Չորեքշաբթի, 15 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին՝ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրման արարողութիւնը՝ որ պատրիարքական բարձրագոյն պարգևն է:
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի սրբատառ Կոնդակի ընթերցումէն յետոյ՝ առ ի գնահատանք հրապարակագիր ու Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի մտաւորական ու ծառայական աշխատանքին, շքանշանը պարգեւատրեալին անձամբ յանձնեց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ յատուկ այս առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ժամանակ, որուն ներկայ գտնուեցան Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ երկու վերապատուելի, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնուհի Անի Սարաֆեան Եփրեմեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան, պարգեւատրեալին կողակիցը՝ Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներ։
Իր սրտի խօսքին մէջ, պարգեւատրեալը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ եւ բոլոր ներկաներուն՝ այս պատիւին համար, ապա մատնանշեց որ այս աշխատանքը ինք այս աշխատանքը կը կատարէ Քրիստոսի եւ հայ ժողովուրդին համար։ Նշելով որ մենք որպէս առաջին քրիստոնեայ պետութիւն, եւ քրիստոնէական մեր հաւատքը, անկախ թէ ի՛նչ դաւանանքի կը պատկանիս, ատիկա մեզի համար սրբութիւն է։ Անշուշտ ընդունելով որ մեր հաւատքի հիմքը Աստուածաշունչն է, առ այդ կը փորձենք Աստուծոյ խօսքը հասցնել մեր ժողովուրդի բոլոր տարիքի ներկայացուցիչներուն. Այստեղ յատկապէս կարեւոր է որ այս խօսքը հասնի մանուկներուն եւ պատանիներուն, որովհետեւ անոնք են մեր ապագան։
Աւելի եւս հիմնաւորելու համար իր սկսած աշխատանքի դրդապատճառը, յետադարձ ակնարկ մը կատարելով, Ճէպէճեան պատմեց իր հին ծանօթութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ հետ, երբ տակաւին Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ էր, իսկ ինք՝ Լիբանանի Աստուածաշունչի ընկերութեան մէջ կ’աշխատէր։ Այս հանդիպումին ան նկատած էր Հոգեւոր Տիրոջ տագնապը՝ հոգեւոր գրականութիւն հասցնելու համար ժողովուրդին, հետեւաբար, միասնաբար լծուած են մանուկներու յատուկ նկարազարդ հոգեւոր գիրքերու պատրաստութեան աշխատանքին, որ հասած է մինչեւ 17 գրքոյկի։ 1981-ին սկսած այս գործակցութիւնը շարունակուած է, նոյնիսկ Հոգեւոր Տիրոջ մեկնումէն ետք ԱՄՆ՝ Պըրպէնք, Լոս Անճելըս, ապա Յորդանան։ Այս առթիւ Ճէպէճեան իր սրտագին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Աստուծոյ՝ Կաթողիկոս Պատրիարքի հոգեւոր, եկեղեցական եւ ազգային առաջնորդութեան համար։
Ձեռնարկի աւարտին ներկաներ իրենց շնորհաւորանքները յայտնեցին պարգեւատրեալին։