Այսօր «Ուայ.Էմ.6» երկնաքարը պիտի թռչի Երկիրէն չորս միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտենթ»-ը` յղում կատարելով ՆԱՍԱ-ին:
Երկնաքարին տրամագիծը շուրջ 128 մեթր է:
«Հակառակ այն հանգամանքին, որ համակարգչային վերլուծութիւնը մարմինը կ՛որակէ իբրեւ «Երկիրին մօտ գտնուող երկնաքար», այսուհանդերձ անիկա կարողականօրէն վտանգաւոր չէ», յայտնած են փորձագէտները:
«Ուայ.Էմ.6»-ը արեւու շուրջ կը պտտի 401 օրուան մէջ:
Այս երկնաքարը արդէն Երկիրին մօտէն անցած է 28 յունուար 2020-ին, սակայն աւելի քան 25 միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Ներկայ «հանդիպումէն» ետք, յաջորդ անգամ նշեալ երկնաքարը մեր մոլորակին պիտի մօտենայ 27 յունուար 2031-ին` մօտաւորապէս նոյն հեռաւորութեան վրայ (6,5 միլիոն քիլոմեթր), ապա` դարձեալ 2100 թուականին: