Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Քեթրին Քլարք Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կոչ կ՛ուղղէ` անմիջապէս ետ քաշուելու Հայաստանի տարածքէն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին գրառում կատարած է իր թուիթըրեան էջին վրայ:
«Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է անմիջապէս ետ քաշուին Հայաստանի տարածքէն եւ դադրեցնեն բռնութիւնը, որ արդէն բազմաթիւ մարդկային կեանքեր խլած է», նշած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականը:
Ան հպարտութեամբ յայտնած է, որ թեր քուէարկած է քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի առաջարկած օրէնսդրական փոփոխութեան, որ կը սահմանափակէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին զինուորական օգնութեան տրամադրումը:
Փաստաթուղթը, որուն միացած էին թէ՛ դեմոկրատական, թէ՛ հանրապետական օրէնսդիրներ, կ՛արձանագրէ, որ Ազրպէյճանին յաջորդ տարի չի կրնար գումար յատկացուիլ Միջազգային զինուորական կրթութեան ու վերապատրաստման, Արտաքին զինուորական ֆինանսաւորման ծրագիրներով: Այս երկու յօդուածներով նախորդ տարի Ազրպէյճան Միացեալ Նահանգներէն 1 միլիոն 600 հազար տոլար ստացած էր: