Վճռաբեկ Ատեանը վաւերացուց շարքային զինծառայող Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան համար Պաթմանի Առաջին Եղեռնադատ Ատեանի վճիռը։ Դատարանը իր քննարկումներու հետեւանքով վճռած էր ոճրագործ Քըվանչ Աղաօղլուի 16 տարի 8 ամիս բանտարկութեան։ Դատարանը այս վճիռը կայացուց համոզուելով թէ ոճիրը գործուած է ոչ թէ սխալմամբ, այդ գիտակցաբար։
Պաթմանի Քոզլուք գաւառի մէջ պարտադիր զինուորական ծառայութիւն կատարող Սեւակ Պալըքճը 24 Ապրիլ 2011 թուականին սպանուած էր զինընկերոջ՝ Քըվանչ Աղաօղլուի կրակոցով։
2013-ին զինուրական դատարանի մէջ կայացող դատավարութեան արդիւնքին ոճրագործը դատապարտուած էր 4 տարի 5 ամիս բանտարկութեան։ Զոհուած զինուորի ընտանիքի իրաւապաշտպան Ճեմ Հալաւուրթ առարկած էր այս վճիռին դէմ եւ դատավարութիւնը վերսկսած էր այս անգամ քաղաքացիական դատարանին մէջ 8 Փետրուար 2018-ին։ Դատավարութեան ընթացքին լսուեցան նաեւ ականատեսներու վկայութիւնը։ Շարքային Հալիլ Էքշի իր առաջին յայտին ըսած էր թէ Աղաօղլու դիտումնաւոր կերպով սպաննած է Սեւակ Պալըքճըն։ Ան աւելի ետք իր յայտը փոխած եւ այս անգամ ալ պնդած էր որ սպանութիւնը սխալմամբ գործուած է։ Պալըքճը ընտանիքի առարկութիւններով ՀալիլԷքշի երրորդ անգամ ներկայացաւ դատարան եւ խոստովանեցաւ որ ճնշումներու տակ փոխած է իր առաջին յայտը։ Ան եւս դատուեցաւ սուտ վկայութեան մեղադրանքով, որու պատճառաւ ստացաւ երկու տարի մէկ ամսուայ բանտարկութեան պատիժ։
Փաստաբան Ճեմ Հալաւուրթ յայտնեց թէ վճռաբեկ Ատեանի հաստատումը տեղին եղած է եւ ուշ ալ ըլլայ արդարութիւնը ապահովուած։