Շուշիի նկատմամբ Պաքուի պետական քաղաքականութիւնը ո՛չ միայն բնակեցման, վերանորոգութեան եւ մշակութային կեդրոնի վերածման ուղղութիւնները ներառած է, այլ նաեւ Անգարայի հետ համատեղ համաթուրքական ծրագիրի հռչակման կեդրոնի հանգամանք: Հիմա, Ազրպէյճանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցիչներու քարոզչական շրջագայութեան կազմակերպումով նաեւ` միջազգային ուշադրութիւն գրաւելու քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկուի:
Այս երեք ուղղութիւններուն մէջ վերջինը որքան ալ ցաւոտ կողմ ունենայ` դիւանագէտներու ընդառաջումի եւ մասնակցութեան առումով, այնուամենայնիւ առիթ է համեմատաբար այդ արհաւիրքային օրերուն հեռանկարային ուրուագծեր տեսնելու:
Շրջագայութեան հրաւէրը մերժած երկիրները Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան են: Շատ պարզօրէն տեսանելի` եռանախագահող երկիրները:
Այս կը նշանակէ պարզապէս, որ միջազգային ընտանիքի ճշդած միջնորդական առաքելութեան ձեւաչափը չէ սպառած ինքզինք: Որքան ալ Մոսկուա-Անգարա համատեղ համաձայնութիւններով նոր գոյավիճակ ստեղծուած է, այդուհանդերձ եռանախագահողները, որոնք համաձայնաբար մերժած են հրաւէրը, այսպիսով ուղերձ կը յղեն, թէ կարգաւորումը չէ կայացած, հակամարտութիւնը չէ լուծուած:
Իսկ եթէ չկայ կարգաւորում, չկայ հակամարտութեան հանգուցալուծում եւ խաղաղութեան համաձայնագիր, ուրեմն բանակցութիւնները պիտի շարունակուին միջնորդներու դերակատարութեամբ:
Եռանախագահող երկիրներու դեսպաններուն մերժումը պարզապէս ջրել է Պաքուի եւ Անգարայի յայտարարութիւնները, թէ Արցախի հարցը անցեալին կը պատկանի:
Միջազգային մակարդակի վրայ կան տակաւին հակասական այլ երանգներ եւս: Միջազգային ընտանիքն է, որ լիազօրած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը միջնորդելու համար կարգաւորման բնակցութիւններուն: Այդ լիազօրուած խմբակն է, որ այս ձեւով պարզ կը դարձնէ, որ արցախեան հակամարտութիւնը չէ լուծուած. կան տակաւին բանակցելի եւ համաձայնելի կէտեր: Իսկ Շուշի այցելելու մերժումը այսօրուան դրութեամբ, պարզապէս Շուշիի կարգավիճակի անորոշութեան հետ կապ ունի. այսինքն տակաւին բանակցելի եւ համաձայնելի: Միջազգային ընտանիքի անդամ պետութիւններու դիաւանագիտական ներկայացուցիչները այս ձեւով հակասած կ՛ըլլան նաեւ իրենց լիազօրած խմբակի անդամներուն, որոնք չեն ընդունած տակաւին Շուշիի եւ այլ տարածքներու ռազմական վերահսկողութեան այսօրուան պատկերը:
Մերժումի այս փաստը անպայման կը ներառուի իւրաքանչիւր այցելած դեսպանի ներկայացուցած երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան դէմ յղուող բողոքի նամակներուն: Պահն է, լայնածաւալ բողոքի ալիքի բարձրացման, դատապարտանքի, հաշուետուութիւն պահանջելու` Պաքուի ապակառուցողական արշաւին ներգրաւուած ըլլալու դէմ:
Այս երեւոյթը լիարժէք համապատասխան հակազդեցութեան կ՛արժանանայ անպայման: Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնները եւ Հայ դատի ամբողջ համակարգը այստեղ եղանակով սլաքները կրնան ուղղել եղելոյթը լիարժէք օգտագործելով բանակցային գործընթացը վերսկսելու եւ այդպիսով տապալելու Անգարա-Պաքու «Արցախի հարցը անցեալ է» քաղաքական միացեալ վարքագիծը:
Եռանախագահներու մերժումը պարզապէս համազօր է Շուշին եւ Հատրութը Արցախի անբաժանելի մաս նկատելու դիրքորոշումին: