Ազրպէյճանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու եւ միջխորհրդարանական կապերու յանձնախումբի նախագահ Սամետ Սէյիտովի գլխաւորութեամբ, պատուիրակութիւն մը` թրքական բանակի Կիպրոս ներխուժման 47-ամեակի ոգեկոչման մասնակցելու համար, 16 յուլիսին առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոս:
Այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթար պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք մէկ ազգ ենք, 3 պետութիւն»` աւելցնելով, որ ասիկա «պատմական այցելութիւն» է: Ան իր խոր համոզումը յայտնեց, որ Ազրպէյճան մօտիկ ապագային պիտի ճանչնայ Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ հանրապետութիւնը:
Սէյիտով իր կարգին յայտարարեց. «Կիպրոսը եւս մեր հողն է: Թրքական աշխարհին մէջ կայ Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ Հիւսիսային Կիպրոս: Թրքական աշխարհը ոտքի պիտի կանգնի: Ատոր համար պէտք է, որ Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու Հիւսիսային Կիպրոսը միասին ըլլան»:
Թուրք կիպրական «Հապեր Քըպրըս» օրաթերթի տուեալներով` Էրտողան հիւսիսային Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ 19 յուլիսին իր արտասանած խօսքին մէջ մտադրութիւն յայտնած է անդրադառնալ Ազրպէյճանի կողմէ «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան» սպասուող ճանաչման, սակայն չէ կատարած: Անոր մտափոխութեան պատճառը հաւանաբար անդրադառնալն է, որ ատիկա անպատշաճ պիտի ըլլայ, որովհետեւ այդ մասին յայտարարելու իրաւասութիւնը կը պատկանի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն, եւ, ինչ որ աւելի լուրջ է, կրնայ հակառակ արդիւնքը տալ, ուստի «սուլթան»-ը «վեհանձնօրէն» այդ պատիւը կը շնորհէ Ալիեւին: Էրտողան աւելի ուշ, սակայն, լրագրողներու այդ մասին հարցումին պատասխանելով` ըսաւ. «Որեւէ կասկած չկայ, որ ատիկա շուտով տեղի պիտի ունենայ: Մենք այդ թեման մնայուն կերպով կը քննարկենք իմ եղբօրս Իլհամ Ալիեւի հետ»: Ան այդպիսով իրողապէս «իր եղբօր»` հիւսիսային Կիպրոսը ճանչնալու պայմանաժամ մը ճշդեց:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ իր նպատակն ու վճռականութիւն յստակ դարձուց, երբ 21 յուլիսին յայտարարեց. «Մեր առաւելագոյնը պիտի կատարենք, որպէսզի Կիպրոսի թրքական պետութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ մեծաթիւ երկիրներու կողմէ ճանաչում ստանայ»: Էրտողանի համար Ազրպէյճանի կողմէ հիւսիսային Կիպրոսի ճանաչումը այդ նպատակի իրագործման առաջին քայլը պիտի ըլլայ, ուստի պէտք է հեզասահօրէն եւ առանց խնդիրներու կատարուի:
Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, որ թուրք-ազրպէյճանական «մէկ ազգ, 2 պետութիւն» կարգախօսը բարեփոխուած է եւ առայժմ դարձած «մէկ ազգ, 2 պետութիւն+1», ինչ որ միջանկեալ կարգավիճակ մըն է` սպասելով Թաթարի յայտարարած եւ փանթուրանականութեան աւելի համահունչ եղող «մէկ ազգ, 3 պետութիւն» կաղապարին: Այդ կարգախօսը հիմնուած է Թուրքիոյ նախագահին` Կիպրոսի հարցը երկու պետութիւններու հիմամբ լուծելու առաջարկին վրայ, որ Կիպրոսի եւ Յունաստանի համար բնականաբար մերժելի ըլլալուն կողքին շուտով նաեւ մերժուեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:
Էրտողանի «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան» (ՀԿԹՀ) միջազգային ճանաչում ապահովելու վճռակամութիւնը, Կիպրոսի հարցը «երկու պետութիւններ» ձեւաչափով լուծելու անոր առաջարկին միջազգային մերժումը, ինչպէս նաեւ կղզիի Վարոշա փակ շրջանի վերաբացման վերաբերեալ յայտարարութիւններուն ստեղծած լարուածութիւնն ու այդ քայլին նկատմամբ միջազգային հակազդեցութիւնը չեն կրնար չմտահոգել Ալիեւը, որ սակայն չի կրնար Արցախի Հանրապետութեան լայն տարածքներու բռնագրաւման յաջողութեան մեծապէս նպաստած Թուրքիոյ եւ անոր նախագահին նկատմամբ ապերախտութիւն ցուցաբերել: Այդպիսի քայլ մը յղի է Ազրպէյճանի մէջ խլրտումներու, անկայունութեան եւ մինչեւ յեղաշրջման հասնող վտանգներով, մանաւանդ Արցախեան Բ. պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի մէջ թրքական ազդեցութեան նկատառելի աճին լոյսին տակ: Կացութիւն մը, որ աւելի լուրջ ու վտանգաւոր է, քան Կիպրոսի բռնագրաւեալ տարածքը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալու Ալիեւի հաւանական քայլին նկատմամբ միջազգային դժգոհութիւնն ու քննադատութիւնը:
Ազրպէյճանն ու բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսը արդէն 1997-ին որոշած էին մնայուն ներկայացուցչութիւններ բանալ իրարու մօտ: Ազրպէյճանի նախագահը 2012-ին արտօնեց Պաքուի եւ հիւսիսային Կիպրոսի «մայրաքաղաք» Լեֆքոշայի միջեւ ուղիղ թռիչքներու հաստատումը: Աւելի՛ն. Ազրպէյճան նոյն տարին ճանչցաւ Հիւսիսային Կիպրոսի անձնագիրը: Այլ խօսքով, Ազրպէյճանի կողմէ այդ տարածքի պաշտօնական ճանաչման ենթահողը պատրաստ է եւ գործնական գետնի վրայ` ապահովուած:
Ապրիլ 2012-ին Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Հասանով թրքական «Ճումհուրիէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր. «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան ճանաչումը կախում ունի ղարաբաղեան խնդիրէն: Եթէ Պաքուն ճանչնայ ՀԿԹՀ-ն, Հայաստանի դաշնակիցները յաջորդ օրն իսկ պիտի յայտարարեն Ղարաբաղի ճանաչման մասին»: 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Ալիեւ յայտարարեց. «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը վերջնականապէս լուծուած է»: Այլ խօսքով, ըստ Ալիեւի պնդումին, այդ արգելքը վերցուած է: Ուստի Ազրպէյճանի բռնապետին համար դժուար պիտի ըլլայ Էրտողանի կամքը չկատարել` նկատի ունենալով ատոր հետեւանքները:
Կը մնայ տեսնել, եթէ Հասանովի կանխատեսումը պիտի իրականանայ եւ Կիպրոսն ու Յունաստանը Պաքուի քայլէն անմիջապէս ետք պիտի ճանչնան Արցախի Հանրապետութիւնը: Յստակ է, որ այդ քայլը անոնց առաջին ընտրանքը պիտի չըլլայ: Բայց եւ այնպէս, այդպիսի զարգացում մը, պատմական ըլլալու կողքին, նաեւ նշանակալից պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ նշեալ երկու երկիրներն ալ Եւրոպական Միութեան անդամ են, իսկ Յունաստանը նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ է: Այդպիսի զարգացում մը ողջունելի պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին համար, սակայն ամօթալի` Հայաստանի պետութեան համար, որ մինչեւ օրս եւ, հակառակ 44-օրեայ պատերազմի շղթայազերծման, չէ ճանչցած Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: