Արցախի` ներկայիս Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ, մասնաւորաբար Վարանդա (Ֆիզուլի) եւ Շուշի քաղաքներուն մէջ սկսած է Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու շուրջ 50 ներկայացուցիչներու այցելութիւնը:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը երէկ հաղորդեց, որ դիւանագիտական ներկայացուցիչները նախ պիտի ծանօթանան Վարանդայի մէջ կառուցուող միջազգային օդակայանին, ապա պիտի այցելեն Վարանդայի ենթակայան:
Վարանդայէն ետք դիւանագէտները պիտի մեկնին Շուշի: Անոնք պիտի ծանօթանան քաղաքի տարբեր պատմամշակութային յուշարձաններուն:
Դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը պիտի աւարտի այսօր: