ԱՄՆ-ի Կրօնքի Ազատութիւններու Յանձնախումբը (USCBRF) հրատարակեց 2020 թուականի կրօնական ազատութիւններու մասին իր տարեկան տեղեկագիրը։ Կ՚առաջարկուի Թուրքիան ներառել յատուկ հետապնդման արժանի երկիրներու ցանկին մէջ։ Այդ ցանկը կը պատկանի կրօնական ազատութիւններուն ոտնակոխման կառավարութեան ձեռքով առիթ տուող երկիրներուն։ Ընդգծուած է Սուրբ Սոֆիայի տաճարին մզկիթի վերածուելու երեւոյթը։
Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու մասին կը տրուին թուային տուեալներ։ Տեղեկագրի համաձայն երկրի բնակչութեան 99 տոկոսը կը բաղկանայ մահմէտականներէ։ Անոր ջախջախիչ մեծամասնութիւնը սիւննիադաւան են եւ կը պատկանին հանեֆի աղանդին։ Աւելիները, քիւրտ եւ թուրք միասնաբար կը կազմեն 25 տոկոս։ Այլ կրօնական փոքրամասնութիւնները մեծաւ մասամբ կը բնակին Իսթանպուլ եւ մի քանի ուրիշ քաղաքներու մէջ։ Երկրի հարաւ արեւելեան տարածքներուն ալ կարելի է հանդիպիլ ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններու խմբակներուն։ Տեղեկագիրը կը նշէ թէ Թուրքիոյ մէջ մօտաւորապէս 90 հազար Հայ առաքելական, 25 հազար լատին կաթողիկէներ, որոնց կարգին են նաեւ Ափրիկեան երկիրները եւ Փիղիփեան կղզիներէ գաղթածներ։ Կը նշուի նաեւ 16 հազար հրեաներու, 25 հազար ասորի ուղափառներու, 15 հազար ռուս ուղղափառներու եւ 10 հազար պահայիներու գոյութիւնը։ Բողոքականները կը յիշուին իբրեւ 10 հազար, Եհովայի վկաները 5 հազար, քաղդէացիները 3 հազար, յոյն ուղղափառները 2 հազար 500 եւ աւելի նուազ թիւով ալ հայ կաթողիկէներ Պուլկար եւ Վրացի ուղղափառներ, նասթորեաններ, ասոր եւ քաղդէացի կաթողիկէներ, մարոնիներ եւ մորմոններ։
Տեղեկագիրը կը նշէ թէ տուեալ փոքրամասնութիւնները զանազան ճնշումներո կ՚ենթարկուին երկրի մեծամասնութիւնը կազմող սիւննի մահմետականներուն եւ կրօնամէտ կառավարութեան կողմէ։