ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը երկրի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասին բողոքագիր յղած է Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Նիքոլաս Փիփերիկոսի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած պատմական եւ ժողովրդագրական հայկական Արցախ այցելութեան հարցով: «1լուրեր» կայքին փոխանցումով, այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ» օրաթերթը:
Յունաստանի դեսպանը որոշած է միանալ Արցախի` Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած տարածքներ քարոզչական շրջագայութեան:
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը բաց նամակ յղած է Տենտիասին` արտայայտելով Յունաստանի հայ համայնքին զայրոյթը:
Նամակին մէջ կը նշուի, որ հայ համայնքը իր զարմանքն ու մտահոգութիւնը կը յայտնէ յոյն դեսպանին` գրաւուած հայկական Շուշիի մէջ Ալիեւի կազմակերպած սադրիչ տօնակատարութեան մասնակցութեան նկատմամբ ու կ՛ուզէ հասկնալ` տօնա՞ծ են Հայաստանի գերիշխան տարածք ներխուժելու Ազրպէյճանի ատելութեամբ լի գործողութիւնները, թէ՞ պատուած են բռնապետ մը, որ անօրինական կերպով տակաւին կը պահէ հայ պատերազմական գերիներն ու քաղաքայինները: