Վարդան Մարաշլեանը երիտասարդ տնտեսագէտ է։ Ծնած է Երեւան, ուսանած է Մոսկուայի պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքի մէջ, եւ ստացած է դոկտորական վկայական։ Ան ներկայիս «Վերադարձ Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնն է։ Եթէ կը մտածէ, կը ծրագրէ ու կþաշխատի հայրենադարձութեան տեսլականով բայց միեւնոյն ժամանակ գիտէ սփիւռքը եւ լաւ ճանչցած է զայն։ Եթէ հասկցած է սփիւռքը բայց մանաւանդ ան կþարժեւորէ անոր կարողականութիւնները։ Վարդանը տեսած է սփիւռքին մտաւոր եւ մասնագիտական ներուժը, կը գիտակցի անոր եւ կþարժեւորէ զայն։ Ան չուշացաւ ընելու իր կարեւոր մատնանշումը՝ «Սփիւռքը Հայաստանի դաշնակիցն է»։ Ըստ բացատրական բառարանին, «դաշնակից» բառը կը բացատրուի որպէս «զինակից», «կողմնակից», «դաշինքով մէկու մը հետ կապուած», «ուխտակից», «համախոհ» եւ «համերաշխ»։
Վարդանը լաւ տեսած եւ սորված է տարածաշրջանի ռազմա-քաղաքական իրավիճակը՝ յատկապէս ներկայ օրերու բարդ ու կնճռոտ կացութիւնները։ Ան կը տեսնէ Հայաստանի դիրքը տարածաշրջանի եւ միջազգային իրադարձութիւններուն եւ անոնց քաշքշուքներուն մէջ եւ այս իրավիճակներէն մեկնելով ան հաստատ է իր համոզմունքներուն մէջ։ Բայց քիչ մըն ալ աւելին. «Սփիւռքը Հայաստանի միակ դաշնակիցն է: Դաշնակիցի հասկացողութիւնը երկուստեք եւ փոխադարձ հասկացողութեան եւ փոխ ընբռնումի վրայ պէտք է կայանայ», -ըսաւ ան։
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ունին պատմական ենթահող։
Պատանեկան տարիներուս՝ սովետական համակարգի ժամանակ, կը գործէր «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերի կոմիտէն», որ մշակութային, գրական, կրթական եւ գեղարուեստական հսկայական առաքելութիւն կը տածէր։ Հայաստանի անկախութենէ ետք, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները շարունակուեցան սփիւռքի նախարարութեան միջոցով։ Նախարարութիւնը ունեցաւ լաւ գործունէութիւն եւ Հայաստան եւ սփիւռք սկսան զիրար աւելի լաւ ճանչնալ։ Ներկայիս նախարարութիւնը ստացած է յանձնակատարի կարգավիճակ, եւ կայ աշխատանքը եւ երեւի որոնումը, թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ պիտակի տակ պիտի դնել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, ինչպէ՞ս ա՝լ աւելի լաւ պիտի ճանչնալ զիրար:
Կþապրինք մեր կեանքերը իրարմէ տարբեր եւ ունինք կենցաղային, մտածողութեան, գործելակերպի եւ ապրելակերպի տարբերութիւններ։ Իսկ սփիւռքը ունի իր բարդութիւնները։ Բարդ է իր կազմուածքով եւ մշակութային տարբերութիւններով։ Սփիւռքի մէջ հայ ենք, իւրաքանչիւրս տարբեր ենք իրարմէ բայց օտար չենք։ Իւրաքանչիւրս մէկ երկրի մը մէջ ծնած եւ մեծցած է, եւ այս ալ մեր պատմութեան եւ անոր պատճառած աղէտներու հետեւանքն է։ Բայց այս բոլորին առընթեր կայ միացնող օղակը։ Սփիւռքը սփիւռքին, Հայաստանի հետ, եւ Արցախի հետ։ Եւ հակառակն ալ ճիշդ է։
Այս միացնող օղա՞կը:
Ծնած եւ մեծցած եմ հայրենասէր եւ հաւատացեալ ընտանիքի մը մէջ։ Պատանեկան եւ երիտասարդական տարիներուս Հայաստանը սովետական համակարգի մէջ էր։ Ընտանիքիս համար Հայաստան հայրենիք էր եւ վեր էր գոյնէ, կարգավիճակէ եւ ղեկավարութենէ։ Հայրենիքը եւ անոր մշակութային արժէքները մեր ինքնութիւնը կազմեցին, երբ յատկապէս Հայաստանէն արուեստագէտներ կուգային Պէյրութ եւ կը հմայէին մեզ իրենց ելոյթներով։ Ու տակաւին, ինչ խօսք, հայրենի Արարատ ֆութպոլի խումբը եւ անոր հերոս տղաքը։ Անոնք դարձան մեր ազգային ինքնութիւնը կերտող տիպարներ։ Այս բոլորը աւելիով ամրապնդուեցան երբ 1980-ին՝ առաջին անգամ ըլլալով, այցելեցի Հայաստան։ Զբօսաշրջիկ էի եւ միայն այդքան։ Այդ բոլորը, որ սորված էի, երբ կը մեծնայի սկսան ամրագրուիլ մէջս։ Միայն այդքան։ Պէտք էր սպասէի մինչեւ 1991 տարին, որպէսզի սորվէի ինչպէս կամրջեմ ինքնութիւնս Հայաստանի քոյրերուս եւ եղբայրներուս հետ։
1991-ին երբ սովետական համակարգը փուլ եկաւ, բոլոր այն երկիրները որոնք կը գտնուէին անոր մէջ, ներառեալ Հայաստանը, ստացան իրենց անկախութիւնը։ Անկախութեան հետ սկսաւ արտասահմանեան արժէքներու եւ անոնց հմայքին հոսքը դէպի այս երկիրները։ Միացեալ Աստուածաշունչի ընկերութիւններու կողմէ ղրկուեցայ որպէս խորհրդատու, հաստատելու Հայաստանի Աստուածաշունչի ընկերութեան գրասենեակը:
Ճիշդ է, որ հայ ենք եւ հայերէն կը խօսինք բայց զիրար չէինք հասկնար։ Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի հարցը չէր։ Կային մտածողութեան, կենցաղի ու աշխատանքային ոճի տարբերութիւններ։ Անհրաժեշտ էր, որ գիտակցէի այս բոլոր տարբերութիւններուն եթէ պիտի յարմարուէի, եւ աշխատանքը յաջողէր։
Ու տակաւին, այդ տարիները հայաստանի համար շատ դժուար օրեր էին։ Երկրաշարժ, պատերազմ, շրջափակում եւ ելեկտրականութեան, հացի եւ քառիւղի տագնապ։ Կարիքը կար համբերելու, զիջելու, եւ կամաց-կամաց ժամանակին առիթը տալու, որպէսզի հասկցուէինք իրարու հետ։ Ժամանակը իր ներդրումը ունեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին տեսայ, եւ տեսանք միասին մեր տարբերութիւնները, ապրեցայ եւ ապրեցանք միասին մեր դժուարութիւնները, եւ սորվեցայ եւ սորվեցանք միասին, թէ բոլորս հայ ենք՝ անկախ մեր տարբերութիւններուն եւ պայմաններուն։ «Դաշնակից» բառը սկսաւ իր բոյնը շինել իմ մէջս եւ նաեւ գործընկերներուս մէջ։
Կեանքի փորձը ցոյց տուած է, թէ Հայաստանը լաւ ճանչնալու եւ ըմբոշխնելու համար պէտք է որ հանրային ինքնաշարժներու եւ անոնց վարիչներուն հետ զրուցես։
Արմէնը միջին տարիքի վարորդ մըն է, որ զիս պիտի տանէր Արշակունեայց փողոցէն մինչեւ Բաղրամեան։ Նշմարեցի, թէ անոր ատամները փշրուած էին։ Չեմ գիտեր ինչպէս եւ արանց ամչնալու իրեն հարց տուի, թէ ինչ պատահած է իր ատամներուն։ Արմէնին պատմութի՞ւնը։
«Սովետական բանակին հետ կռուած եմ Աֆղանիստանի մէջ», -ըսաւ Արմէն։ «Ատկէ ետք արցախեան պատերազմներուն մասնակցած եմ 90-ական տարիներուն»։
Հոս սկսայ նշմարել Արմէնին դէմքին վրայ գծուած հպարտութիւնը։ «Արցախի պատերազմին հարուած ստացայ եւ ակրաներս փշրուեցան», -ըսաւ Արմէն։
«Դուն ալ իրենց հատ մը չի խփեցի՞ր», -հարցուցի Արմէնին, քիչ մը ծիծաղով եւ կատակի մթնոլորտի մէջ։ «Պա ոնց», -եղաւ Արմէնին կտրուկ եւ վստահ պատասխանը։
Արմէնը ունի թիկնեղ եւ ամուր մարմին։ Յայտնի էր, թէ զինուորական եղած էր եւ ունէր տոկուն կազմուածք։ «Ամուսնացա՞ծ ես», -հարցուցի Արմէնին։ «Վեց զաւակ ունիմ եւ երեք թոռնիկ», եղաւ Արմէնին ուրախ պատասխանը։ Բայց ուրախութիւնը միայն դէմքին վրայ չէր։ Կը զգայի այդ ուրախութիւնը, որ կուգար իր ներսէն՝ սրտէն եւ հոգիէն։ «Աշխատասէր մարդ ես եղեր, Արմէն», -ըսի իրեն դարձեալ կատակով։
«Չորս մանչ զաւակ ունիմ եւ երկու աղջիկ», -ըսաւ Արմէն։ «Չորս տղաքս ալ մարմնակրթանքի կը հետեւին եւ տարբեր մարզաձեւերու մէջ են։ Իսկ աղջիկներս ամուսնացած են եւ ունին երեք զաւակներ»։
Արմէն մէկ կողմէ ինքնաշարժը կը վարէր, բայց իր բջիջային հեռախօսին մէջէն դուրս բերաւ իր զաւակներուն, թոռներուն եւ տիկնոջը նկարները։ Ուրախ է Արմէն, հպարտ եւ գոհունակ իր ընտանիքով եւ կեանքով, եւ այդ բոլորը շատ ակներեւ էր երբ ցոյց կուտար նկարները։ «Ես իմ գործս որ կþընեմ, շատ կը սիրեմ։ Իմ օրապահիկը կը վաստկիմ եւ ընտանիքիս հետ կþուրախանամ», -գոհունակութեամբ եւ հոգեկան հանգստութեամբ ըսաւ Արմէն։
Հասայ Բաղրամեան։ Արմէն գիտէր, թէ ես սփիւռքահայ եմ։ «Ես իմ հայրենիքը շատ կը սիրեմ», -ըսաւ Արմէն։ Կարծես ան ըսաւ այս խօսքը որպէս մնաք բարով։ «Ուրախ եմ, որ դուն հայրենիք եկած ես»։ «Ես ալ կը սիրեմ», -ըսի Արմէնին։ Այս սիրոյ արտայայտութիւնը հայրենիքի նկատմամբ, մեր այդ օրուայ հաղորդակցութեան եւ խօսակցութեան միացնող օղակը եղաւ՝ սէրը հայրենիքին, որ Արմէն եւ ես փոխանակեցինք։
Դարձեալ Վարդանը։ «Սփիւռքը Հայաստանի դաշնակիցն է»։ Դաշնակիցը եւ դաշնակցութիւնը կþենթադրէ կապուածութիւն, համախոհութիւն, եւ համերաշխութիւն, եւ միացնող օղակը սէրն է։ Այս այն սէրն է, որ երկայնամիտ է։ Աստուածաշունչին մէջ «երկայնամիտ սէր»-ը կþընդգրկէ լման կեանք։ Կեանքը, որ կþապրիս, ոչ թէ միայն առանձին այլ հաւաքական իմաստով։ Կ’ապրիս կեանքը միասին, զիրար հասկնալով, համբերելով եւ զիրար քաջալերելով։ Երկայնամիտի բացատրութիւնը խորունկ է եւ խորքային։
Եթէ Հայաստան-Սփիւռք դաշնակից են, այս պիտի նշանակէ, թէ այս դաշնակցութեան համար անհրաժեշտ է համախոհութիւն եւ համերաշխութիւն՝ երկու կողմանէ։ Այս բոլորին միացնող օղակը երկայնամիտ սէրն է։ Այս սէրը կը շինէ։ Երկայնամիտ սէրը կեանք կը կերտէ, եւ ուր հայը կþապրի հայուն հետ՝ հաւատքով։ Հաւատք մը, ուր մեր անձերը կը շինուին, եւ նաեւ կը շինուի հողը, տունը, հաւաքականութիւնը եւ հայրենիքը՝ հայուն ամբողջական կեանքը եւ անոր պատմութիւնը։
Այս սէրն է, որ տեսայ Արմէնին մէջ եւ այս սէրն է որ մենք բաժնեկցեցանք միասին։ Այս սէրն է, որ կը շինէ մեր դաշինքը, դաշնակցութիւնը բայց անպայմանօրէն՝ հայրենիքը։
«Երկայնամիտ սէրը»։
«Սփիւռքը Հայաստանի դաշնակիցն է»։
Դաշինք մը, որ կը շինէ։ Մեզ իւրաքանչիւրս։ Բայց անպայմանօրէն՝ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը։
Դոկտ. Հրայր ՃԵՊԵՃԵԱՆ
Քուէյթ, դեկտեմբեր, 2022