Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովան, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ եւ Փաքիստանի խորհրդարանի նախագահ Ասատ Քայսար այցելած են թշնամիին յանձնուած հայոց Շուշի բերդաքաղաք:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ անոնք պիտի այցելեն Շուշիի տարբեր վայրեր, պիտի ծանօթանան «բարեկարգման աշխատանքներուն», ինչպէս նաեւ «հայերու բարբարոսութեան հետքերուն»: