Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ յայտարարած է. «Շուշիի հռչակագիրը նոր կարելիութիւններ բացած է թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու զարգացման համար»: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
«Իբրեւ առաջին քայլ` մենք եռակողմ հանդիպում ունեցած ենք Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի խորհրդարաններու նախագահներուն միջեւ», լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Շենթոփ: Ըստ անոր, «ձեռք բերուած են բազմաթիւ համաձայնութիւններ, քայլերու կը ձեռնարկուին զինուորական ոլորտին մէջ համագործակցութեան ուղղութեամբ»:
Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ Ազրպէյճանի, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններու նախագահներու առաջին եռակողմ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած էր. «Զանգեզուրի միջանցքը պիտի դառնայ միջանցք եղբայրական Փաքիստանէն դէպի Թուրքիա եւ Ազրպէյճան»:
Երեք երկիրներու խորհրդարաններու նախագահները եռակողմ հանդիպումէն ետք ստորագրած էին Պաքուի հռչակագիրը:
Կաֆարովա նշած էր եռակողմ ձեւաչափով հանդիպումներ կատարելու կարեւորութիւնը: «Պաքուի հռչակագիրի ծիրին մէջ կարեւոր կը նկատեմ ականապատուած տարածքներու քարտէսներ տրամադրելու հարցին մէջ Ազրպէյճանին աջակցութիւնը»:
Շենթոփ երէկ Գանձակի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին շեշտած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին բացումը կարեւոր է թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Թուրքիոյ համար:
«Զանգեզուրի միջանցքով Ազրպէյճանի հիմնական մասը պիտի կապուի Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ հետ: Բացի ատկէ, պիտի ստեղծուի փոխադրամիջոցային միջանցք Թուրքիոյ եւ ասիական երկիրներուն միջեւ: Համապատասխան համաձայնութիւն գոյացած է, եւ իւրաքանչիւր կողմ պէտք է յարգէ իր խօսքը: Միջանցքը պէտք է բացուի», ըսած է Շենթոփ:
«Երկիր» կը հաղորդէ, որ ան լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է, թէ «Հայաստան առաջին անգամ չ՛ըներ ասիկա, կը կարծեմ, որ ան դիւրութեամբ պիտի չյանձնուի»` նշելով, որ Ազրպէյճանը Հայաստանին առաջարկած է խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել:
«Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան ընտրութիւններ, յաղթեց Նիկոլ Փաշինեանը: Այսպիսով, հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ կը պաշտպանէ զինադադարը: Չեմ կարծեր, որ հայ ժողովուրդը նոյնպէս պատերազմ կ՛ուզէ, որոշակի շրջանակներ ատոր կողմնակից են: Հայաստանը պէտք է հասկնայ, որ հակառակ պարագային դառն հետեւանքներ պիտի ըլլան», ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը: