Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը բացատրած է, թէ ինչո՛ւ դեսպանը այդ երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու 40-է աւելի ներկայացուցիչներուն հետ չէ մեկնած Արցախի` այժմ Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի քաղաք:
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները անցեալ շաբաթավերջին օտարերկրեայ դեսպաններուն համար դէպի Վարանդա (Ֆիզուլի) եւ Շուշի շրջապտոյտ մը կազմակերպած էին: Սակայն Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպանները անտեսած էին Ազրպէյճանի կառավարութեան հրաւէրը. ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու դիրքորոշումը Ազրպէյճանի մէջ հանրային ընդվզում յառաջացուցած է:
Ազրպէյճանական «Հաքքին» լրատու գործակալութեան խմբագրութիւնը Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ըրլ Լիթցընպըրկըրէն խնդրած է պատասխանել նիւթին վերաբերեալ շարք մը հարցումներու:
Ստորեւ` ամերիկեան դեսպանատան պատասխանները.
Հարցում.- Ինչո՞ւ մերժեցիք Շուշի այցելելու կառավարութեան հրաւէրը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մենք չենք մեկնաբաներ դեսպանի ժամանակացոյցին վերաբերող մանրամասնութիւնները կամ պատճառները, թէ ինչո՛ւ ան չի կրնար ներկայ ըլլալ որոշակի ձեռնարկներու: Կ՛ուզենք նշել, որ ուրբաթ օր Պաքուի մէջ կային շարք մը դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք ի վիճակի չէին Ֆիզուլի եւ Շուշի մեկնելու:
Հ.- Միացեալ Նահանգներ տարբեր պատժամիջոցներ կը հաստատեն Ռուսիոյ դէմ: Միացեալ Նահանգները ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Ռուսիոյ ամուր դիրքորոշումին հետ համահունչ կը գործեն:
Պ.- Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատած են 2014-ին ուքրանական տարածքի բռնագրաւումի, չարամիտ համացանցային եւ հակաահաբեկչական գործողութիւններու, մարդոց վաճառքի, զէնքի տարածման եւ այլ չարամիտ գործողութիւններու համար: Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ հետ ճակատում չեն փնտռեր: Մենք անհամբեր կը սպասենք այն օրուան, երբ Ռուսիան պիտի վերադառնայ միջազգային պարտաւորութիւններու կանոններու վրայ հիմնուած բնորդի, ինչ որ մեզի կարելիութիւն պիտի տայ կառուցելու աւելի կայուն եւ կանխատեսելի երկկողմանի յարաբերութիւններ: Միացեալ Նահանգներ չեն բացառեր Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը` իբրեւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակի համանախագահներ` երկկողմանի եւ համաշխարհային հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են պատժամիջոցները, զէնքի կրճատումը եւ կլիմայի փոփոխութիւնը:
Հ.- Ինչո՞ւ Մինսքի խմբակի երեք համանախագահ երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպանները, հանդէս եկան նոյն դիրքորոշումով եւ մերժեցին 9 յուլիսին Շուշի այցելելու հրաւէրը:
Պ.- Մենք չենք մեկնաբաներ մեր դեսպանի ժամանակացոյցին մանրամասնութիւնները: Խորհուրդ կու տանք կապուիլ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպանատուներուն հետ` այլ դեսպանատուներու մասին մանրամասնութիւններ ստանալու համար: