Վերջին տարիներուն գլխաւորութեամբ Գերմանիոյ Եւրոպայի զանազան երկիրներ լուրջ հետապնդումներ կը կատարեն Թուրքիայէն զանազան պաշտօններով Եւորպական երկիրներ ուղարկուած անձերու գործունէութեան մասին։ Լրաքաղութեան ծառայութիւնները ստուգած են թէ այդ տեսակի պաշտօնեաներէ շատերը Թուրքիոյ ազգային լրաքաղութեան ծառայութեան գործիչներ են եւ միջամուխ կ՚ըլլան զանազան բնոյթի յանցագործութիւններու։ Վերջերս գերմանական ոստիկանութիւնը հրապարակած էր մահափորձի վտանգի մատնուած 55 թուրքիացիներու անունները։ Անոնք ընդհանրապէս այլախոհ լրագրողներ, ակադէմականներ կամ քաղաքական գործիչներ են, որոնք Թուրքիոյ մէջ հետապնդումներէ խուսափելով ապաստանած են Գերմանիա։
Երկու շաբաթ առաջ իր բնակարանին մէջ յարձակումի ենթարկուած էր «Արդը» հեռուստակայանի աշխատակից Էրք Աճարէր։ Զինք խոշտանգողները պահանջած էին, որ այլեւս լռէ։ Նոյնը կատարուեցաւ Կալերու մէջ, այս անգամ վիպագիր Կէօքհան Եաւուզէլի։ Ան եւս ծեծի ենթարկուեցաւ թրքախօս չորս անձերու կողմէ։