Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց քոնկրեսական Փալոնի կողմէ ներկայացուած փոփոխութիւնը, որ կը դադրեցնէ Միացեալ Նահանգներու ռազմական ֆինանսական օգնութիւնը Ազրպէյճանին:
Փալոնի ներկայացուցած փոփոխութեան մէջ նշուած է. «Միջազգային ռազմական կրթութիւն եւ ուսուցում», ինչպէս նաեւ «Արտաքին ռազմական ֆինանսաւորման ծրագիրի» միջոցով յատկացուող որեւէ ֆինանսաւորում պիտի չտրամադրուի Ազրպէյճանին»:
Դրոյթը չ՛արգելափակեր հայեցողական ռազմական արհեստագիտութեան տրամադրումը, որ կրնայ փոխանցուիլ Պաշտպանութեան բաժանմունքին կողմէ Միացեալ Նահանգներու օրէնքներու 333-րդ յօդուածին համաձայն:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն կը տեղեկացնեն, որ այժմ աշխատանքներ կը տարուին նաեւ այդ ուղղութեամբ:
Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն ողջունած է Փոփոխութիւններու մասին 28 յուլիսին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ տրուած որոշումը:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Ազրպէյճանին Տրամադրուող Զինուորական Աջակցութիւնը
ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը երէկ առաւօտեան Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ծաւալած մարտական գործողութիւններու լոյսին տակ դարձեալ դիմած է Քոնկրեսին` կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին տրամադրուող զինուորական աջակցութիւնը:
«Հաշուի առնելով այս առաւօտեան Ազրպէյճանի` Հայաստանի վրայ վերսկսած յարձակումները, առաւել քան երբեւէ անհրաժեշտ է, որ Քոնկրեսը անյապաղ դադրեցնէ Միացեալ Նահանգներու Ազրպէյճանի սրիկայ, ցեղապաշտ, քարիւղով հարուստ Ալիեւի բռնապետութեան տրամադրած զինուորական օգնութիւնը», նշուած է ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ: