Հայկական սփիւռքը՝ գէթ դասականը, ցեղասպանութեան արդիւնքն է։ Այդ պարտադրուած իրականութիւն մըն է, երբ ազգովին տեղահան եղանք մեր պապենական հողէն եւ կազմեցինք փոքրիկ Հայաստաններ։ Դասական սփիւռքին վրայ եկաւ աւելնալու Հայաստանէն դուրս եկող հայորդիները վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին։ Այս բոլորէն առաջ կային նաեւ հայկական գաղութներ կարգ մը երկիրներու մէջ, որոնք արմատ նետած են միջին դարերէն սկսեալ եւ որ մէկ կարեւոր մասը ներկայիս լուծուած է տեղացի ժողովուրդներուն հետ։ Պարսկահայ գաղութը կը կազմէ մէկ յիշատակելի բացառութիւն մը, որ մինչեւ այսօր պահած է հայկական ամուր պատուանդան։ Հայկական սփիւռքը՝ միջազգային դիտարկումներէ մեկնելով, կը դասուի այն քիչ երկիրներէն, ուր սփիւռքի մէջ ապրողներուն թիւը շատ աւելի մեծ է քան հայրենիքին մէջ։
Հայկական սփիւռքի գլխաւոր մտահոգութիւնը, եթէ մէկ կողմէ իւրաքանչիւր անհատ եւ ընտանիք բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելն է, նոյնքան նաեւ հաւաքական իմաստով ազգային եւ մշակութային ինքնութեան պահպանումը, ինչպէս որ յաճախ կը բնութագրուի որպէս ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ։ Հայապահպանումը ունեցած է եւ երեւի պիտի ունենայ իր տարբեր դրսեւորումները՝ մեկնելով իւրաքանչիւր գաղութի պայմաններէն եւ անոր պարունակէն։
Նախ արժէ խօսիլ հայկական սփիւռքի կազմութեան եւ նկարագրին մասին։
Եթէ սփիւռքը հայկական է եւ ամէն գնով է, բայց նոյն հայկականին մէջ կան տարբերութիւններ։ Կարելի չէ ըսել, թէ հայկական սփիւռքները աշխարհով մէկտեղ նոյնանման են։ Եթէ մեզ բոլորս միացնող օղակը հայերէն լեզուն է՝ անկախ թէ ինչքան մայրենի լեզուն պահպանուած է եւ կը գործածուի տեղական գաղութին մէջ, բայց նաեւ ազգային մշակոյթը, քրիստոնէական ժառանգը եւ պատմական աւանդը։ Ասոր կողքին կան զուգահեր ընթացող իւրաքանչիւր երկրի դրոշմած նկարագիրը եւ մշակոյթը։ Ահա ինչու պիտի ըսենք, թէ լիբանանահայ ենք եւ ոչ անպայմանօրէն կը նմանինք ֆրանսահայուն, պրազիլահայուն ու տակաւին։ Իւրաքանչիւր երկրի մէջ ծնած հայ նաեւ կը ստանայ այդ երկրին մշակոյթը եւ կենցաղը։ Հայկականին վրայ կուգայ հիմնուելու իւրաքանչիւր երկրի դրոշմած նկարագիրը։ Այս իրականութիւնը կը նմանի «երկսայրի սուրի», որ կրնայ իր վնասները գործել բայց նոյնքան նաեւ օգտակարութիւնները եթէ լաւապէս համադրուի եւ դրոշմուի։
Այն ինչ որ կը մնայ հիմնական, թէ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ որքան կարելի եղած է հաւասարակշռութիւն ստեղծել հայկական եւ սփիւռքի մէջ ստեղծուած նկարագիրներուն միջեւ։ Ինչքան հայկականը եւ տեղականը կրցած ենք կամրջել իրար հետ, որպէսզի ունենանք հաւասարակշռուած սփիւռք-հայ՝ իմմա սփիւռքահայ։ Եթէ այս հաւասարակշռութեան գործօնը կրցած ենք յաջողցնել պատմութեան ընթացքին՝ գէթ որոշ համեմատութեամբ, բայց պիտի նայիլ ներկայ օրերու եւ ապագային տեսնելու թէ որքան պիտի կարենանք ընել այդ մէկը։
Հայկական սփիւռքը կը տարբերի այլ ազգերու սփիւռքներէն, որովհետեւ հայը ունի պահանջատիրութեան իրողականութիւնը։ Հայը իրաւազրկուած ժողովուրդ է, եւ սփիւռքը մինչեւ այսօր կը տքնի, որպէսզի տիրանայ իր արդար իրաւունքին։ Այս ընելու համար անհրաժեշտ է, որ սփիւռքահայը պահէ իր ազգային եւ մշակութային ինքնագիտակցութիւնը եւ հաւասարակշռէ իր հայկական եւ տեղական ինքնութիւնները։ Դժուար առաքելութիւն մը, բայց ոչ անկարելի։ Անհրաժեշտ է որոնել նոր միջոցներ՝ մեկնելով կեանքի ստեղծած նոր աշխարհաքաղաքական, տնտեսական եւ կենցաղաին իրավիճակներէն եւ տեղեկատուութեան շնորհած մեծ նուաճումներէն։
Կայ միացնող օղակ մը այսպէս ըսած «հին» թէ «նոր» օրերու եւ անոնց հայապահպանումի գործընթացքին մէջ։ Այս ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ գործօնն է եւ անոր անփոխարինելի դերը մեր ինքնութեան եւ պատմութեան շարունակականութեան մէջ։
Քաղաքացիական եւ ազգային դաստիարակութիւնը պիտի կերտէ մեր կեանքերը իր մշակութային, քրիստոնէական եւ պահանջատիրութեան ինքնութիւններով։ Այս դաստիարակութիւնը նոյնքան անհրաժեշտ գրաւական է՝ կերտելու մեր հայրենիքը եւ ապահովելու անոր անվտանգութիւնը։ Այս դաստիարակութիւնը հայուն համար համապարփակ գործընթացք է։ Հայրենասիրութիւնը, ազգասիրութիւնը, մշակոյթային աւանդը, քրիստոնէական կեանքի դաստիարակութիւնը եւ անոր իմաստը հայը կը պահեն եւ կը զօրացնեն։ Սփիւռքեան պայմաններու մէջ պատմութեան փորձը ցոյց տուած է, թէ դաստիարակութիւնը եղած է մեր գոյատեւման հիմքը։ Այս նոյն դաստիարակութիւնը ջամբելու համար հայը հիմնեց եկեղեցի, դպրոց, մամուլ եւ ազգային, կուսակցական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ։ Այս բոլորն իրենց կարողականութիւնները մէկտեղեցին, որպէսզի հայուն ջամբեն դաստիարակութիւն եւ սորվեցնեն, թէ սփիւռքահայը պիտի ապրի իր երկու ինքնութիւններով եւ անոնց հաւասարակշռութեամբ, եւ կարելի չէ սակարկել եւ զիջիլ հայկականը տեղականին դիմաց։
Հայը, որ կը մեծնայ եւ կ՚ապրի սփիւռքեան իրականութեան մէջ, եթէ մէկ կողմէ պիտի գիտակցի, սորվի եւ կոփուի իր հայկական, ազգային եւ քրիստոնէական ինքնութեամբ, նոյնքան նաեւ տեղական իր պատկանելիութեամբ։ Եթէ Ցեղասպանութենէն ետք հայը ամփոփեց իր կեանքը ինք իր մէջ, բայց այդ մէկը այլեւս կարելի չէ եւ առողջ չէ։ Հայը պիտի ապրի եւ ընդունի իր տեղական ինքնութիւնը եւ համընկնի անոր հետ։ Այս ունի իր դրական անդրադարձը եւ ներդրումը, եթէ լաւապէս հաւասարակշռուի եւ ազգային եւ մտաւոր դրամագլուխի վերածուի։
Այս սփիւռքեան եւ սփիւռքահայ հայկական-տեղական դրամագլուխները ունին իրենց ազգային եւ համահայկական օգտակարութիւնները, եթէ լաւապէս ներմուծուին մարդկային եւ մտաւոր ներուժով։ Տարբեր երկիրներու մէջ ծնած եւ դաստիարակուած հայը իր հետ կը բերէ այդ երկրին փորձը եւ գիտելիքը։ Եթէ այս բոլոր փորձերը իրար հետ գումարենք, կ՚ունենանք համահայկական դրամագլուխ մը միջազգային տարբեր երանգներով, փորձառութիւններով եւ կարողութիւններով։ Այս՝ եթէ լաւապէս համադրուի, կրնայ նոյնքան իր ներդրումը ունենալ հայրենիքի հիմնահարցերուն եւ անոնց կարգաւորումին մէջ։
Ժամանակը եւ պայմանները սկսած են ցոյց տալ, որ սփիւռքը անցողակի չէ, եւ ալ պէտք է նկատել զայն որպէս մշտական ներկայութիւն։ Պիտի փորձենք տեսնել եւ գործել, թէ ինչպէս այս մշտական կարգավիճակ ունեցող իրականութիւնը պիտի վերածենք ամուր, տոկուն եւ համահայկական մեծ մարդուժ-ներուժի։ Այս պիտի նշանակէ, թէ արժէ հոգալ եւ զարգացնել սփիւռքը։ Ինչպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ հայրապետը իր «սփիւռքի տարուայ» հռչակագրին մէջ կը յստակեցնէ. «հզօր Հայաստան-հզօր սփիւռք»։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը՝ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել ուժեղացումը, կրնայ ընթանալ երկու հանգրուաններով։
Առաջինը՝ ներքին, ուր իւրաքանչիւր գաղութ կը ձեւաորէ եւ կ՚աշխուժացնէ իր ընթացքը՝ զարկ տալով կրօնական, ազգային, մշակութային եւ պահանջատիրութեան դաստիարակութեան։ Նոր ժամանակները կը պահանջեն նոր մտայղացում, մօտեցում եւ կեցուածք։ Արկայ են նաեւ ներկայ օրերու այլ պարագաները։ Հայեր, որոնք հայերէն կը խօսին կամ ոչ։ Անոնք, որոնք լման հայեր են իրենց ծնողական արմատներով եւ անոնք որոնց մէկ ծնողքը հայ է։ Այս բոլոր իրականութիւնները կարելի չէ անտեսել եւ ստորադասել։
Երկրորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ համասփիւռքեան եւ հայաստանեան- արցախեան իրականութիւններուն մէջէն։ Սփիւռքեան իրականութիւնները նոյնանման չեն։ Հայ ենք բայց ունինք տարբերութիւններ։ Գործնական տուեալներէ մեկնելով, համահայկական սփիւռքեան կազմակերպչական խորհուրդ-կարգավիճակ ստեղծելը բաւական դժուար գործընթացք մըն է։ Ասոր կողքին անհրաժեշտ է, որ մտածուի համահայկական-հայաստանեան համադրողական միջոցառումի մը ստեղծումը, որ կարենայ համադրել համասփիւռքեան տուեալները եւ կարողականութիւնները եւ կամրջել զանոնք հայրենիքի իրականութեան հետ։
Հոս ունինք փորձը եւ փորձառութիւնը։
Սովետական համակարգի ժամանակ կար Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն, որ իր օրերուն լաւ գործունէութիւն ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ։ Անկախութենէն ետք ստեղծուեցաւ սփիւռքի նախարարութիւնը, որ իր տասնամեայ գործունէութեան մէջէն ցոյց տուաւ, թէ իրագործելիք շատ բան կայ։ Հայաստան-սփիւռք համաժողովները մէկ լաւ ազդանշանները տուին այդ ուղղութեամբ։ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնները ցոյց տուին, թէ կար հնարաւորութիւնը, տրամադրութիւնը եւ խանդավառութիւնը ի մի հաւաքելու հայկական մարդուժը։ Անհրաժեշտ է, որ հայրենի պետականութիւնը համոզուի եւ վերստեղծէ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ սփիւռքահայ իրականութիւններու հետ կազմակերպէ աշխատանքային կառոյց՝ համադրելու համար գաղութներու կարողականութիւնը մէկ կողմէ բայց նաեւ առընչելու զանոնք հայրենիքին հետ։
Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք ապրելու կարողականութիւնը եւ հենարանը մեր «փափուկ ուժին» մէջ է։ Իսկ փափուկ ուժին հիմքը հայուն մշակութային հսկայական ժառանգն է եւ իր մտաւոր ու ազգային տարբեր ոլորտներու մէջ իր մասնագիտական մարդուժը։ Հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը պիտի ապահովուի, եթէ կարենանք այս փափուկ ուժը լաւապէս պահել եւ ներմուծել մեր համահայկական ազգային կեանքին մէջ։ Այս փափուկ ուժը լաւապէս կը կազմակերպուի երբ արկայ է համահայկական օրակարգը եւ անոր գործընթացքը։
Սփիւռքը՝ մշտական թէ անցողակի իրականութիւն։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան կայ մէկ կարեւոր առաքելութիւն՝ հայկական-սփիւռքեան կեանքի վերակազմակերպումը եւ վերաշխուժացումը։ Հայուն գոյութիւնը իր ազգային կեանքին շարունակականութիւնը ապահովելուն մէջ է։ Իսկ այդ ընելու համար պիտի հաւատանք, թէ սփիւռքը պիտի պահենք եւ պիտի վերակազմակերպենք՝ քաջ գիտնալով տարբերութիւնները որ արկայ են իւրաքանչիւր գաղութի մէջ։ Բայց նոյնքան նաեւ պիտի համոզուինք, թէ այս տարբերութիւնները եթէ լաւապէս համադրուին կրնան վերածուիլ ուժի մը, որ կրնայ ամրապնդել մեր ընդհանրական կեանքերը։ Հայրենիքն ալ արժէ որ տեսնէ, թէ իր ուժը սփիւռքին ուժեղացումին մէջ է։
Սփիւռքը՝ մշտական թէ անցողակի իրականութիւն։ Ինչ եւ ինչպէս որ ալ ըլլան պարագաները եւ պայմանները, պիտի հաւատանք հայուն կեանքը ապրելու գրաւականին։ Իսկ ապրելու համար անհրաժեշտ է քաղաքացիական եւ ազգային դաստիարակութիւնը։ Սփիւռք-հայ կեանքի դաստիարակութիւնը հայը պիտի վերածէ զօրաւոր սփիւռքահայու։ Հայուն այս սփիւռքահայ կեանքը պիտի ապահովէ նոյինքն իր պատմութեան շարունակականութեան գործընթացքը։
Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Յուլիս, 2022