Ըստ Կիպրոսի «Սիկմալայվ» լրատուական կայքին, Կիպրոսի գրաւեալ բաժինի այսպէս կոչուած վարչապետի տեղակալ եւ միաժամանակ այսպէս կոչուած ուժանիւթի եւ տնտեսութեան նախարար Էրհան Արըքլը յայտարարութիւն կատարած է եւ յայտնած. «Մեր նպատակն է, որ Ազրպէյճան առաջին երկիրը ըլլայ, որ պիտի ճանչնայ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը»:
Թրքական «Կիւնեշ» օրաթերթը իր 9 օգոստոսի թիւին մէջ կը գրէ, թէ Էրհան Արըքլը չափազանց կարեւոր նկատած է դէպի այսպէս կոչուած հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն Ազրպէյճանի երկարած օգնութեան ձեռքը:
Արըքլը այս մասին յայտարարած է կղզիի գրաւեալ բաժինին մէջ` Ազրպէյճանի «Վերելք» կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին:
Էրհան Արըքլը, որ հանդիպում ունեցած է «Վերելք» կուսակցութեան նախագահ Անար Ասանտլըի եւ նոյն կուսակցութեան փոխնախագահներ Իպրահիմ Իսմայիլովի եւ Կիւլսեն Հաճիյեւայի հետ, յատուկ շեշտ դրած է Ազրպէյճանի կողմէ` այսպէս կոչուած հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան ճանաչման հարցին վրայ:
Իր յայտարարութեան մէջ Արըքլը ըսած է, թէ յատկանշական է այն պատգամը, որ կը տրուի երկու անջատ պետութիւններու համար` լքելէ ետք դաշնակցային լուծումի տարբերակը, եւ թէ բարեկամ եւ քոյր պետութիւնները օգնութեան ձեռք պէտք է երկարեն նման բանի մը համար: Շեշտելով միջազգային համայնքին կողմէ` անոնց աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը, Արըքլը իր յայտարարութեան մէջ պնդած է նաեւ հետեւեալը.
«Այն երկիրները, որոնք կրնան ճանչնալ մեզ, պէտք է կատարեն այդ ճանաչումը, եւ այն երկիրները, որոնք չեն կրնար ճանչնալ մեզ, պէտք է ջանք թափեն մեր մեկուսացումը վերացնելու: Միջազգային հարթակին վրայ աջակցութեան կարիքը ունինք, եւ Ազրպէյճանը պէտք է առաջինը ըլլայ, որ մեր ձեռքը բռնէ», յայտնած է ան:
Ընդգծելով կարիքը, որ քոյր պետութիւնները իրենց ձեռքը սեղմեն եւ աջակցին իրենց միջազգային հարթակին վրայ, ինչպէս նաեւ` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ, Արըքլը պնդած է, թէ Ազրպէյճան այս պետութիւններուն մէջ կը գտնուի եւ առաջինն է:
«Չափազանց կարեւոր է Ազրպէյճանի` մեզի երկարած ձեռքը, քանի որ կարիքը ունինք քաղաքական աջակցութեան: Մեր նպատակն է, որ Ազրպէյճան առաջին երկիրը ըլլայ, որ պիտի ճանչնայ մեզ», ըսած է ան:
Իր խօսքը ուղղելով Ազրպէյճանի «Վերելք» կուսակցութեան ղեկավարներուն` Արըքլը ըսած է. «Մենք նոյն դիրքերն ու գաղափարները ունինք ձեզի հետ: Մեր միջեւ որեւէ սահմանափակումներ պէտք չէ ըլլան, պէտք է շուտով գոյանայ թրքախօս երկիրներու միացումը: Ունինք փոխըմբռնում ու սրտակցութիւն, եւ նման բան մը կրնայ յաղթահարել որեւէ արգելք…»: