Զանազան առիթներ կ՚ըլլայ, ու կը հարկադրուիմ Թուրքիոյ վարչութիւնը եւ մեր համայնքի ընթացքը իրարու հետ բաղդատելու։ Այդ պահուն ակամայ կը մտաբերեմ կեսրոջս խօսքը։ Ան բողոքելով որդիներուս անարակութեան յաճախ կ՚ըսէր. «Մեծ էշը ինչ որ ընէ, փոքրն ալ նոյնը կ՚ընէ»։ Իրաւ ալ ինչ զարմանալի նմանութիւններ կան մերօրեայ Թուրքիոյ որդեգրած կարգ մը քաղաքականութիւններու եւ մեր համայնքային կեանքի միջեւ։ Պսակաձեւ ժահրի համավարակի օրերուն կառավարութիւնը յամառօրէն կ՚անտեսէր Բժիշկներու Կաճառի խորհուրդները։ Մերոնք ալ կը մտմտան դպրոցական խնդիրներու մասին, առանց լսելու ուսուցիչներու կարծիքը։ Երկու ուժերն ալ շատ վստահ են թէ իրենք գիտեն ամենալաւը եւ երբեք կարիք չունին այլ միտքեր լսելու։ Օրինակի համար նախագահ Էրտողան ամենայն անփութութեամբ կարծիքներ կը յայտնէ տնտեսագիտութեան մասին, մեծ զարմանք պատճառելով, բոլոր այն մարդկանց, որոնց արդէն մասնագիտութիւնն է տնտեսագիտութիւնը։ Այս երեւոյթը ակամայ մտածել կու տայ հասարակական կազմակերպութիւններու դերակատարութիւնը։ Իրաւ ալ բոլոր այդ կառոյցները, որոնք պիտի կոչենք միութիւն ինչի՞ կը ծառայեն եթէ իրենց բնագաւառի յատուկ նիւթերու մէջ իսկ ըսելիք խօսք մը պիտի չունենան։ Օրինակի համար ահազանգ կը հնչեցուի մեր դպրոցներու երկրաշարժի մը դիմաց անապահով ըլլալու մասին։ Եթէ այս համայնքին մէջ ունինք ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութիւն մը ինքնաբերաբար պիտի ակնկալենք որ այդ պնդումը իր ճշգրիտ պատասխանը գտնէ սոյն միութեան յայտարարութիւնով։ Սակայն այդ ըսելու պահուն իսկ կ՚անդրադառնանք թէ ՀայՃար ճիշդ ալ այս նիւթին համար ըրած էր յայտարարութիւն մը եւ ջրած էր այս մասին մտահոգութիւն յայտնած կարծիքները։ Ահաւասիկ օրինակ մը եւս, ուր վարչայինները կը լսեն միայն իրենց համոզումը հաստատող միտքերը եւ ուշադրութիւն չեն դարձներ հակառակին։ Իրենց հիմնադրութեան տարիներուն պոլսահայ համայնքէ ներս շատ կարեւոր առաքելութիւն մը ստանձնած էին սանուց միութիւնները։ Ինչ ցաւալի է, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կորսնցուց իր հեղինակութիւնը ենթարկուելով այս կամ այն թաղականութեան կամ խնամակալութեան։
Մինչդեռ իրենցմէ կ՚ակնկալուէր շատ աւելին։ Բոլորիս ծանօթ է, որ մեր նման փոքրամասնութիւնները խստիւ կը զգուշանան քաղաքականութենէ։ Վտանգաւոր դաշտ մը ըլլալով կը տեսնեն քաղաքականութիւնը եւ զգոյշօրէն կը խուսափին այդ դաշտին մէջ նաւարկելէ։ Սակայ կայ շատ յստակ իրողութիւն մը։ Կեանքը ամբողջովին քաղաքականութիւն է եւ այդ կամ այն խմբակին քաղաքականութենէ հեռու մնալու ռազմավարութիւնն ալ ինքնին քաղաքականութիւն մըն է։ Քաղաքականութիւն մը, որ ձեռնտու է անգամ մը այդ դանշտին մէջ դերակատարութիւն ունեցողներուն համար։
Ահաւասիկ օրինակ մը եւս, Ատըեամանի մէջ ծխախոտի մշակումով զբաղող գիւղացիներ, երբ փորձեցին սահմանափակումներու դէմ իրենց արդիւնաբերութեան իրաւունքը պաշտպանել ենթարկուեցան ոստիկանական բռնութեան եւ բերման ենթարկուելով բանտարկուեցան։ Այդ պահուն իրենք միտքով իսկ չէին անցներ քաղաքականութիւն ընելու վարկածը։ Բայց անոր սահմանափակողը քաղաքական միտք էր ունէր իր քաղաքական ակնկալութիւնները, որոնք նոյնիսկ հասկնալի չէին խեղճ մշակներու համար։
Պարտինք գիտնալ թէ մենք պէտք է լուծենք մեր խնդիրները, այլ ոչ ուրիշներ։