Մահացաւ հանրածանօթ լրագրող եւ հասարակական գործիչ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս։ Ան կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք իր մահկանացուն կնքեց Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, ուր ենթարկուած էր աղիքներու խցանումի պատճառով գործողութեան, որուն յաջորդած էին այլ խոչընդոտներ։
Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս ծնած էր Իսթանպուլ 1958 թուին։ Նախնական ուսումը ստացած էր տեղւոյն Նոր Դպրոց եւ Էսայեան Վարժարանները։ Ապա յաճախեց Կեդրոնական Վարժարան, ուրկէ աւարտական դասարանին փոխադրուեցաւ Շիշլի Լիսէսի։ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի մամուլի աշխատութեան առաջին օրինակները յայտնուեցան «Մարմարա» օրաթերթի էջերուն վրայ։ Ան ընկերակցութեամբ իր խումբ մը ընկերներու որոշ ժամանակ «Մարմարա»ի էջերուն վրայ պատրաստեց «Մենք՝ Նոր Սերունդ» խորագրեալ յատուկ էջ մը։ Արաքսի լրագրութեան աշխատանքի մէջ արտակարգօրէն յատուկ երեւոյթ մըն էր «Ակօս»ի երկլեզու հրատարակութիւնը։ Մեծ ոգեւորութեամբ ողջունած էր այս նախաձեռնութիւնը եւ իսկոյն մաս կազմած «Ակօս»ի անձնակազմին։ Այդ տարիներուն ան իր ուսումը կը շարունակէր Փարիզ եւ նոյն ոգեւորութեամբ կը մասնակցէր, այս անգամ Ֆրանսական երկնակամարին տակ հնչող հայկական նոր արձագանգի մը, որն էր «Ռատիօ Ազգ» նախաձեռնութիւնը։ Հայ կեանքէ ներս իւրաքանչիւր ոստում, իւրաքանչիւր նոր նախաձեռնութիւն հրճուանքի, յուզումի եւ ոգեւորութեան պատճառ մըն էր իրեն համար եւ չէր կրնար անտարբեր մնալ։ Մեծ եռանդով կը մխրճուէր այդ նոր ձեռնարկին եւ կը բերէր իր շինիչ մասնակցութիւնը։
Ռաֆֆի Արաքս Հայաստանի մէջ աշխատակցեցաւ «Հայ Ֆիլմ» սթիւտիոյի մէջ, իբրեւ օգնական անուանի կինօբեմադրիչ Հենրիկ Մալեանին։
Փարիզի բնակութեան տարիներուն, իբրեւ պաշտօնական գրանցում ունեցող լրագրող բազմաթիւ յօդուածներ գրանցեց Եւորխորհրդարանի նիստերէն։ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս բացի լրագրողութեան իր մասնագիտութենէ զանազան պաշտօններ վարեց բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ։
Իր վերջին աշխատութիւնն էր «Արմէնպրէս»ի թրքերէն բաժնի խմբագրութիւնը։
Ռաֆֆիի մահը կորուստ մըն է, թէ հայ եւ թէ թուրք մամուլի աշխարհին համար։