«Ազդակ»-ի 33-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 8 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Դասախօսն էր «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Փրոֆ. Դանիէլեան ներկայացուց հայագիտական ուսումնառութեան ներկայ իրավիճակը, կրթական մրցունակ ցանցի եւ կրթական միասնական ծրագիրի բացակայութիւնը:
Դասախօսը տուեալներով ներկայացուց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթական ծրագիրներուն մէջ արեւմտահայերէն գրականութեան եւ արեւմտահայ գրողներու ու բանաստեղծներու ներառուած բաժինը, որ հեռու է արեւմտահայ գրականութեան ճանաչողականութիւնը ապահովելու առաջադրանքէն:
Դասախօսը օրինակներ տալով նշեց նաեւ, որ այն գրողները, որոնք արեւմտահայ գրականութենէն անցում կատարած են արեւելահայ գրականութեան, չեն նպաստած ընդհանրապէս հայ գրականութեան զարգացման:
Փրոֆ. Դանիէլեան յատուկ վերլուծում կատարեց պոլսահայ գրականութեան երեւոյթին վերաբերեալ` նկատի ունենալով յատկապէս 1970-ական թուականներէն մինչեւ 2010 երկարող ժամանակահատուածը:
Արեւմտահայ գրականութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու պատրաստութիւնը հրամայական նկատելով` դասախօսը ընդգծեց արեւմտահայ գրականութեան ճանաչողականութեան ապահովման համար Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք համատեղ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:
«Մտաւորականութեան պարտականութիւնն է պաշտպանել արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի զուգընթաց ճանապարհը», եզրափակեց փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան:
Դասախօսութեան հետեւեցաւ գրականագիտութեան եւ լեզուաբանութեան արդի հարցերուն, միացեալ ուղղագրութիւն որդեգրելու եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արեւմտահայ գրականութեան ճանաչողականութեան մակարդակը բարձրացնելու մասին քննարկում: