Լիբանան ներկայիս կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամէնէն վատ ընկերային, տնտեսական եւ ելեւմտական ճգնաժամը: Ըստ միջազգային ելեւմտական տեղեկագիրի մը, ասիկա վերջին 150 տարուան ընթացքին աշխարհի որեւէ երկիր հարուածած մեծագոյն եւ վատագոյն ճգնաժամն է: 2019-ի կէսերէն, երբ կամաց-կամաց սկսաւ գլուխ բարձրացնել դրամատնային տագնապը, երկիրը ամէն օր քիչ մը աւելի կը մխրճուի անելանելի փապուղիի մէջ: Ներկայիս Լիբանանի մէջ հասարակական եւ պետական կեանքի ոչ մէկ օղակ կ՛աշխատի բնականոն կերպով: Նոյնիսկ` առողջապահական բնագաւառը: Լիբանանը, որ Միջին Արեւելքի շրջանի հիւանդանոցային ծառայութիւններու կեդրոնն էր, ներկայիս, առկայ ճգնաժամային պայմաններուն պատճառով, ականատես կը դառնայ իր բժշկական մարդուժի արտագաղթին եւ համակարգի փոշիացումին:
Դրամատնային-ելեւմտական-տնտեսական ճգնաժամը բազմաճիւղ է: Նախ կայ, ինչպէս վերը նշեցինք, ընդհանուր դրամատնային տագնապը, որուն բազմաթիւ երեսներէն են` լիբանանեան դրամանիշի ամէնօրեայ գահավէժ արժեզրկումը տոլարին դիմաց, լիբանանցի քաղաքացիին` դրամատուներուն մէջ իր պահ դրած գումարը չկարենալ ձեռք ձգելը, ճգնաժամը առաջին իսկ օրէն դրամատուներուն մէջ մեծ գումարներ ունեցողներուն կողմէ իրենց գումարներուն օտար երկիրներու դրամատուներ փոխանցումը, ապօրինի գործարքներու պատճառով երկրին վերնախաւին կողմէ դրամական հսկայական միջոցներու իւրացումը:
Այս բոլորը եւ տակաւին ուրիշ շատ պատճառներ, ինչպէս` տարիներէ ի վեր պետական վարչամեքենային մէջ բոյն դրած` նիւթական միջոցներու ահաւոր մսխումի երեւոյթները, մեծ ծաւալներու հասնող կաշառակերութիւնը արդէն իսկ անդամալուծած են պետութիւնը եւ անոր գործառոյթները: Ի տես լիբանանեան դրամանիշի գահավէժ արժեզրկումին, ականատես կը դառնանք առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու, ուտեստեղէնի գիներու երեւակայական բարձրացումներու: Գիներու այնպիսի բարձրացում, որ անհամատեղելի է լիբանանցի քաղաքացիներուն ստացած նուազագոյն աշխատավարձին հետ: Լիբանանի ներկայ ճգնաժամը ժողովուրդի բոլոր խաւերուն` հարուստներուն եւ աղքատներուն վնաս կը հասցնէ հաւասարապէս ճգնաժամի սկիզբէն մինչեւ հիմա քանի-քանի հաստատութիւններ, ընկերութիւններ, խանութներ, գործարաններ փակուած են: Բայց եւ այնպէս ամէնէն մեծ վնասը կը հասնի աղքատ, համեստ խաւին, սահմանափակ եկամուտներու տէր անձերուն, որոնք անցնող ամիսներուն կանոնաւոր աշխատավարձ չստացան, շատեր` իրենց աշխատած հաստատութիւններու փակումին պատճառով, գործազուրկ դարձան, իսկ ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ամէն յոյս կորսնցուցած, պարկ մը նպաստ ստանալու մուրացիկի դերին մէջ գտաւ ինքզինք:
Սա վատ երեւոյթ է, այո՛, բայց կայ ասոր երկրորդ երեսը, որ ոգեշնչող է, եւ ասիկա մենք տեսանք մեր լիբանանահայ իրականութեան մէջ: Այս ծանր պայմաններուն մէջ, հայկական կառոյցներ, բարերարներ, տարբեր-տարբեր նախաձեռնութիւններ երբ պարկ մը նպաստ կը բաշխէին, նիւթական օժանդակութիւն կը կատարէին կամ մարդոց ինչ-ինչ կարիքներուն կ՛օժանդակէին, այս աշխատանքը կը կատարէին անշահախնդրօրէն` առանց դիմացը որեւէ ակնկալիք ունենալու: Ասիկա կը նշենք` ի տարբերութիւն լիբանանեան այլ շրջանակներու մէջ կատարուած նպաստաբաշխումի կամ օժանդակութեան աշխատանքներուն, որոնց մէջ ցայտուն կերպով կ՛երեւէր քաղաքական շահագործումը եւ կատարուածը քաղաքական նպատակներու ծառայեցումը:
Եւ ահաւասիկ հասած ենք տեղ մը, ուր ամէնօրեայ կշռոյթով կը զգացուի վառելանիւթի տագնապ, դեղորայքի տագնապ, վառելանիւթի տագնապին իբրեւ հետեւանք` օրուան հացի տագնապ, բժշկական սարքաւորումներու պակասի տագնապ, ելեկտրականութեան տագնապ, տագնապ, տագնապ, տագնապ…
Կ՛ըսուի, թէ երկրին հասած այս գահավէժ ընթացքին պատճառը տարիներէ ի վեր պետութեան մէջ բոյն դրած փտածութիւնն է: Կ՛ըսուի նաեւ, որ այս ընթացքին պատճառը Լիբանանէն դուրս պէտք է փնտռել: Այսինքն` լիբանանեան քաղաքական իշխանութեան որդեգրած աշխարհաքաղաքակական ընտրանքին պատճառով պարտադրուած արտաքին շրջափակման մէջ: Սակայն իրականութիւն այն է, որ երկիրը, պետութիւնը , հասարակութիւնը ամբողջ բռնած են փլուզման ճամբան:
Փլուզումէն ետդարձ կատարելու համար, բարելաւումի ընթացքը որդեգրելու համար անհրաժեշտ է բռնել բարեկարգումներու երկար ուղին: Միջազգային մակարդակի վրայ կարեւորագոյն դերակատարները իրենք կը նշեն, որ Լիբանանը չի կրնար ակնկալել անոնց օժանդակութիւնը, եթէ չձեռնարկէ լուրջ, արմատական բարեկարգումներու իր դրամատնային, ելեւմտական, տնտեսական, ուժանիւթի եւ այլ բնագաւառներուն մէջ: Բայց բարեկարգումներուն ճամբան բռնելու համար կարեւոր է ամբողջական լիազօրութիւններով կառավարութեան մը կազմութիւնը: Այս գահավէժ վիճակին մէջ երկրին գործադիր իշխանութեան գործերը չեն կրնար երկար շարունակուիլ ընթացիկ աշխատանքներ կատարելու տրամաբանութեամբ, վարչապետի եւ նախարարներու պաշտօնակատարներով, որոնց լիազօրութիւնները կը մնան սահմանափակ: Ուրեմն, անհրաժեշտ է օր առաջ փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը, որ գործնական ընթացքի մէջ պիտի դնէ բարեկարգումի ծրագիրները` առանց որոնց օտար երկիրներու օժանդակութիւնը կարելի չէ: