Գրաւոր մամուլի դէմ գրաքննութիւնը ունի երկար պատմութիւն մը Թուրքիոյ մէջ։ Անցեալին թագաւորներ իրենց իշխանութեան հանդէպ սպառնալիք մը ըլլալով դիտած են թերթերու լրատուութիւնները։ Այդ սպառնալիքէն խուսափելու համար դիմած են գրաքննութեան ծանր միջոցներու։
Թէեւ 24 Յուլիս 1908 թուականին պաշտօնապէս վերացած եւ արգիլուած է գրաքննութիւնը, բայց լրագրողներու ուղղեալ հարցաքննութիւնները ընդմիշտ շարունակուած։ Բնաւ քիչ չեն մահափորձներու հետեւանքով սպաննուած լրագրողները։
Այժմ կառավարութիւնը երբ ամբողջովին կը հսկէ երկրի գրաւոր ու տեսալսողական մետիայի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, ներկայիս իրեն թիրախ ընտրած է այդ ջախջախիչէն դուրս մնացող նուազաթիւ լրատուամիջոցները։
Համացանցի նոր սահմանափակումներով կը փորձէ անոնց ձայնը անլսելի դարձնել։ Աւելին՝ վերջերս օրակարգի եկած է օտար հիմնադրամներէն նպաստ ստանալու մեղադրանք մը։ Իրաւ ալ յատկապէս համացանցի վրայ գործող կարգ մը մամուլ կ՚օգտուէին ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի կարգ մը հիմնադրամներու ընդձեռած օժանդակութենէն։ Իշխանութեան մօտ շրջանակները այդ նպաստները կ՚ընկալեն որպէս դաւաճանութիւն։ Կը նշեն թէ նպաստ տրամադրողները բնականաբար պիտի ունենան կարգ մը ակնկալութիւններ, որ մի գուցէ հակասէ երկրի շահերուն։ Նկատի ունենալով մօտ անցեալի կարգ մը օրինակները բոլորովին անհիմն չէ այս վարկածը, քանի որ այդ խողովակի միջոցաւ արձանագրուեցան գունաւոր յեղափոխութիւններ Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։ Բայց խնդիրը այն է թէ երկրի ընդդիմադիր մամուլը արդէն կը գործէ լուրջ արգելքներ դիմագրաւելով։ Կառավարութիւնը ստեղծած է վերաքննիչ հաստատութիւններ, որոնք յաճախ շատ բարձր տուգանքներով կ՚ընդհատեն անկախ մամուլի առաքելութիւնը։ Միւս կողմէն իշխանամէտ մամուլը կ՚օգտուի պետութեան շնորհած զանազան միջոցներէն։
Խնդիրը էական է ժողովուրդի աջակցութիւնը օրըստօրէ կորսնցնող իշխանութեան համար։