Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան ընկերակցութեան վերջին շրջանի գործունէութեան մասին հարցազրոյց մը տուաւ մեր պաշտօնակից «Վանայ Ձայն»-ին:
«ՀԱՐՑՈՒՄ».- Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը լայնածաւալ գործունէութիւն կը տանի. խնդրեմ` խօսինք կառոյցին եւ անոր հիմնական առաքելութեան մասին:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ.- Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը` Armenian Missionary Association of America (AMAA), հիմնուած է 1918-ին, Եղեռնէն անմիջապէս ետք, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կողմէ, Մասաչուսէց նահանգին մէջ: Այդ տարիներուն նկատի ունենալով Եղեռնը եւ Եղեռնի մնացորդացի տժգոյն վիճակը, մեր այրիները, որբերը, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը կը սկսի անմիջապէս ծրագրել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է օգտակար ըլլալ Եղեռնէն փրկուած եւ Միջին Արեւելք հասած զանգուածներուն: 2 տարի տեւող խորհրդակցութիւններէ ետք Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը կը կազմէ Ամերիկայի Աւետարանչական ընկերակցութիւնը, որ կը հանդիսանայ աւետարանական եկեղեցւոյ բարեսիրական, մարդասիրական թեւը, որ մեր բոլոր եկեղեցիներուն եւ միութիւններուն կողքին կ՛ըլլայ անկախ էութիւն մը, ամերիկեան անկախ կազմակերպութիւն մը, որ իր 100-ամեակը նշեց 2018-ին: Շուրջ 103 տարիներէ ի վեր ան կը ծառայէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ֆիզիքական վերելքին, ուր որ ալ գտնուին անոնք անխտիր: Մեր ծառայութիւններու դաշտը կը ներառէ հոգեւոր, կրթական, մարդասիրական բնագաւառներն ու երիտասարդներու յատուկ զարգացումի աշխատանքները: Այս 4 սիւները կը հանդիսանան մեր գործունէութեան ոլորտը, իսկ մեր պատուանդանը կը մնայ հոգեւոր կեանքը, Աստուծոյ ծանօթացում մեր ժողովուրդին եւ Աստուծոյ խօսքին սփռումը, ինչպէս Քրիստոս պատուիրեց իր աշակերտներուն:
Հ.- Անդրադառնանք Եղեռնի շրջանին ընկերակցութեան ծաւալած կրթական-բարեսիրական ծրագիրներուն:
Զ. Խ.- Սպանդի ենթարկուած, տարագրուած, իր ինչքերը կորսնցուցած հայութիւնը անտէր-անտիրական հասաւ տարբեր երկիրներ: Ինչպէս բոլորը, նաեւ Հայ աւետարանական եկեղեցին տակաւ առ տակաւ սկսաւ իր եկեղեցին կառուցել, իսկ անոր կողքին` վարժարանը: Այդ ձեւով Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուեցաւ հայ աւետարանական եկեղեցիներուն վարժարաններու ցանցը, որուն աշակերտներու թիւը պատկառելի տոկոս կը կազմէր հայ աշակերտներու թիւին մէջ` թէ՛ Սուրիոյ, եւ թէ՛ յատկապէս Լիբանանի մէջ: Բայց եւ այնպէս, ժամանակի թաւալումով եւ Միջին Արեւելքի տարբեր դէպքերու պատճառած հայաթափման իբրեւ հետեւանք` այդ կրթական ցանցերը աւելի փոքրացան. հակառակ ասոր, տակաւին կը շարունակեն աւետարանական վարժարաններ գործել Սուրիոյ մէջ, ուր կան հայ աւետարանական մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական` Բեթէլ վարժարանը, նաեւ կայ հայ աւետարանական հիմք ունեցող Ալեփփօ քոլեճը, ուր, սակայն, վերջին քանի մը տարիներուն հայ աշակերտ չունինք, սակայն հայ աւետարանական համայնքն է, որ կը վարէ այդ վարժարանը: Այդտեղ կայ նախակրթարան մը, երկրորդական վարժարան եւ այդ բոլորը կը պատկանին համայնքին: Լիբանանի մէջ շատ աւելի փայլուն է պատկերը` նկատի ունենալով, որ մենք այժմ ունինք 4 երկրորդական վարժարաններ` քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճը, Էշրեֆիէի Բարձրագոյն վարժարանը, Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը եւ Այնճարի հայ աւետարանական կեդրոնը, ուր նաեւ ունինք գիշերօթիկ մը:
Հ.- Անդրադառնանք Սուրիոյ մէջ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադրած ծրագիրներուն եւ անոնց գործադրութեան ընթացքին:
Զ. Խ.- 2012-էն արդէն իսկ ներգրաւուած ենք սուրիահայութեան օգնութեան հասնելու աշխատանքին մէջ. Լոս Անճելըսի մէջ 10 մեծ հաստատուն կազմակերպութիւններու հետ` 4 եկեղեցի, 3 կուսակցութիւն եւ 3 բարեսիրական կազմակերպութիւններ, հիմնեցինք ՍԱՐՖ-ը, որուն ընդմէջէն ալ կատարեցինք մեր օժանդակութեան աշխատանքը: Մեր այդ շրջանի գլխաւոր նպաստը եղաւ գոյացնել եւ Սուրիոյ հայութեան փոխանցել նիւթական անհրաժեշտ միջոցները, որպէսզի սուրիահայութիւնը տագնապին դիմադրելու եւ դիմագրաւելու կարելիութիւն ունենայ: Առաջին երկու տարիներուն եւ յետոյ ալ ՍԱՐՖ-ը շարունակեց իր առաքելութիւնը, իսկ 2014-էն ետք աւետարանչականին միջոցով ես շարունակեցի այդ աշխատանքը: Շատ կարեւոր էր, որ պատերազմի այդ տագնապալից տարիներուն, երբ գոյութենական տագնապ կար, մենք շարունակեցինք նիւթական նպաստով ձեռք երկարել սուրիահայութեան, եւ պէտք է ըսել, որ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի գլխաւորութեամբ, հայ աւետարանական համայնքը կարողացաւ օժանդակութեան հասնիլ ոչ միայն համայնքի զաւակներուն, որոնք Սուրիոյ կամ Հալէպի մէջ փոքրամասնութիւն էին, այլ նաեւ հոն մնացած ամբողջ գաղութին` հասնելով անոնց բժշկական կարիքներուն, կրթական հաստատութիւններու մեր գոյատեւման, ինչպէս նաեւ հոգեւոր մարզին մէջ պէտք եղած հոգեւոր ներուժը տալով ժողովուրդին` դիմանալու, դիմադրելու:
Ասոր կողքին, Ամերիկայի մէջ մենք հետամուտ եղանք գիտակցութիւն սերմանելու ամերիկահայութեան եւ ամերիկացիներուն մէջ, որովհետեւ ընդհանրապէս անոնք ծանօթ չեն, թէ ի՛նչ կը պատահի Սուրիոյ մէջ, ինչո՛ւ կը պատահի եւ այլն: Մենք կարողացանք այդ արթնութեան, գիտակցութեան մակարդակը բարձրացնել, ինչ որ կարեւոր էր նաեւ նպաստի ապահովման համար: Այդ ձեւով մեր կարողութեան ներած չափով կրցանք իրազեկել տագնապին, աղէտի պայմաններուն մէջ գտնուող մեր ժողովուրդի վիճակին մասին` անհրաժեշտ նպաստ ապահովելու համար սուրիահայ մեր քոյր-եղբայրներուն: Բայց եւ այնպէս եկաւ ժամանակ, երբ պետական պատժամիջոցներու պատճառով արգիլուեցաւ մեզի Սուրիա նիւթական օժանդակութիւն փոխանցել, ինչ որ մեծ ցաւ պատճառեց մեզի, եւ մենք մէկ տարի չկարողացանք մեր պարտականութիւնը կատարել եւ առաքելութիւնը իրականացնել, բայց այդ միջոցին մենք ոգի ի բռին պայքարեցանք, որպէսզի կարենանք այլ ձեւի արտօնութիւն գտնել եւ մեր նպաստը շարունակել սուրիահայութեան, այդ օրէն ի վեր ալ կը շարունակենք նոյն ձեւով:
Հ.- Հայ աւետարանակչական ընկերակցութիւնը Լիբանանի վերաբերող եւ լիբանանահայութեան օժանդակութեան նպատակ հետապնդող ծրագիրներ մշակա՞ծ է:
Զ. Խ.- Իրականութիւն մը կայ, որուն մասին ընդհանրապէս հանրութիւնը տեղեակ չէ, որ` մեր ընկերակցութիւնը տարիներէ ի վեր այս տագնապներէն հեռու, կ՛օժանդակէ հայ աւետարանական համայնքին, անոր հաստատութիւններուն, Հայ աւետարանական Մերձաւոր Արեւելքի միութեան` Պարսկաստանէն Իրաք, Լիբանան, Սուրիա, Կիպրոս, Յունաստան, Եգիպտոս եւ Թուրքիա: Իսկ արտակարգ դրութեան, տագնապներու, աղէտներու ատեն օժանդակութիւն տրամադրելու մեր պիւտճէն կը բարձրանայ: Հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ, երբ անդրադարձանք, որ լիբանանեան տագնապը խոր է, անմիջականօրէն մեր օժանդակութեան մակարդակը բարձրացուցինք, ու նաեւ յստակ կերպով մեր թելադրութիւնը եղաւ, որ այս օժանդակութիւնը ընդհանրական հաւաքական հայութեան համար է եւ ամբողջ հայութեան կը ծառայէ, այդպիսով ալ մեր ընկերային ծառայութեան գրասենեակին միջոցով հասցուցինք եւ կը հասցնենք յատկապէս Պուրճ Համուտիմեր ժողովուրդին: Երբ Պէյրութի պայթումը եղաւ օգոստոս 4-ին, արդէն ահազանգը շատ աւելի բարձր հնչած էր: Այդ օրէն սկսեալ մենք անմիջապէս ահազանգը հնչեցուցինք նաեւ Ամերիկայի մէջ, եւ պէտք է ըսել, որ մեր ժողովուրդը խուռներամ եւ առատաձեռնօրէն օժանդակեց, եւ մենք մէկ ամսուան մէջ հայ աւետարանական եկեղեցիներու, կառոյցներու, կեդրոնի եւ զանազան վարժարաններու եւ կառոյցներու վերաշինութեան անհրաժեշտ պիւտճէն ամբողջացուցինք ու ուղարկեցինք: Այսօր ես ուրախութեամբ ականատես եղայ, որ բոլոր հաստատութիւնները նորոգուած, վերաշինուած են ու կը ծառայեն մեր ժողովուրդին, իսկ այդ ծառայութիւնը արդէն մեր ամբողջական ժողովուրդին է, որովհետեւ մեր վարժարաններուն մէջ, Հայկազեան համալսարանին մէջ աշակերտներուն թիւը մեծամասնութեամբ աւետարանկան է: Բայց մեզի համար խտրականութիւն չկայ, տարբերութիւն չենք տեսներ, նպատակը միշտ ընդհանրական ժողովուրդին` գաղութներուն ծառայելն է:
Հ.- Լիբանանի զուգահեռ, նախորդ տարի տագնապը սրեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ, իսկ դուք անդամ էք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, անոր միջոցով ի՞նչ ծրագիրներ իրականացուցիք եւ ի՞նչ նոր նախաձեռնութիւններ ունիք:
Զ. Խ.- Մենք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ջատագովներէն ենք հաստատ կերպով, որպէս համայնք` միշտ նեցուկ կը կանգնինք եւ ամէն տարի կը մասնակցինք թելեթոններու հանգանակութեան. Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք հայութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ չար աղէտին` արցախեան պատերազմին: Արցախի պատերազմին աւետարանչականը անմիջապէս 1 միլիոն տոլար նուիրեց այս համահայկական հիմնադրամի պատերազմի պիւտճէին, իսկ անկէ անդին, ինչպէս յիշեցի քիչ առաջ Սուրիոյ եւ Լիբանանի առնչութեամբ, իրականութիւն է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի պարագային, երբ անոնք կը գտնուին տագնապին առջեւ: Աւետարանչականը Հայաստան մուտք գործեց 1988-ի երկրաշարժէն ետք, երբ ստեղծեց որբերու խնամութեան մարմին մը, որ 33 տարիներէ ի վեր նախ որբերու, իսկ ներկայիս մանուկներու օգնութիւն կը տրամադրենք` «Օրֆըն էնտ չայլտ քեր» ծրագիրով: Այս մարմինը առաջին առաքելութիւնն էր Հայաստանի մէջ: Ցարդ տասնեակ հազարաւոր մանուկներու եւ պատանիներու այս տարիներուն ընթացքին նպաստ տուած ենք, օգտակար եղած ենք անոնց ընտանիքներուն` թէ՛ նիւթական, թէ՛ բարոյական, թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ կրթական, թէ՛ ֆիզիքական օժանդակութիւն տրամադրելով: Իսկ անկէ անդին արդէն զանազան այլ ծրագիրներ ունինք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Մեր կրթական ծրագիրները բաւական լայնածաւալ են, մանրամասնութիւններ չտամ, բայց ըսեմ, որ Աւետարանչականի պիւտճէին 50 առ հարիւրը կը յատկացուի Արցախի եւ Հայաստանի. այնպէս որ, առիւծի բաժինը այդ է, հսկայ նուիրատուութիւն կայ այդտեղ: Իսկ արցախեան պատերազմէն ետք, հոն ալ նկատի ունենալով աղէտին հետեւանքները, մեր հոգաբարձութիւնը անմիջապէս յատուկ յատկացումներ ըրաւ մանաւանդ արցախցիներու` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ: Մենք մեծ ծրագիրներ մշակեցինք ֆիզիքապէս օգտակար ըլլալու գլխաւորաբար մանուկներուն եւ մինչեւ 14 տարեկան պատանիներուն եւ մօտ վեց ծրագիրներ անմիջապէս իրականացուցինք տեղահանուած եւ Արցախ վերադարձող ընտանիքներուն: Նպատակը` ապահովել Արցախի բնակչութեան վերադարձը Արցախ: Մենք մանկապարտէզներ ունինք Մարտակերտի, Ստեփանակերտի եւ Ասկերանի մէջ, նաեւ ունէինք Շուշիի մէջ, չորս մանկապարտէզներ, 2 արտադպրոցական ուսումնարաններ եւ ունէինք ճամբար մը Շուշիի մէջ: Շուշիի մէջ եղածները կորսնցուցինք, բայց չողբացինք անոնց կորուստը, այլ անմիջապէս այս ծառայութիւններու դռները բացինք Ստեփանակերտի մէջ եւ ընդունեցինք բոլոր անոնք, որոնք Շուշիէն Ստեփանակերտ փոխադրուած են. զանոնք առինք հոգատարութեան տակ, մեր վարժարանները հոն արդէն իսկ կը շարունակեն ծառայել բոլորին: Նաեւ որոշեցինք ընդլայնել մեր ծառայութիւնը, եւ նախագահը ազնիւ գտնուեցաւ պետութեան կողմէ մեզի տրամադրելով կալուած մը, որ ներկայիս շինութեան մէջ է, եւ որ պիտի ծառայէ մեր մանկապարտէզի 120 մանուկներուն թիւը բարձրացնելու 200 մանուկի: Նաեւ Շուշիի մէջ կորսնցուցած մեր շօ կեդրոնը փոխադրեցինք Ստեփանակերտի, ուր գտնուող ներկայ մանկապարտէզը կը վերածենք շօ կեդրոնի, կրթական փարոսին` հոն ալ լայն տարածելով մեր ծառայութիւնները: Նաեւ Ասկերանի եւ Մարտակերտի մէջ կը շարունակենք մեր կրթական, հոգեւոր եւ ֆիզիքական ծառայութիւնները: Այս բոլորին կողքին, նաեւ արդէն սկսած եւ ամբողջացուցած ենք բնակարաններու նորոգութիւն. Ստեփանակերտի մէջ շուրջ 10- 11 բնակարան արդէն պատրաստ են, հիմա կեդրոնացած ենք Մարտունի քաղաքին մէջ, ուր ստանձնած ենք թաղ մը, ուր գտնուող առանձնատուները, որոնց ընտանիքները հեռացած էին ռմբակոծումի եւ կործանման պատճառով, հիմա նորոգութեան մէջ են, որպէսզի այդ ընտանիքները վերադառնան եւ իրենց տուներուն մէջ ապրին: Այս բոլորը ծրագիրները տակաւին կը շարունակուին:
Հ.- Հայաստանի սահմանային շրջաններուն մէջ եւս ներկայիս տարբեր դժուարութիւններ կան: Հայաստանի մէջ ձեր ծրագիրներուն բնոյթը ի՞նչ է:
Զ. Խ.- Հայաստանի մէջ եւս վերը նշուած նոյն ծրագիրները գոյութիւն ունին: Մենք Հայաստանի մէջ ունինք շուրջ 30-35 աւետարանչական կեդրոններ, որոնց մէջ` եկեղեցիներ: Այս բոլորին ճամբով մեր ծառայութիւնները կը մատուցուէին եւ կը շարունակուին, նաեւ ունինք կրթական կեդրոն մը` Աւետիսեան վարժարանը Մալաթիա-Սեբաստիա շրջանին մէջ, որ աւելի նուազ բարեկեցիկ շրջան մըն է, ուր յատուկ կերպով վարժարանը հաստատած ենք, որպէսզի հոն ապրող զաւակները որակաւոր ու ձրի ուսում ստանան, մօտ 550 աշակերտ ունինք այդ վարժարանին մէջ, որուն կարողականութիւնն է մինչեւ 1000-1100 աշակերտ ընդունիլ: Ամէն տարի աշակերտութեան թիւը կ՛աւելնայ, ուստի նաեւ` դասարանները:
Պատերազմի լոյսին տակ մեր նոր ծրագիրներէն է սահմանամերձ գիւղերու օժանդակութիւնը: Այնպէս որ, թէ՛ Վարդենիսի շրջանին Նոր տարիէն ի վեր շարունակական այցելութիւններով օգտակար կ՛ըլլանք ընդհանրապէս մանուկներու եւ պատանիներու, եւ ես անձամբ Արցախէն վերադարձիս յատկապէս այցելեցի Սիւնիքի մէջ գիւղ մը, եւ հոն` Սիւնիքի լեռներու վրայ գտնուող սահմանային գիւղերու հարկ եղած օժանդակութիւնը կը տրամադրենք. կը սերտենք, թէ ինչի՛ կարիք ունին անոնք, եւ մեր կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ կը փորձենք հասնիլ անոնց, բաւարարել զանոնք` միշտ կապի մէջ մնալով պատասխանատուներուն հետ եւ օժանդակելով բնակիչներուն:
Հ.- Միջին Արեւելքի ձեր այցելութեան նպատակին անդրադառնանք, խնդրեմ, նաեւ ընդհանուր ակնարկ` ապագային:
Զ. Խ.- Ես Հալէպէն կը վերադառնամ, կ’արժէ այս առիթը օգտագործել եւ քանի մը տպաւորութիւններ փոխանցել: Այս շրջապտոյտը ինծի համար առիթ եղաւ գետնի վրայ տեսնելու, թէ ի՛նչ է վիճակը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, ուր, տարբեր դժուարութիւններու ու հարցերու կողքին, ահաւոր է տնտեսական վիճակը:
Հալէպ քաղաքը այսօր կայունացած է, իր ցնցումէն դուրս ելած, բայց եւ այնպէս կայ սուրիահայերու թիւ մը, որ ձգած է Սուրիան` արդար կերպով, եւ արդէն տարածուած է սփիւռքի զանազան մասերը: Մեր ուրախութիւնն է, որ այդ չարիքէն բարիք մը ելաւ, որ սուրիահայութեան մէկ մասը այսօր հայրենիք կը գտնուի եւ իրենց տաղանդներով, իրենց ներուժով եւ կարողութիւններով տեղին համեմատ նոյնիսկ իրենց ճարտարութիւններով օգտակար կը դառնան հայրենքին: Սակայն հոն մնացած գաղութին ճակատագիրը բոլորիս համար հարց էր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ սուրիահայութեան ապագան, ի՛նչ պէտք է ըլլայ մեր ռազմավարութիւնը սուրիահայութեան նկատմամբ: Ես կը վերադառնամ Սուրիայէն` տեսնելով յոյսի նշոյլ մը, յոյսի շող մը, որ այս գաղութը կրնայ գոյատեւել, կրնայ ապրիլ, թէեւ պիտի չըլլայ կրկին հալէպահայ այդ հոծ գաղութը, որ էր պատերազմէն առաջ, բայց եւ այնպէս, ինչ որ կայ եւ ինչ որ գոյութիւն ունի Հալէպի մէջ, հաստատուն է, կայուն է եւ պէտք է օժանդակել անոր գոյատեւման: Հալէպը թթխմոր ըլլալով սփիւռքահայութեան` այսօր իր վարժարաններուն մէջ մօտ 2000 աշակերտ ունի, ուստի ամէն ձեւով պէտք է օգտակար դառնանք այս գաղութին եւ յոյս ալ ունենանք, որ տակաւին տայ իր հունձքը եւ ծառայէ սփիւռքահայութեան, եթէ պատահի, որ անոնք կրկին ձգեն Հալէպը: Իսկ մնացածը կրկին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` ըլլալով մայր գաղութը, որ այս մէկ դարու ընթացքին` Ցեղասպանութենէն ետք, գաղութ մը ըլլալէ անդին` դարձած է ոգի մը, ոգի մը` հայապահպանման, ոգի մը դիմադրութեան եւ ոգի մը` գոյատեւումի: Այդ ոգին գոյութիւն ունի այնտեղ եւ մեր ծրագիրն ու նպատակն է շարունակել եւ մակարդակը բարձրացնել մեր նպաստին, որպէսզի այդ գաղութը իսկապէս ոտքի կանգնի: Ես կը հաւատամ, որ եթէ տարածաշրջանի քաղաքական կեանքը խաղաղութեան հասնի, որուն կը հաւատամ` նկատի ունենալով, որ այսօրուան Արեւելք-Արեւմուտքի յարաբերութիւնները, Իրան-Միացեալ Նահանգներ կապերը, Միացեալ Նահանգներու մէջ իշխանափոխութիւնը, որոնք լաւատեսութիւն կը ներշնչեն մեզի, կրնայ սուրիահայութիւնը ու նաեւ լիբանանահայութիւնը դիմագրաւելով տնտեսական տագնապն ալ` ոտքի կանգնին եւ շարունակեն իրենց դերակատարութիւնը:
Պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ իսկապէս, որ աւերուած քաղաքները արագ եւ հսկայ մագլցումով ունեցած են տնտեսական աճ` վերաշինութեան միջոցով եւ արագ կերպով կարողացած են իրենք զիրենք գտնել` վկայ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Ճափոնն ու Գերմանիան, պատերազմէն ետք` Վիեթնամը:
Իմ կարգիս ես կը հաւատամ, որ Սուրիան ալ թեկնածու է այդպիսի տեղ մը ըլլալու, եւ մենք անպայման պիտի հասնինք հոն, նաեւ, ի պատիւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն, որոնք կը փափաքին, որ հայ գաղութն ու հայ համայնքը մնան այդտեղ եւ իր ներդրումը ունենայ այդ մագլցումին մէջ: Նաեւ անպայման մեր ուշադրութեան կորիզն է Լիբանանը` իր ապրած այս դժուար վիճակին մէջ. աւելի մեծ թափով կրկին կը շարունակենք օժանդակել լիբանանահայ կառոյցներուն, որպէսզի առողջ մնան, եթէ գաղթ մը կայ, կ՛ուզենք այդ գաղթը ունենայ մէկ հասցէ` դէպի հայրենիք, իսկ մնացած կառոյցները, որոնք տակաւին կենդանի են, կ՛ուզենք, որ ոչ միայն կենդանի մնան, այլեւ` առողջ: