Պահրէյնի Թագաւորութիւնը կը գտնուի Արաբական-Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ։ Անոր տարածութիւնը 760 քառակուսի քիլոմեթր է։ Պահրէյն կազմուած է 50 բնական եւ 33 արհեստական կղզիներէ։ Ունի գեղեցիկ ծովեզերք, բարձր որակի շինարարական կառոյցեր ու տակաւին ամբողջ կղզիի տարածքին կան արմաւենիի ծառեր՝ ներառեալ ձիթապտուղի։ Այս աշխարհագրական տարածությամբ փոքր կղզին այսօր դարձած է տնտեսական-ֆինանսական կեդրոն եւ նոյնքան նաեւ մշակութային եւ զբօսաշրջիկներ հմայող երկիր։ Այս փոքր կղզին այսօր դարձած է գեղեցիկ եւ կը հմայէ այցելուները։
Պահրէյնի Թագաւորութիւնը այն եօթը երկիրներէն մին է, որ իմ աշխատանքային պատասխանատուութեան մէջ է։ Անցնող մէկ շաբաթը աշխատանքային պարտականութեամբ կը գտնուէի Պահրէյն։ Վերջին օրը ուզեցի հանգստանալ եւ վայելել երկիրը, որ քանիցս այցելած եմ։ Եթէ կղզիին գեղեցկութիւնը վայելեցի՝ նոյնքան նաեւ մտածեցի…։
Երկիր շինելու համար ի՞նչ են չափանիշները։ Աշխարհագրական տարածութի՞ւն։ Տնտեսական եւ մարդուժի կարողականութի՞ւն։ Աշխարհաքաղաքական տուեալնե՞ր եւ իրենց արտաքին օրակարգե՞րը: Ներքին թէ արտաքին ապահովական վտանգներ եւ կամ կայունութի՞ւն։ Ու տակաւի՞ն…։
Այս բոլորվերեւ յիշուած տուեալները երեւի, այո…։ Այս ըսելով՝Պահրէյն իր շատ փոքր տարածութեան մէջէն շինած է շատ գեղեցիկ երկիր մը։ Այսօր աւելի քան մէկ ուկէսմիլիոն բնակչութիւն ունի այս փոքր կղզին։ Եւ Պահրէյն նոյնքան ունի մարտահրաւէրներ՝ ներքին եւ արտաքին իմաստով։
Բայց ես տեսայ նաեւ երկու այլ իրականութիւններ։
Սէր եւ Կամք…։
Տեսայ, թէ պահրէյնցին ինչքան կը սիրէ իր երկիրը եւ տարիներու վրայ երկարած մէջտեղ բերած է Կամք՝ եւ ՇԻՆԱԾ երկիր՝ իր այս շատ փոքր աշխարհագրական տարածութեան մէջէն։
Եւ մենք հայերս։ Բոլորս միասին։ Կրնա՞նք սորվիլ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ փորձառութենէն եւ փորձէն։ Գիտակցելով հանդերձ մեր տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական վիճակները ու տնտեսական եւ ընկերային բոլոր պայմանները ու տուեալները։ Պարտադրուած թէ այլ…։
Արցախը իր ներկայ «վիրաւոր» վիճակին մէջ տակաւին երեւիչորս անգամ մեծ է Պահրէյնէն…։ Իսկ մեր գեղեցիկ Հայաստանը..։ Եւ մեր երկու ՀԱՐՈՒՍՏ մշակոյթներով գեղեցիկ հայրենիքները:
Պահել եւ շինել պէտք է։
Եւ պահելու եւ շինելու համար ես տեսայ երկու կարեւոր գրաւական։
ՍԷՐ եւ ԿԱՄՔ։ Եւ այս երկուքին համադրումն է, որկը՜ստեղծէ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։
Եւ միասնականութիւնը՝ հայրենիք (ներ) կը պահէ եւ կը շինէ։
Գեղեցիկ Պահրէյնէն նոյնքան գեղեցիկ Արցախ եւ Հայաստան։
Պահել եւ շինել։
Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ