստ էր: Կառավարութիւնը մշակեց նաեւ ընդհանուր ապաքինման ծրագիր մը, որ կ՛ընդգրկէ տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումներ, որոնց գործադրութիւնը անմիջապէս կարելի է կատարել նոր կազմուելիք կառավարութեան կողմէ: Սակայն նոր կառավարութեան կազմութիւնը ուշացաւ, եւ լիբանանցիները համբերեցին ու հանդուրժեցին այդ յապաղումը: Այժմ սակայն հասած ենք կէտի մը, ուր լիբանանցի ժողովուրդին համբերութեան բաժակը սկսած է յորդիլ` տագնապներուն եւ տառապանքին աւելի խիստ կերպով շարունակուելուն պատճառով: Հետեւաբար Լիբանանին օժանդակութիւն տրամադրելու քայլը կառավարութեան կազմութեան հետ պայմանաւորելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան գոյացութեան համար», ընդգծեց Տիապ:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի վրայ բանեցուած ճնշումներն ու պարտադրուած շրջափակումը փտածներուն վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՛ունենան, այլ` լիբանանցիները կը մղեն սուղ վճարելու գինը, որ իր կարգին կը սպառնայ լիբանանցիի կեանքին ու ապագային, ինչպէս նաեւ աշխարհին օրինակ ծառայելու իր պատգամին: «Լիբանանէն արձանագրուած արտագաղթը կը փաստէ յուսախաբութիւնը այն լիբանանցիներուն, որոնք որոշած են հայրենիքը լքել», յայտնեց ան:
Տիապ կոչ ուղղեց աշխարհին փրկելու Լիբանանը, ինչպէս նաեւ եղբայր եւ բարեկամ երկիրներէն խնդրեց լիբանանցիներուն նեցուկ կանգնիլ: «Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին լիբանանցիները հաշուետուութեան չկանչելու` փտածներուն գործած յանցանքներուն համար», շեշտեց Տիապ:
Ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ է լիբանանցիներուն յանցանքը եւ ինչո՞ւ անոնք սուղ պէտք է վճարեն փտածներուն գործած աւերներուն գինը: «Արդեօք պահանջուա՞ծ է, որ լիբանանցիները հիւանդանոցներուն դռներուն դիմաց իրենց վերջին շունչը փչեն` փտածները հաշուետուութեան կանչելու ի խնդիր», հարց տուաւ Տիապ` կոչ ուղղելով եղբայր եւ բարեկամ երկիրներու թագաւորներուն, իշխաններուն եւ նախագահներուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ին ու միջազգային ընտանիքին օժանդակելու` լիբանանցիները մահէ ազատելու եւ Լիբանանի վերացումը արգիլելու:
«Լիբանանը օրեր կը բաժնեն ընկերային պայթումէ մը, եւ լիբանանցիները առանձին կը դիմագրաւեն այս մութ ճակատագիրը», հաստատեց ան:
Տիապ նշեց, որ կառավարութեան որդեգրած բոլոր դասաւորումները ուշացուցած են երկրին փլուզումը, սակայն կարելի չէ այդ փլուզումը արգիլել, երբ երկրին շրջափակումը կը շարունակուի եւ շնչահեղձ կը դարձնէ քաղաքացիները:
«Ինչպէ՞ս երկիր մը կրնայ 11 ամիս դիմանալ առանց կառավարութեան մը, որ խորհրդարանին վստահութեան քուէն կը վայելէ եւ սահմանադրական իրաւասութիւններ ունի: Ինչպէ՞ս երկիր մը կը շարունակէ իր ընթացքը, երբ եղբայր եւ բարեկամ երկիրները կռնակ կը դարձնեն իրմէ: Ինչպէ՞ս կարելի է 200 միլիոն տոլարով 2021-ի համար ելեկտրականութիւն ապահովել, երբ տարեկան դրութեամբ 2 միլիառ տոլար կը ծախսուէր միայն 14 ժամուան ելեկտրական հոսանք ապահովելու համար», հարց տուաւ Տիապ:
Ան շեշտեց, որ ինք ամենայն յանդգնութեամբ կրնայ հաստատել, որ այս կառավարութիւնը կամ որեւէ այլ կառավարութիւն չի կրնար երկիրը փրկել` առանց եղբայր երկիրներուն եւ միջազգային հաստատութիւններուն օժանդակութեան:
Ան ընդգծեց անյապաղ նոր կառավարութեան մը կազմութեան անհրաժեշտութիւնը եւ Դրամական միջազգային ֆոնտին հետ անմիջական բանակցութիւններու սկսելու կարեւորութիւնը, որպէսզի երկիրը կարելի ըլլայ փրկել իր դժուար եւ վտանգաւոր իրավիճակէն: