Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Համախմբումը կը մաղթէ, որ Նեժիպ Միքաթիի արագ կերպով վարչապետ նշանակումը առիթ ըլլայ նաեւ, որ ան արագ կերպով կազմէ կառավարութիւն մը, որ բարեկարգում կատարելու կարողութիւն ունենայ»:
Հզօր Լիբանան համախմբումը հաստատեց իր յանձնառութիւնը` կառավարութեան կազմութիւնը դիւրացնելու առումով, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ կառավարութեան ներկայացնելիք իւրաքանչիւր ծրագիրի, որ բարեկարգումի նպատակ կը հետապնդէ:
Հզօր Լիբանան համախմբումը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքներուն եւ բոլոր տուժածներուն, որոնք տարիէ մը ի վեր կը սպասեն պայթումին հետաքննութեան վերաբերող վճիռին:
Համախմբումը կոչ ուղղեց անձեռնմխելիութիւնները վերացնելու եւ հետաքննիչ դատախազին ամբողջական վստահութիւն շնորհելու, որպէսզի ան հետաքննութիւնն ու դատական հոլովոյթը շարունակէ եւ նպատակին հասնի:
Համախմբումը ընդգծեց, որ մօտիկ ապագային Պէյրութի եւ անոր նաւահանգիստին վերաբերեալ դրական եւ շինիչ ծրագիր մը պիտի առաջարկէ:
Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ վարչապետի պաշտօնակատարին գլխաւորած նախարարական յանձնախումբը արագ կերպով իր աւարտին հասցնէ հատուցման քարտի դրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն ապրուստի եւ կենցաղային ծանր բեռը մեղմացնել, յատկապէս նկատի ունենալով սննդեղէնի, դեղորայքի եւ վառելանիւթի իմաստով Կեդրոնական դրամատան եւ առեւտրականներուն բանեցուցած չարաշահումի քաղաքականութիւնը:
Համախմբումը հաստատեց, որ ուսումնասիրած է կարգ մը օրինագիծեր եւ առաջարկներ, որոնք կրնան բարելաւել քաղաքացիներուն եւ պաշտօնեաներուն ապրուստի պայմանները` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային այդ օրինագիծերը պիտի ներկայացնէ խորհրդարան:
Համախմբումը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն վերադառնալու «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարելու նախազգուշութիւններուն` նկատի ունենալով, որ վարակուածներուն թիւերը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրեն:
Այս առումով համախմբումը առողջապահութեան նախարարութենէն պահանջեց անհրաժեշտութեան պատրուակին տակ չարտօնել որեւէ դեղորայքի ներածումը, եթէ ան նախարարութեան թեքնիք յանձնախումբին ճշդած չափանիշներուն չի համապատասխաներ եւ յանձնախումբին հաւանութիւնը չի վայելեր: